ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը քրիստոնեայ Հայաստանի արտաքին աշխարհի երկու դարպասներէն մէկն է: Իրանը կը գտնուի Հայաստանէն անմիջապէս հարաւ:

Հայաստան 1993-էն շրջափակուած է Թուրքիոյ կողմէնէ Արեւմուտքի իսկ Ատրպէյճանէ՝ Արեւելքի մէջ:

Թուրքիա / Ատրպէյճան / ԴԱԻՇ ահաբեկչական 44 օրեայ յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան հայերու դէմ 2020-ի աշնան եւ անոր հետեւանքները յստակեցուցին Ատրպէյճանա-թուրքական մէնաբռնատիրական հաւակնութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին Մոսկուայի 2020-ի Նոյեմբերի 10-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ Պաքուն սկսեցաւ սուտ պնդումներ տարածել, թէ «Ատրպէյճանը Թուրքիային կապող» Հայաստանի հարաւային Մեղրիի միջանցքը Ատրպէյճանին յանձնելու խոստում կայ: Ատիկա ընելով՝ Հայաստան փաստացի կտրուած կþըլլայ Իրանէն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինյան կտրականապէս հերքեց նման պնդումները:

Հայաստանը ծունկի բերելու համար Ատրպէյճանը վարեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու դէմ շարունակական ոտնձգութիւններու քաղաքականութիւն:

Սակայն վերջերս Պաքուն ընդլայնեց իր թիրախը՝ ներառելով Իրանը, որ միանշանակ աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:

Պաքուն սրեց իր բացայայտ ռազմական գործողութիւնները Թուրքիոյ եւ ԴԱԻՇ -ի հետ, եւ, ինչպէս կը հաղորդուի, այս անգամ Իսրայէլի զինուած ուժերու հետ գաղտնի գործունէութիւնն ուղղուած էր Իրանի եւ Հայաստանի հարաւային «Մեղրիի միջանցքի» դէմ:

Հոկտեմբերի 4-ին Թեհրանի մէջ, իր հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, Իրանի արտգործնախարար Հոսէյն Ամիր-Աբդոլլահեան յայտարարեց. «Մենք բարձրաձայն յայտարարում ենք, որ թոյլ չենք տայ որոշ դերակատարներու ազդեցութիւն ունենալ մեր հարեւանների, այդ թւում` Հայաստանի, յարաբերութիւնների վրայ»:

«Մեր տարածաշրջանը չի կարող հանդուրժել որեւէ նոր ճգնաժամ: Բոլոր տարածաշրջանային երկրները կը գան համախոհութեան, որ տարածաշրջանային խնդիրները պէտք է լուծւեն տարածաշրջանային դերակատարների կողմից եւ առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան», – ընդգծեց իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Անոր խօսքերը կը հնչեն Իրանի եւ հարեւան Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճի ֆոնին Իսրայէլի ռեժիմի՝ Ատրպէյճանական հողի մէջ գտնուելու պատճառով, զոր Իրան կը դիտարկէ որպէս սպառնալիք իր ազգային անվտանգութեան դէմ:
Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերը Ուրբաթ Հոկտեմբերի 1-ին զօրավարժութիւններ իրականացուցին երկրի հիւսիս-արեւմուտքի մէջ՝ «Ֆաթեհան-է Խայբար» (Խայբարի նվաճողները) ծածկագրով:

Իրանի գործողութիւնները ի պատասխան՝ Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ համատեղ զօրավարժութիւններու՝ 2020-ի աշնան 44-օրեայ հակահայկական յարձակումէն առաջ եւ յետոյ: Այս շաբաթ մամուլի հրատարակումի վերջին պահի դրութեամբ Թուրքիա / Ատրպէյճանի վերջին զօրավարժութիւններն կþընթանային Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Նախիջեւանի հայկական տարածքներու մէջՀայաստանի եւ Իրանի մօտ: Թէեւ Թեհրան կրնայ զբաղուած ըլլալ Թել Աւիւի հետ անհաձայնութիւններով, Իրան, Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Եւրոմիութիւն, Հայաստան եւ Վրաստան պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնեն Անգարայի եւ Պաքուի հաւակնութիւններուն՝ դէպի Արեւելք, դէպի համաթուրանական ընդլայնում մինչեւ Կենտրոնական Ասիա: Համաթուրանականութիւնը պէտք է ամէն գնով դադրեցուի: Արդիւնաւետ ուղիներէն մէկը. Հայաստանի հարաւային դարպաս՝ Սիւնիքի մարզը պէտք է տնտեսապէս, քաղաքական եւ ռազմական առումով ուժեղանայ, որպէսզի խարխլուի Ատրպէյճանի / Թուրքիոյ՝ Հայաստանէն նոր հողեր գրաւելու ախորժակը: Ուժեղ Սիւնիքը կրնայ որպէս պատուար ծառայել Համաթուրանականութեան դէմ: Հայաստանի արտգործնախարար Միրզոյեան ողջունեց իր գործընկերոջ հետ Հոկտեմբերի 4 -ի բանակցութիւնները բարեկամութեան եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ եւ ըսաւ. «Երկու երկրներին շատ պայծառ ապագայ է սպասւում, քանի որ երկու կողմերն էլ պայմանաւորւել են խորացնել փոխադարձ ռազմավարական յարաբերութիւնները»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի տարածքային ամբողջա-կանութեան Իրանի աջակցութեան եւ ըսաւ, որ երկու երկիրները վճռական են բարելաւելու յարաբերութիւնները եւ ջանքեր չեն խնելու այդ առումով: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կիրակի օրը ըսաւ. «Վստահ եմ, որ մեր իրանցի գործընկերները գիտեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չի ներգրաււել եւ չի ներգրաււի Իրանի դէմ որեւէ դաւադրութեան մեջ, քանի որ մենք չափազանց բարձր ենք գնահատում այդ յարաբերութիւնները»: Անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ ահաբեկիչներու առկայութեան՝ Ամիր-Աբդոլլահեանն ըսաւ. «Ցաւոք, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մէջ լարուածութենէն յետոյ մենք ականատես կþըլլանք օտարերկրեայ ահաբեկիչներու ներկայութեան եւ Սիոնիստական ռեժիմի (Իսրայէլի) կործանարար գործունէութեան տարածաշրջանի մէջ»: Ան աւելցուցած է, որ Իրանը վճռական է ընդլայնելու Հայաստանի հետ կապերը տարբեր՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ երկու կողմերը կþիրականացնեն համատեղ տնտեսական նախագիծեր երկկողմ առեւտուրի աճին նպաստելու համար:

Բարձր գնահատելի է, որ Հայաստանի արտգործնախարարը եւ կառավարութիւնը կ’աջակցին Իրանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման: Անցած երեսուն տարիներու ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ ռեժիմները խղճուկ կերպով չկրցան իրանահայերու օգնութեամբ ստեղծել եւ ամրապնդել Իրանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ:

Որպէս աւելի լաւ ապագայի տանող Հայաստան-Իրան կամուրջի անբաժանելի մասնիկ՝ Սիւնիքը պէտք է դրուի աննախադեպ տնտեսական եւ արդիւնաբերական զարգացման արագ ուղիի վրայ՝ նպաստելով Հայաստանին եւ Արցախի ինքնիշխանութեան եւ ազգային անվտանգութեան: Ինչպէս յայտնի ժողովրդական խօսքը կþըսէ՝ «Արցախը Հայաստանի ողնաշարն է»: Աւելացնեմ. «Սիւնիքն ալ Արցախի ողնաշարն է: Բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէն եւ՛ Արցախը, եւ՛ Հայաստանը կը հանդիսանան Հայկական Սփիւռքի ողնաշարը, իսկ Հայկական Սփյուռքըթէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի տնտեսական, բարձր ճարտարարուեստի եւ հսկայական մարդկային ռեսուրսներու ողնաշարն է: Հայկական Սփիւռքի զանգուածային մասնակցութիւնը, հայրենի հայութեան հետ յետագայ միձուլման միջոցով՝ այժմ, աւելի քան երբէք, կենսականօրէն կարեւոր է: Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի եւ աշխարհի գերտէրութիւններու տնտեսական օգուտները Միացեալ Նահանգներու/Եւրոմիութեան եւ Իրանի միջեւ նոր մերձեցումով, կրնան նպաստել տարածքաշրջանի կայունութեան: ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու կարգաւորումը, որ կրնայ Իրանին վերադարձնել Արեւմուտքի հետ կառուցողական համագործակցութեան եւ դարձնել Իրանը Արեւմուտքի յաջորդ տարածաշրջանային դաշնակիցը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոխարինելով Թուրքիոյ:

Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու լայնօրէն ակնկալուող վերացումը կրնայ հնարաւորութիւն տալ Հայաստանին ստանալու հսկայական օգուտներ եւ շարունակել բազմակողմանի դարձնել իր արտաքին դաշինքները:

Մարտին, Իրանի մէջ, Հնդկաստանի դեսպան Գադդամ Դարմենդրան յայտարարեց, որ Հնդկաստանը մտադիր է Չաբահար նաւահանգիստը (նաւահանգիստ Իրանի Հարաւ-արեւելքի մէջ, ուր մեծ ներդրումներ կատարուած է Հնդկաստանի կողմէ) եւ Հնդկական օվկիանոսը Եւրասիոյ եւ ԵՄի հետ Հայաստանի տարածքով կապելու միջոցով՝ ստեղծելով միջազգային Հիւսիս-Հարաւ տարանցիկ միջանցք (INSTC)՝ յաւելելով, որ Նիւ Տելհին կը ծրագրէ Չաբահարը դարձնել տարածաշրջանի ամենակարեւոր եւ ամենազբաղ նաւահանգիստը:

Կը նախատեսուի, որ «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային հաղորդակցութեան միջանցքը եւրոպական շուկաները կը կապէ Հնդկաստանի եւ Իրանի հետ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Սեւ ծովի միջոցով՝ բնական ռեսուրսներ եւ այլ ապրանքներ փոխադրելով Եւրոպա եւ Ռուսաստան:

Թրքական նեոօսմանեան սուլթան նախագահ. Ռէճէփ Թայիփ Էրտօղան եւ Ատրպէյճանցի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ կտրականապէս դէմ են նման հաղորդակցութեան մայրուղիին, որ տնտեսապէս կը մեկուսացնէ թէ՛ Անգարան, թէ՛ Պաքուն: Այժմ կարելի է տեսնել, որ ինչու՛ համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը ցանկան բռնազաւթել Հարաւային Հայաստանի Սիւնիք տարածաշրջանը:

Այժմ ակնյայտ է, թէ ինչու Հայաստանն ու Իրանը պէտք է շարունակեն ռազմավարական յարաբերութիւններու պահպանումը որպէս պատնեշ համաթուրանական ծաւալապաշտութեան դէմ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *