(AANSI) ԱՀԱԱՀ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութիւնը (ԱՀԱԱՀ)(AANSI) միտուած է Գոնկրէսա-կան, ռազմական եւ քաղաքացիական ազգային անվտանգութեան որոշում-ներ կայացնողներուն՝ ամերիկեան պաշտպանական եւ ռազմաւարական շահերու վերաբերեալ կրթելուն, առա-ջին հերթին Հարաւային Կովկասի մէջ, որու հիմնաքարը ակնկալուող Հայ-Ամերիկեան անվտանգութեան ամուր համագործակցութեան համաձայնագիրն է: ԱՀԱԱՀ-ն վստահ է, որ հայկական հզօր զինուած ուժերը՝ ազգային անվտանգութեան համապատասխան ամրապնդմամբ, խաղաղութեան եւ ժողովրդավա-րական արժեքներու պահպանման լաւագոյն երաշխաւորն է աշխարհի ամենավիճելի եւ անկայուն տարածաշրջաններէ մէկի մէջ, ուր հիմնական դերակատարները՝ Ռուսաստանը, Իրանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը պայքարին տարածաշրջանային ամբողջատիրութեան («հեգեմոնիայի») համար:
(AANSI) ԱՀԱԱՀ-Ի ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ
ԱՀԱԱՀ-ն (AANSI) կը հետապնդէ տես-լականը երբ օր մը, ամերիկեան եւ հայ-կական անվտանգութեան շահերը կը միաւորուին եւ փոխադարձաբար կ՛ամրապնդուին Հարաւային Կովկասի մէջ: Ատիկա ընելու համար կը պահան-ջըւին հասարակութեան բոլոր խաւերու՝ ներառեալ ամերիկացիներու, ամերի-կահայերու եւ ընդհանրապէս լայնամաս-շտաբ Սփիւռքի ժամանակի եւ ռեսուրս-ներու անսպառ ներգրաւուածութիւնը եւ նուիրուածութիւնը: Անմիջական նպատակներն են՝
Առաջին. Ամերիկացիներուն ուսուցանել Հայաստանի հզօր ժողովրդավարական նշանակութեան եւ կարեւորութեան վերաբերեալ՝ ամերիկեան անվտանգութեան շահերու եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ուղղուած Հայաստանի շարունակական ջանքերու հետ կապուած:
Երկրորդ. Հայաստանին նեցուկ ըլլալ պաշտպանելու իր՝ դժուարութեամբ ձեռք բերուած ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը՝ որպէս ծաղկող ժողովրդավարական երկիր:
Երրորդ. Խրախուսել տարածաշրջանային ահաբեկչական/ռազմատենչական յարձակումներու «ագրեսիայի» դէմ զսպման ռազմավարութեան մշակումը, ռեսուրսներու տրամադրումը եւ իրականացումը, որն ապահովագրուած է ամուր եւ տեխնոլոգիապէս գերազանց հայոց բանակի կողմէ:
Չորրորդ. Հայաստանին խրախուսել՝ մշակելու հետեւողական եւ աջակցուող ռազմական ռազմավարութիւն՝ դիմակայելու իր ժողովրդի անվտանգութեան սպառնացող իրական սպառնալիքի եւ իր պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար:
Հինգերորդ. ԱՄՆ-ին եւ ՆԱԹՕ-ին դիտարկել որպէս ռազմական վերապատրաստման, մարտավարութեան եւ տեխնիկայի ռեսուրսներ:
Վեցերորդ. Նպաստել ամերիկեան եւ հայկական զինուորական ղեկավարութեան փոխանակմանը‘ ներառելով սեմինարներու, սիմպոզիումներու եւ բարձրագոյն ռազմական ուսումնական հաստատութիւններու մասնակցութիւնը:
Եոթերորդ. Ապահովել, որ Հայաստանի քաղաքացիական ղեկավարութիւնը միշտ պատրաստ եւ ունակ ըլլայ իրաւասու եւ հմուտ իշխանութիւն գործադրել իր զինուած ուժերու նկատմամբ՝ Հայաստանի այս ծաղկող ժողովրդավարութեան պայմաններու մէջ:
Ութերորդ. ԱՀԱԱՀ-ն (AANSI) տեղեկատւութիւն, վերլուծութիւններ եւ օգնութիւն կը տրամադրէ պաշտպանական կառոյցներուն, վարչակազմին, Գոնկրէսին, լրատուամիջոցներուն եւ ԱՀԱԱՀ-ի (AANSI) անդամներուն:
(AANSI) ԱՀԱԱՀ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐԸ
Գեներալներու եւ ծովակալներու փոխանակման ծրագիր դէպի Հայաստան
«Աջակցութիւն Հայաստանի ինքնիշխանութեան պաշտպաններուն» ազգային համաժողով Վաշինկթընի մէջ
Մշակել ԱՄՆ/Հայաստան ռազմական ուսումնական ծրագիր ե՛ւ կրտսեր ե՛ւ աւագ սպաներու համար:
(AANSI) ԱՀԱԱՀ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
Այսպիսով, ԱՀԱԱՀ-ն (AANSI) այսօր կ՛անրադառնայ այն հարցերուն, որոնք վաղը ազդեցութիւն պիտ ունենան Ամերիկայի եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան վրայ:
