Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտան-գութեան Հիմնարկութիւնը (The American Armenian National Security Institute – AANSI) կազմա-կերպած է յատուկ հանդիսութիւն Ի ԶՕՐԱԿ-ՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏ-ՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ:
Հինգշաբթի 11 Նոյեմբերին կայանալիք հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ մրցանակի արժանացած Տաղլեան Համալիրի Մէջ, Լոս Անճելոս: Ընկերային cocktail-հանդիպում տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան Ժամը 6-էն՝ 7-ը: Ընթրիք պիտի մատուցուի ժամը 7-էն` 8-ը: Ժամը 8-էն սկսեալ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր պիտի ներկայացուի ներառեալ՝ Արցախեան Ազատա-պայքարին նուիրուած՝ AANSI-ի վաւերագրական ֆիլմի Առաջին Ցուցադրումը:
Ելոյթ կþունենան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Խորհրդական Եւ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան՝ Մեծարգոյ Ռու-դիկ Հյուսնունց եւ ԱՄՆ Բանակի Գեներալ-Մայոր (Հանգս. Կոչ.) Մարք ՄաքՔարլի որ նախագահն է Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգու-թեան Հիմնարկութեան (The American Armenian National Security Institute – AANSI):
Օգոստոսին, AANSI փորձագէտներու եւ լրագրողներու թիմն իրականացուց իր առաջին ուսունասիրական-կրթական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս ուղեւորութեան նպատակն էր զեկուցել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ յատկապէս շեշտադրելով ռազմական պատրաստուածութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը ԱՄՆ շահերու վրայ, մինչ Հայաստանն ու Արցախը դարձեալ կը դիմակալեն գոյութենական սպառնալիքներ իրենց հարեւան երկրներ՝ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն: (Տե՛ս «AANSI-ի առաջին կրթական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ» յօդուածը էջ 8-10 կամ՝ այցելել http://aansi.org/news/sample/ )
AANSI-ն անկուսակցական հաստատութիւն է, որ մէկ վրանի տակ կը միաւորէ ամերիկահայ եւ հայասէր ամերիկացիներ որոնք ունին զանազան քաղաքական պատկանելութիւն եւ կը միտին AANSI-ի առաքելութիւնն իրականացնել վերջնական նպատակի համար՝ ԱՄՆ Գոնկրէսի, ռազմական եւ քաղաքական ազգային անվտանգութեան որոշում կայացնողներուն կրթելու համար՝ նպատակ ունենալով համադրել երկու պետու-թիւններու միջեւ պաշտպանական եւ ռազմա-վարական շահեր եւ որոնց հիմնաքարը Ամե-րիկայի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստանի Հանրապետութիւն ամուր համագործակ-ցութիւնն է անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան ոլորտներու մէջ: AANSI-ն կը հաւատայ, որ ամերիկեան ուժեղ ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան դիրքորոշումը, խաղաղութեան եւ մեր համայնական արժեք-ներու ու քաղաքակրթութեան գոյատեւման լաւագոյն երաշխիքն է:
Համայնքի առաջատար անդամները քըրտ-նաջան աշխատանք կը տանին AANSI-ի Նոյեմբերի 11-ի հանդիսութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար՝ ժամանակին օգնութիւն ցուցաբերելու զոյգ հանրապետութիւններ՝ Արցախին եւ Հայաստանին, եւ հզօրացնելու AANSI-ն՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը:
Նոյ.11-ի միջոցառման հասոյթը կը նպաստէ՝

  • Ստեփանակերտի մէջ Արցախի Զինւորական Հիւանդանոցին։
  • Ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ ուսուցողական եւ տեղեկատըւա-կան ջանքերու` Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան օգտին։
  • Ամերիկահայ մարդասիրական ջոկատներու «բրիգադներու»՝ Հայաստանի եւ Արցախի համար:
    Միասին՝ կրթութեան եւ գիտելիքի միջոցով, մեր ուշադրութիւնը կը սեւերենք ամերիկահայ համայնքի եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հաստատութիւններու միջեւ ուժեղ գործընկերու-թեան խթանմանըի շահ Ամերիկայի եւ Հայաստանի: Տոմսերու եւ նուիրատւութիւններու հեռաձայնել Ալին Պողարեանին 818.241.5800: Կամ email ուղարկեցէք` info@aansi.org

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *