Սփիւռքը ամուր կանգնած է Արցախի եւ Հայաստանի կողքին
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորքի մէջ, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Թուրքիա/Ատրպէյճան/ԴԱԻՇ հակահայկական ցեղասպանական 44-օրեայ յարձակումէ մեկ տարի ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա, համաձայնութեան եկան Հայաստա-նի եւ Ատրպէյճանի հետ, վերսկսելու իրենց աշ-խատանքային ուղեւորութիւնները դէպի Արցախ:
Կան բազմաթիւ տեղեկութիւններ այն մասին, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ինչ՜եր կը մտադրէին «իրագործել» իրենց 44-օրեայ ներխուժումի ընթացքին: Եթէ Թուրքիոյ երազը իրագործուէր 2020-ի Աշնան, Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւնները կը բնաջնջուէին համաշխարհային քարտէզէն Թուրքիայի/Ատրպէյճանի/ԴԱԻՇ-ի հակահայկական ցեղասպան յարձակումի եոթերորդ օրը: Ատրպէյճանի բռնակալ նախագահ Իլհամ Ալիեւը բացեիբաց կը պարծենար, որ 48 ժամէն պակաս ժամանակի մէջ թրքական ներխուժողները կը հայաթափեն Արցախը՝ բնաջնջելով եւ (կամ) բռնի տեղահանելով Արցախի հայերուն եւ ապա՝ յաջորդ 4-5 օրերու ընթացքին կը գրաւեն Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանը ինչպէս նաեւ հարաւային շրջան՝ Սիւնիքը, որ Հայաստանը կը կապէ Իրանի եւ արտաքին աշխարհի հետ:
1915-ին, Թուրքիան, Առաջին Աշխարհամարտը որպէս ծխածածկոյթ օգտագործեց՝ իրականացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ զան-գւածային բռնազաւթումը` ոչնչացնելով 1,5 միլիոն բնիկ հայեր Արեւմտեան Հայաստանի, Հայկական Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան Կայսըր-ութեան այլ շրջաններու մէջ: 1915 թուականի Յունիսին, Գերմանիայի դեսպանատան մէջ, դոկտոր Մորդթմանի հետ զրոյցի ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր ճարտարապետ Թալաթ փաշան պարծեցաւ. «Թուրքիան կþօգտուի պատերազմէն՝ իր ներքին թշնամիներուն, այսինքն՝ բնիկ քրիստոնեաներուն հիմնովին լուծարելու համար՝ ատորմով չանհանգստանալով արտաքին միջամտութենէ: Ի՞նչ կþուզէք այս աշխարհէն: Հարցը լուծուած է: Հայեր այլեւս չկան»:
2020-ին Թուրքիան/Ատրպէյճանը/ԴԱԻՇ-ը Covid-19 համաճարակը օգտագործեցին որպէս ծխածածկոյթ՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ հայերու դէմ Երկրորդ եւ Վերջին Ցեղասպանութիւնը գործադրելու համար:
Թուրքիոյ խելագար նէո-օսմանցի Նախ. Ռեճէփ Թայիփ Էրտօղան մի քանի ամիս առաջ կը պարծենար, որ Թուրքիան պիտի գործադրէ հայերու դէմ իր մեծ ծնողներու ցեղասպանական «անաւարտ առաքելութիւնը»:
Ի զարմանս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը դիմեց մաշեցման պատերազմի: Հակառակ այն փաստին, որ հայերը կրեցին հսկայական մարդկային եւ այլ կորուստներ ու ենթարկուեցան անհամար ռազմական հանցագործութիւններու, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ձեռքերով, համատեղ Ատրպէյճանա-թուրքական կայծակնային լայնածաւալ յարձակումները ձախողեցան աշխարհի քարտէզէն ջնջել Հայաստանն ու Արցախը: Պատերազմը տեւեց 44 օր, եւ հայերը փակուղիի մէջ մտցուցին թուրքերուն, ատրպէյճանցիներուն եւ «Իսլամական Պետութեան» ահաբեկչական վարձկաններուն:
Նոյեմբեր 9-ին, Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Ռուսաստանը ստորագրեցին մոսկովեան համաձայնագիրը, որ կոչ կþընէր զինադադար հաստատել Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու ՏԱԻՇ Իսլամական Պետութեան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ «ագրեսիայի» 45-րդ օրը:
Նոյեմբերի 10-ին, Նոյեմբերի 9-ի Մոսկվայի համաձայնագրի յաջորդ օրը, հայերու՝ Արցախի հայկական ինքնութիւնը պահելու վճռական նուիրուածութեան խորհրդանշականութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաւիրեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, խորհրդարանական տարբեր խմբակցութիւններ խորհրդատւութիւններ կայացնելու համար: Ան չի գնաց Երեւան: Ան անոնց ընդունեց Արցախի մէջ, ուժեղ ազդանշան ուղարկելով համայն աշխարհին, որ հայկական Արցախն այստեղ է՝ եւ պիտի շարունակէ մնալ դարեր եւ հավերժօրէն:
Իհարկէ, ոչինչ չի կրնար մխիթարել հայ ազգին՝ մարդկային եւ տարածքային ահռելի կորուստներու գծով, բայց փաստը կը մնայ փաստ որ շատ աւելի վատը կրնար պատահիլ: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կրնային հասնիլ Արցախն ու Հայաստանը ամբողջութեամբ հայաթափելու իրենց զազրելի ծրագրիրներուն:
Մինչ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը մասամբ յաջողութեան հասան, անոնք չկրցան հասնիլ իրենց «վերջնական ծրագիրներուն»:
Այժմ, հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն եւ անոնց լայնածաւալ սփիւռքին մնացած են ընդամենը մի քանի տարի (եթէ ընդհանրապէս՝) ստեղծելու հզօր տնտեսութիւն եւ ազգային պաշտպանութիւն ու անտանգութիւն որպէս զսպիչ ուժ իրենց թշնամիներուն ի Անգարա եւ Պաքու:
Երբ ես անցեալ ամիս Արցախ եւ Հայաստան կը գտնուէի, ես զրուցեցի երկու հանրապետութիւններու բազմաթիւ քաղաքացիներու հետ: Հակառակ որ տխրութիւն կար, բայց զրուցակիցներս ցուցաբերեցին կեանքի շարունակման հիանալի վճռականութիւն: Ճնշող մեծամասնութիւնը կը հաւատայ, որ «մեզի աւելի լաւ օրեր կը սպասեն, քանի դեռ մեր ազգի զաւակները՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, իրենց համագործակցութիւնը կը բազմապատկեն եւ առաւել կը սերտացնեն աշխատանքային գործընկերութիւնը զայն հասցնելու աւելի բարձր մակարդակի վրայ:
Իրենց հերթին, սփիւռքահայերը այս անգամ աւելի գործունեայ կը դառնան կենսական ու ռազմավարական քաղաքական եւ տնտեսական օգնութիւն տրամադրելու հարցի մէջ՝ առաւել գործնական մասնակցութեամբ, որպէսզի նախորդ երեսուն տարիներու նման հաւաքական ջանքերը եւ ռեսուրսները ոչ վատնուին եւ ոչ ալ թալանուին: Համայն ազգը առաւել քան երբէք՝ վճռական է գործնական յաջողութիւններու հասնելու համար:
Նոր դարաշրջան է որ կը կազմաւորուի, երբ հայկական սփիւռքը այլեւս չի դիտուիր որպէս «կթան կով», այլ իսկական գործընկեր: Ի վերջոյ, Արցախի եւ Հայաստանի մնայուն եւ ամենակայուն դաշնակիցը հսկայական սփիւռքն է եւ փախադարձաբար:
Սփիւռքն ամուր կանգնած է Արցախի եւ Հայաստանի կողքին: