ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Խոշոր խայտառակութիւնը կը շարունակէ մեծնալ Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի մէջ անշարժ գոյքի սկանդալային գործարքի շուրջ, որու մէջ ներգրաւուած է այժմ այսպէս կոչուող «Պատրիարքարանի Զոյգը» որուն մաս կը կազմեն Պատրիարք արքեպիսկոպոս Նուրհան Մանուկեան եւ Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի տնօրէն հայր Պարետ Երեցեան:
Երկարաժամկէտ վարձակալութիւնը միակողմանիօրէն առաջ մղուած էր Պատրիարքարանի Սուրբ Սինոդի փոքրամասնութեան մէկ հատուածի կողմէ, մինչ պայմանագիրը գաղտնի կը մնայ: Կը թուի, թէ վատ բնոյթ ունեցող վարձակալութեան գործարքը լաւատեղեակ աղբիւրներու կողմէ կը ճանաչուի որպէս Պատրիարք-արանի սահմանադրութեան խախտում: Պատրիարքարանի Սահմանադրութեամբ՝ ոչ մէկ հող չի կրնար վարձակալութեան տրուիլ աւելի քան 25 տարի՝ առանց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի հաւանութեան:
Աշխարհի ամենաթանկարժեք անշարժ կալուածներէն մէկը, Մանհաթենէն եւ Հոնկ Քոնկէն աւելի արժեքաւոր՝ Հայկական Թաղամասը Երուսաղէմի պարսպապատ Հին Քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է: Կը հաղորդուի, որ Հին Քաղաքի հարաւ-արեւմտեան անկիւնին գտնուող հողատարածքը, կը զբաղեցնէ 0.126 կմ. տարածք, որ կը կազմէ Հին Քաղաքի ընդհանուր տարածքի 14%-ը:
Երուսաղէմի Հին Քաղաքի անշարժ կալուածի եւ հողի արժեքի վերաբերեալ երկու անկախ փորձագէտներու հետ վերջերս կատարուած զրոյցներու ընթացքին պարզ դարձաւ, որ մէկ քառ. մեթրի արժեքը կը գնահատուի ոչ պակաս, քան 5 մլն տոլար: Որոշ պարագաներուն ան կը գնահատուի աւելի քան 6 միլիոն տոլար:
USA Armenian Life շաբաթաթերթի եւ USA Armenian Life հեռուստայայտագրի ընթերցողներուն / հեռուստադիտողներուն ճշգրիտ տեղեկութիւն տալու համար` ճիշտ գնահատելու հողատարածքի իրական արժեքը, որ անօրինականօրէն վարձակալութեան տրուած է «Աւստրալիայէն եկած գործարարի մը», USA Armenian Life-ը դիմեց 1) Երուսաղէմի Հին Քաղաքի անշարժ կալուածի բանիմաց փորձագէտ-ներու, 2) ինքնաշարժի կայանատեղերու նախագծման մասնագէտներու:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի մէջ հաւաստի աղբիւրի մը համաձայն, Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասի մէջ գտնուող «Կովերուն Պարտէզ» հողամասը կրնայ բաւարարել մօտ 180 ինքնաշարժի կայանման կարիքը:
Որքա՞ն տարածք անհրաժեշտ է 150-180 ինքնաշարժ կայանելու համար:
«Ինքնաշարժի կանգառները կը զբաղեցնեն աւելի շատ տարածք, քան կը կարծուի» վերնագրով յօդուածի մը մէջ՝ Էնճի Շմիտ, Քլիվլընտի մէջ բնակող գրող, պլանաւորման եւ թերթերու հաշուետւութեամբ զբաղող, usa.streetsblog.org կայքի մէջ կը գրէ, որ «եթէ երկկողմանի երթեւեկելի հատուածը կը ծառայէ ինքնաշարժի կայանատեղերու շարք մը, իւրաքանչիւր տարածք գումարած ճանապարհի իր մասնաբաժինը կը սպառէ 396 քառակուսի ոտնաչափ (36,8 քառակուսի մետր) մէկ ինքնաշարժի համար»:
«Կովերուն Պարտէզ» հողամասի չափը կրնայ գնահատուիլ 5,520 քառ. մետր այն պարագային, երբ ան կը տեղաւորէ 150 ինքնաշարժ; իսկ 6,624 քառ. մետր եթէ այն կարենայ տեղաւորել 180 ինքնաշարժ:
«Կովերուն Պարտէզ» հողամասի շուկայական արժեքը կրնայ հաշուարկուիլ հետեւեալ կերպ.
Քառակուսի մետրը 5 միլիոն տոլաի պարագային՝ «Կովերուն Պարտէզ» հողամասի արժեքը կը տատանուի 27-էն 33 միլիարդ տոլարի միջեւ:
- 150 ինքնաշարժ x 36,8 քմ = 5,520 քառ. մետր x $5 մլն / քառ. = 27,60 միլիարդ տոլար։
- 180 ինքնաշարժ x 36,8 քմ = 6,624 քառ. մետր x $5 մլն / քառ. = 33,12 միլիարդ տոլար։
Քառակուսի մետր 6 միլիոն տոլաի պարագային? ,Կովերուն Պարտէզե հողամասի արժեքը կը տատանուի 33 -էն 39 մլրդ տոլար: - 150 ինքնաշարժ x 36,8 քմ = 5,520 քառ. x $5 մլն / քառ. = 33,12 միլիարդ տոլար
- 180 ինքնաշարժ x 36,8 քմ = 6,624 քառ. x $5 մլն / քառ. = 39,74 միլիարդ տոլար
Երուսաղէմի մէջ ծնած ամերիկահայ եւ բիզնեսի, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համար հանրային հարցերու արդիւնաբեր ռազմավարութիւններու ստեղծման ծառայութիւններու ռազմավարութեան ընկերութեան փոխնախագահը, Քաղաքացիական Ներգրաւման եւ բարձրագոյն կրթութեան ջատագով Միհրան Գալայճեան USA Armenian Life շաբաթաթերթին ըսաւ. «Ցաւալի է այն, ինչ որ կը կատարուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մէջ: Պէտք է մասնաւոր հետաքննութիւն իրականացուի անոնց՝ որպէս հոգեւոր առաջնորդներու անձնական հաշիւներու վերաբերեալ եւ ներգրաւել Իսրայէլի փողերու լուացման կանխարգիլման մարմիններուն»:
Գալայճեան ընդգծեց. «Այն պահէն երբ պատրիարքը եւ պատրիարքութեան անշարժ կալուածի տնօրէնը սկսան իրենց ջանքերը, առնետի հոտ կու գար: Ինչու՞ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը վստահելի հաստատութիւն համարել, երբ ատիկա երկու տղամարդու խաղալիք դարձած է, որոնց անկարողութիւնը չի սահմանափակուիր անշարժ կալուածով: Հակառակ այն փաստին որ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի հողատարածքն աշխարհի մէջ ամենաթանկերէն մէկն է, պատրիարքը գոհ է աւստրալացիի տուած 1 միլիոն տոլարով: Ի՞նչ կը վերաբերի անշարժ կալուածի թալանի մասնաբաժնին, «իմպրեսարիօ» հայր Երեցեանին»:
«Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասի հայկական հողերը կը պատկանին հայերուն: Վերջ»: Այս կարգախօսի ներքոյ է, որ այս Շաբաթ Հոկտեմբեր 16-ին, ժամը 15: 30-ին բողոքի ցոյց կազմակերպուած է Հայոց Պատրիարքարանի «Կովերու Պարտէզի» դիմաց՝ բողոքելով Սուրբ Հողամասի 99-ամեայ ապօրինի վարձակալութեան դէմ ոչ հայկական կազմակերպութեան մը` Երուսաղէմի քաղաքապետարանին եւ/կամ Աւստրալիայէ եկած որեւէ գաղտնի ներդրողի:
Երուսաղէմի հայերու բողոքի ցոյցի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն գրուած է. «Հանրահաւաքը կը կազմակերպուած մարմնի մը կողմէ, որ կը կոչուի Հայկական Հողերու Պաշտպաններու Միջազգային Կոմիտէ»: (Տեսէ՛ք ներքեւի գովազդը):

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ հայեր անհանգստացած են՝
ա) «Կովերուն Պարտէզի» 99-ամեայ վարձակալութեան անօրինականութեան պատճառով,
բ) Ապօրինի վարձակալութիւնը կը շարունակուի մնալ խաւարի շղարշի տակ,
գ) Պատրիարքարանի Զոյգը կրակի հետ է, որ կը խաղայ, երբ ան կը նպաստէ Սուրբ հողերու ապօրինի իւրացման: Այս հողերը վարձակալութեան տրամադրելի չեն: Անոնք կը պատկանին հայ ազգին: Վերջ:
Քանի դեռ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը կը շարունակէ մնալ անպատիժ՝ Հնդկաստանի հայ համայնքէն անօրինական ճանապարհով անշարժ կալուածի և (կամ) ֆինանսական հսկայ գումարներու մօտ 150–200 միլիոն ԱՄՆ տոլար թալանի կամ իւրացումի համար, ապա Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Զոյգը՝ արք. Նուրհան Մանուկեան եւ հայր Պարետ Երեցեան կրնան խրախուսուիլ մտածելու. «Ինչո՞ւ ապօրինաբար չիւրացնել Երուսաղեմի հայկական թաղամասի մէջ «Կովերուն Պարտէզի» 99-ամեայ անօրինական վարձակալութենէն գոյացող հարիւրաւոր միլիոնները կամ, հնարաւոր է, միլիարդաւոր տոլարները եւ գումարները չգրպանել»։