«Մենք, ի հարկէ, ամէն ինչ որ կրնանք կ՛ընենք, որպէսզի երկու կողմերը դարձեալ վերադարձնենք Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակ-ցութիւններու սեղան, որովհետեւ կը կարծենք, որ հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով», այս մասին շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիպատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով
Երեւանն ու Պաքուն երբեւէ պիտի վերադառնա՞ն ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի բանակցութիւններու ձեւաչափ, երբ Պաքուն պարբերաբար կը յայտարարէ, որ Արցախի կարգավիճակի հարց չի քննարկուիր:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն տարբեր առիթներով շատ յստակ շարադրած է մեր այս յանձնառութիւնը: Եւ, ի հարկէ, երեսուն տարուան պատերազմի եւ լարուածութեան կացութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին չի կրնար լուծուիլ, սակայն կան հիմնաւոր բաներ, որոնք մենք կարեւոր կը նկատենք: Ինչպէս նշեցիմենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը լուծուած չենք նկատեր, եւ ատիկա պիտի մնայ Մինսքի խմբակի օրակարգին վրայ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ երկխօսութեան նախադրեալներ կը տեսնե՞ն, Թրէյսի ըսաւ. «Ես չեմ ուզեր կողմերուն անունով խօսիլ, նախադրեալներու մասին խօսիլ, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը յստակ նշած է, որ աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու, քննարկումներու պիտի չանցնի, որովհետեւ գերիներու հարցը չէ լուծուած: Ինչպէս գիտէք
Միացեալ Նահանգներ որոշակի քայլեր գործադրած են, մեր ռուս գործընկերները եւս ջանքեր կը գործադրեն, եւ որոշակի յաջողութիւն ունեցած ենք: Մենք յոյս ունինք, որ պիտի գանք կէտի մը, երբ բոլոր գերիները պիտի վերադառնան»:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետու-թեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դես-պանին, չկայ կատարեալ հարթակ, սա-կայն Մինսքի խմբակը ունի լիազօրու-թիւն, օրինականութիւն: «Մենք զայն տակաւին կը նկատենք բանակցութիւն-ներու համար համապատասխան հար-թակ», նշեց Թրէյսի:
Այն նշումին, թէ Հայաստանի Հանրա-պետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպանը Ազրպէյճանի մէջ հայ գերի-ներու սպանութիւններու, խոշտան-գումներու վերաբերեալ զեկուցումը ներկայացուցած է, եւ այս առումով ի՞նչ է Թրէյսիի դիրքորոշումը, վերջինս պատասխանեց. «Մենք բոլոր երկիր-ներուն եւ բոլոր անհատներուն կոչ կ՛ուղ-ղենք յարգելու մարդու հիմնարար իրա-ւունքները: Ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց պաշտպանի ու այլ աղբիւրներէ ստացուած զեկուցումներուն, մենք ուշադիր կը հետեւինք բոլոր նմանատիպ դրսեւորումներուն, պիտի շարունակենք հետեւիլ եւ համագործակցիլ բոլոր կող-մերուն հետ` անոնց կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապա-հովելու համար», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նա-հանգներու դեսպանը:
