ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

24 Սեպտեմբեր, 2021
Ճիշտ տաս տարի առաջ այս օրը(2011-ի Սեպտեմբերի 24-ին) այս յօդուածագիրը ներկայացրուց յօդուած մը, որ վերնագրուած էր «Անկախութեան 20 տարուայ ընթացքին, Հայաստանի 10 ամենամեծ յաջողութիւններու եւ տասը ամենավատ ձախողութիւններու» վերնագրով: Այս շաբաթ աշխար-հասփիւռ հայութիւնը կը նշէ հայկական պետականութեան անկախութեան երեսնամեակը: 30-րդ անկախութիւնը կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան մէջ 44-օրեայ աղիտալի հակահայկական յարձակումի ստուերի ներքոյ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Սուրիոյ եւ Փաքիստանի ԴԱԻՇ ահաբեկիչներու կողմէ՝ 2020ի աշնան: Թէեւ 44-օրեայ հակահայկական յարձակումի արդիւնքը կրնար շատ աւելի վատ ըլլալ, ողբերգական մարդկային եւ տարածքային կորուստներուն զուգահեռ, կրնար շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ մնալ, եթէ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հայերը դիմէին անհրաժեշտ՝ մարտավարական քայլերու: Կան շատ աւելի դիտարկումներ, որոնք կրնան կատարուիլ, բայց արժանի գաղափար կþըլլար՝ խրախուսել ընթերցողներուն հասնիլ սեփական եզրակացութեան եւ հասնիլ իրենց դիտարկումներուն: Եւ կը խնդրենք ազատ զգալ զանոնք կիսելու ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի ընթերցողներու շրջանակին հետ: Անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած յօդուածը գրուած է 2018 Թաւշեայ Յեղափոխութենէն ճիշտ եօթ տարի առաջ եւ 2020ի հակահայկական յարձակումէ՝ 9 տարի առաջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք 2011ի Սեպտեմբերի 24-ի յօդուածը: Այս տարի աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի քսանամեակը
որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:
Կասկած չի կայ, որ Հայաստանն ու հայերը ունեցած եւ կը շարունակեն ունենալ արտակարգ ժամանակներ` հայկական ինքնիշխան պետութեան վերակառուցման գործին մէջ:
Արձանագրուած են բազմաթիւ յաջողութիւններ: Բայց նաեւ բազմաթիւ ձախողութիւններ թոյլատրուած են:
Ես մինի հարցախոյզ մը իրականացուցած եմ՝ կապուելով մի քանի անհատերու հետ, խնդրելով իրենցմէ նշել եւ՛ հիմնական յաջողութիւնները եւ՛ ձախող-ութիւնները, որպէսզի մեր ժողովուրդին հնարաւորութիւն տրուի նշելու նորածին հանրապետութեան յաջողութիւնները եւ լուծէ յաջորդող առաջնորդներու սխալներէն բղխող խնդիրները: Ստորեւ կը ներկայացնենք արդիւնքներու հաւաքածոն:
10 ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
- Անկախութիւն Խորհրդային կարգերէ. Հայաստան կրցաւ Ա) պահպանել իր ռազմավարական դաշինքը Ռուսաստանի հետ. Բ) նուաճել եւ պահպանել ազգային անկախութիւնը երկար դարերէ ի վեր ամենաերկար ժամանա-կահատուածի համար. Գ) Ինչ-որ կերպ վերականգնել եւ վերագտնել 1987ի աւերիչ երկրաշարժէ յետոյ. Դ) Իրանի հետ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատում. բարեկամական յարաբերութիւններ Վրաստանի հետ:
- Աւելի ուժեղ ռազմական պաշտպանութիւն եւ՛ Հայաստանի եւ՛ Արցախի մէջ: Հայաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ունի ամենաարդիւնաւետ եւ մարտունակ բանակը.
- Յաղթանակ Արցախեան պատերազմի մէջ եւ թրքական ու Ատրպէյճանական երկակի շրջափակումներու դէմ՝ գոյատեւում. Հայաստան կրցաւ Ա) ազատագրել Արցախը Ատրպէյճանական լուծէ. Բ) Յաջող կերպով նաւարկել վտանգաւոր քաղաքական ջուրերու մէջ, իր անմիջական հարեւաններու հետ յարաբերութիւն-ներու վերաբերեալ. Գ) Գոյատեւել եւ յաղթահարել երկակի թրքական եւ ատրպէյճանական շրջափակումները: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի շրջափակումները չի կրցան մահացու վնաս հասցնել Հայաստանին: Հայաստան չէ ընկրկած թրքական սպառնալիքներուն առջեւ, եւ շրջափակումները քողարկուած օրհնութիւն եղան. Անոնք կանխեցին թուրքերու ներթափանցումը եւ թրքական ազդեցութիւնն ու վերահսկողութիւնը:
- Տնտեսական, սոցիալական եւ քաղաքական զարգացում. Թէկուզ հայերու ունեցած ներուժին համեմատ համեստ արդիւնք է, բայց եւ այնպէս մեր ժողովուրդը կրցաւ Ա) վերագործարկել Մեծամորի միջուկային կայանը. Բ) պահպանել դրական եւ ընկերական մթնոլորտ այցելուներու նկատմամբ. Գ) խրախուսել համեստ հայրենադարձութիւնը. Դ) բարելաւել խորհրդային ժամանակաշրջանի բիզնես ծառայութիւնները. Ե) համեստ ներդրում կատարեց տարածաշրջանային եւ գլոբալ խաղաղութեան, կայունութեան եւ մարդասիրական օգնութեան մեջ (օրինակ՝ Հաիթի եւ Ճափոնիա). Զ) ցուցաբերել կարգապահութիւն եւ գերազանցութիւն արուեստի եւ գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, ՏՏ եւ զբօսաշրջիկութեան որոշ ոլորտներու մէջ:
- Բնապահպանման վերածնունդը Հայաստանի մէջ. Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, տեղի ունեցած է բնակչութեան զանգուածային մասնակցութիւն շրջակայ միջավայրի բարեկարգման ծրագիրերուն, որոնք օգուտ կը բերեն Հայաստանի բոլոր շրջաններուն:
- Հայ տաղանդներու ցուցադրութիւն համաշխարհային բեմի վրայ. Հայաստան կրցաւ յաջողութիւններու հասնիլ Ա) շախմատի միջազգային մրցաշարերքու մէջ. Բ) գեղարուեստական մրցոյթներ. Գ) Մարզական մրցաշարեր եւ մրցումներ, ինչպիսիք են բռնցքամարտը, ֆուտպօլը եւ ըմբշամարտը:
- Ներդաշնակում Արցախի եւ հայկական սփիւռքի հետ: Հայաստան կրցաւ շարունակել ներդաշնակումը Արցախի Հանրապետութեան հետ եւ պահպանել համեստ շփում հայկական սփիւռքի հետ.
- Կեանքի որակի բարելաւում. 20 տարի առաջուայ համեմատ հասարակական ծառայութիւնները բարելաւուած են: Փողոցներու մէջ մուրացկաններու թիւը կրճատեած է: Կրթութեան որակը բարձրացած է:
- Մշակութային վերածնունդ. Վերջին տասնամեակի ընթացքին, կառավարութիւնը սկսած է բազմաթիւ մշակութային նախագիծեր, որոնց շարքին
հայ գիրքերու եւ հնագոյն ձեռագիրներու աշխարհահռչակ շտեմարանի
Մատենադարանի վերանորոգումն ու վերաբացումը: Արտագաղթող բազմաթիւ մշակութային աշխատողներ սկսած են վերադառնալ Հայրենիք: - Ժողովրդավարութիւն. Հայաստան երեւութականօրէն ստեղծեց ժողովրդավար համկարգ պետական պաշտօնատարներու ընտրութիւններու գծով:
ՏԱՍԸ ԱՄԵՆԱՎԱՏ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. - Կոռուպցիա/նեխուածութիւնը եւ Դրամատիրութիւնը. Հայաստան կը շարունակէ ետ մնալ եւ՛ քաղաքական եւ՛ սոցիալապէս այն պատճառով, որ շատ մը ղեկավարներ, խոշոր կուսակցութիւններ եւ ընդդիմադիր շրջանակներ աւելի քիչ կը մտածեն ժողովուրդի մասին եւ աւելի շատ զբաղուած են իրենց դիրքերու պաշտպանությամբ. Օլիգարխներու կողմէ տնտեսութեան վերահսկողութիւնը եւս մէկ պատճառ է: Առաջին նախագահի օրոք 1991-1998 չարաբաստիկ եւ կոպիտ սխալ կերպով կառավարուող սեփականաշնորհման ծրագիրը: Տէր-Պետրոսեան օլիգարխներուն հնարաւորութիւն տուաւ «օրինականօրէն» իւրացնելու նշանակալից արդիւնաբերութեան կալուածներ եւ աշխատող գործարաններ տոլարի դիմաց՝ կոպեկներու արժեքով: Այդ ընթացքի մէջ, արդիւնաբերական հատուածը կրեց անուղղելի վնաս, եւ շատ քաղաքացիներ «ստացան» հողի սեփա-կանութիւն, բայց մնացին առանց պետութեան կողմէ հովանաւորուող աջակ-ցութեան: Անոնք, ի վերջոյ, կորսնցուցին ամբողջ ունեցուածքը եւ զանգուածաբար հեռացան երկիրէն: Աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի լքեց Հայաստանը:
- Արդիւնաւետ արտաքին քաղաքականութեան բացակայութիւն. Հայաստան Ա) կողմնորոշման եւ վարդապետութեան բացակայութիւնը յանգեցուց Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուած աղիտալի Արձանագրութիւններու. Բ) Բանակցած է տխրահռչակ եւ, ի վերջոյ, վնասող Թրքական Արձանագրութիւններու շուրջ, որոնք նոյնպէս մեր ժողովրդին բաժան-բաժան ըրին. Գ) չի կրցաւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել Արցախի անկախութիւնը հիմնաւորող հանրային գործունէութիւն. Դ) Իրագործած է հիմնականի մէջ տկար արտաքին քաղա-քականութիւն` նշանակելով շարք մը ձանձրալի արտգործ նախարարներ եւ դիւնա-գէտներ որոնք հիմնականի մէջ չունէին «խարիզմա» եւ հաղոր-դագրութեան յստակութիւն.
- Չզարգացած ժողովրդավարութիւն. Ոչ լիովին ազատ եւ արդար ընտրութիւններ.
- Հայրենադարձութեան ապարդիւն ջանքեր: Հայաստան չի կրցաւ. Ա) պաշտպանել հայրենիքի եւ սփիւռքի ներդրողներուն տեղական կոռումպացուած պաշտօնեաներէ եւ օլիգարխներէ.
- Մշակութային անկում. 1990-ականներու սկզբին, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրոք, Հայաստանի մէջ մշակութային կեանքին մեծ հարուած հասաւ հարուցելով մշակութային դէմքերու արտահոսք: Հայաստան նոյնպէս չի կրցաւ վերականգնել մինչեւ կոմունիստական դարաշրջանի «Մաշտոցեան» իսկական՝ դասական ուղղագրութիւնը եւ շարունակեց ուժի մեջ պահել 1930-ականներու խորհրդային բոլշեւիկներու կողմէ պարտադրուած ուղղագրութիւնը:
- Բարոյական անկում. Անկախ-ութեան առաջին տասնամեակի մեծ մասի ընթացքին, հայ մարդը կորսնցուց իր արժեքը եւ, հետեւաբար, սկսեցաւ հեռանալ երկիրէն զգալի թիւով` ողբալով խորհրդային անազնիւ մտածելակերպի հավերժացման համար: 1918-20-ի Առա-ջին Հանրապետութեան մէջ հայերը անձնուրացօրէն ստեղծեցին անկախ պետութիւն՝ պայքարելով անոր համար, բայց այսօրուայ եսասէր օլիգարխիկ ղեկավարներու սերունդը կրնայ ծախել պետականութիւնը՝ մութ գործարքներու միջոցով: Հայերու մէջ կոռուպցիայի սարսափելի հասարակական պատկերն ամրապնդուեցաւ անորակ եւ անբա-րոյական հեռուստասերիալներու կողմէ տարածուող յանցաւոր արժեքներով, որոնք բացասաբար կþանդրադառնան նոր սերունդի վրայ: Հայաստան նաեւ տուժած է. Բ) սադիստական սպառնալիք զինւորականութեան մէջ. Գ) Սիրաբա-նութիւն Թուրքիոյ հետ հայ օլիգարխներու կողմէ, որոնք զուրկ են բարոյական սկզբունքներէ.
- Բնապահպանման աղէտ. Առաջին տասնամեակի առաջին կէսին Հայաս-տանի անտարբեր առաջնորդները երկրին եւ ժողովրուդին հասցուցին բնապահ-պանական քայքայման եզրին:
- Սփիւռքի հանդեպ վատ վերաբեր-մունք. Հայաստան. Ա) Ոչ բաւարար ջան-քեր գործադրուեցաւ Սփիւռքին հետ կապերը սետացնելու համար. Բ) Ձախո-ղեցաւ իրանահայերու օգնութեամբ աւելի շատ առեւտուր իրականացնել Իրանի հետ։ Իրանահայութեան առաջարկու-թիւնները անտեսուեցան. Գ) Չի կրցաւ արդիւնաւետօրէն համակարգել հսկայական եւ ազդեցիկ սփիւռքի հետ
գոհար, որ շատ երկիրներ հաճոյքով պիտի ուզէին տիրանալ. Ե) Չկրցաւ Սփիւռքը լիովին բերել Հայաստանի կեանքէն ներս
վերջինիս օգուտ բերելու համար: Ասիկա կորսուած հնարաւորութիւն է եւ անոր համար արդարացում չի կայ: Զ) Չի կրցաւ ոչ պայմանական սփիւռքահայերուն դիւրին պայմաններով քաղաքացիութիւն տալ` սեփականութեան զգացում ստեղծելու համար. Չի կրցաւ օգտագործել Սփիւռքը՝ համեմատելով անոր, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլ հրէական սփիւռքն օգտագործեց քարոզչութեան, վերաբնակեցման, ֆինանսաւորման եւ այլնի համար, Է) Չի կրցաւ խրախուսել սփիւռքահայ ներդրումներուն, Ը) Զինւորական պահեստազօրի ուսուցման համար սփիւռքահայ երիտասարդներուն հաւաքագրելու կամք չի կար (շատ մասնակիցներ գրեցին, որ «Սփիւռքի նախարարութիւնը ձախողած ծրագիր է, եւ որ նախարարութիւնը պէտք է ղեկավարէ սփիւռքը»); Թ) Աւաղ նախընտրեց օգտագործել Սփիւռքը որպէս «կթան կով» կամ «դրամարկղային մեքենայ»՝ առանց սփիւռքի ուժի, ինտելեկտի, իմաստութեան եւ փորձառութեան եւ բազմաթիւ այլ ռեսուրսներու ճիշտ օգտագործման: - Բնակչութեան անմխիթար թերաճ՝ որպէս անմիջական հետեւանք. Ա) ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումը. Բ) մարդիկ, որոնք ի վիճակի չեն ապրուստ ապահովել հողի վրայ, հետեւաբար կը լքեն երկիրը. Գ) հայրենադարձութեան ակտիվ ծրագիր չստեղծելը.
- Հայաստան՝ որպէս կառավարութիւն եւ քաղաքացիական հասարակութիւն, չկրցաւ արդարութիւն ապահովել իր բոլոր քաղաքացիներուն:
Վերադարձ դէպի 2021 իրականութիւն: 2011-ին շարք մը գնահատականներ, ինչպիսիք են «Աւելի ուժեղ ռազմական պաշտպանութիւն եւ՛ Հայաստանի եւ՛ Արցախի մէջ. Հայաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ունի ամենաար-դիւնավետ, մարտունակ բանակը»։ Այս տպաւո-րութիւնները կազմուած էին օրուան կառավար-ութեան կողմէ տարածուած տեղեկատւութեան հիման վրայ` որ իրականութեան մէջ ապա-տեղեկատւութիւն էր հին ռեժիմի գողապետա-կաններու կողմէ:
Միլիոնաւոր հայեր մոլորութեան մէջ ինկած էին օլիգարխներու կողմէ վերահսկուող մամուլի խօսնակներու եւ անոնց խօսափող-ներու կողմէ տարածած կեղծ քարոզչութան պատճառով:
2020ի աշնան աշխարհասփիւռ հայութիւնը մեծ ցնցումով արթնցաւ՝ առանցքային թշնա-միներ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, ԴԱԻՇ-ի ահաբեկիչներու թիրախի մէջ յայտնուելով, որոնք երկրորդ եւ վերջին ցեղասպանութիւնն էր որ կը հետապնդէին համաշխարհային Covid-19 համաճարակի եւ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու սուր մրցակցութեան քողի տակ: Մէկ դար առաջ՝ 1915-1923 թուական-ներուն, Թուրքիան Առաջին Աշխարհամարտի քողի տակ ցեղասպանութիւն գործադրեց հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ:
Նախապատրաստուելու բեռը ինկած է թիրախաւորուած զոհ-պետութիւներու ուսե-րուն, ինչպիսիք են Հայաստան ու Արցախը:
Աշխարհի հայերը պէտք է ընեն ամեն ինչ, որպէսզի օգնեն հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն խթանելու 1) կայուն տնտեսական աճ, 2) բազմակողմանի եւ բազմաշերտ արտաքին քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական դաշինքներ. 3) Օրէնքի գերակայութեան վահանի տակ՝ կայուն եւ արդար հասարակութիւն. 4) արագացուած «տեխնոլոգիական» ճարտարուեստային առաջընթաց:
- Ժամացոյցը արագընթաց կը շարժի դէպի ապագայ: Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ 2020ի Նոյեմբերի 9-ին կնքուած հրադադարի հինգամեայ պայմանագիրը կը լրանայ չորս տարիէն: Կամ անիկա կրնայ չեղեալ հռչակուիլ որեւէ պահին: Պատրա՞ստ են արդէօք աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ հայկական զոյգ պետութիւնները՝ դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրներ:
- Հայաստանի իրական ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան 30-ամեայ ուղին. Շարունակական մարտահրաւէ՞ր, թէ՝ հսկայական հնարաւորութիւն:
Արցախի Առաջին Ազատամարտին (1988-1994) նահատակուած ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեան յայտարարած է. «Իմ կենացը մի խմէք, այլ իմ գործը շարունակեցէ՛»: