Անկախութեան օր:
Երազի մը իրականացումը:
Առաջինը՝ գրեթէ մէկ դար առաջ, որ սակայն հազիւ երկու տարեկան, իր մահկանացուն կնքեց, որպէսզի ծնունդ առնէ երկրորդը որ մեզ Ռուսական հզօր կայսրութեան գիրկը նետեց եւ 70 տարիներ թէ՛ բարիք եւ թէ՛ չարիք բերաւ մեր ժողովուրդին:
Բարիք՝ որովհետեւ մեզ ազատեց թուրքի սպառ-նալիքներէն եւ զարգացուց մեր մշակոյթը, տնտեսութիւնը, Երեւան քաղաք կառուցանեց, իր Մատենադարանով, համալսարաններով, Ծիծեռնակաբերդով եւ ինքնորոյն ճարտարապետութեամբ:
Եւ չարիք՝ որ կաշկանդեց մեր խօսքի ազատութիւնը, քանի՜ քանիներ Սիպերիոյ սառնամանիքին զոհ տուաւ, հազարաւոր երիտասարդներ պատերազմի դաշտ տարաւ եւ աւելին՝ սերունդներու հոգիներուն մէջի հաւատքի ջահը մարեց:
Եւ ահա երրորդը:
Ո՜վ կրնար նախագուշակել որ Սովետական հսկան կրնար տապալիլ եւ 15 հանրապետութիւններ կրնային ազատ շնչել, իրենց ինքնորոյն Սահմանադրութիւնը ունենալ, դրօշակ ու ներկայացուցիչ՝ ազգերու ընտանիքին մէջ:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս հրաշքը:
Հրաշք կը կոչենք այս եղածը, որովհետեւ միայն գերագոյն ոյժ մը կրնար այդ կատարել, այսինքն Աստուած, որուն այսօր մեր շնորհակալութիւնը կ՚ուզենք յայտնել:
Այո՛, Աստուած կատարեց Անկախութեան հրաշքը:
Ո՛չ մեր քաղաքագէտները, որոնք Խորհրդային Միութեան պաշտօնեաներն էին մեծմասնութեամբ,
Ո՛չ մեր բանակը ու զինամթերքը, որովհետեւ ո՛չ բանակ եւ ոչ ալ զինամթերք ունէինք 30 տարիներ առաջ,
Ո՛չ մեր աշխարհագրական դիրքը, որ ամենէն աննպաստն է տակաւին բոլոր տարածաշրջանին մէջ,
Ո՛չ ալ մեր մշակոյթի սպասարկուները՝ որոնք օտարին նուագածուներն էին երկար տարիներ:
Աստուա՛ծ տուաւ մեզի մեր անկախութիւնը, առանց որ կաթիլ մը արիւն թափենք եւ օտարներու գութը մուրանք:
Եւ այսօր, երբ հպարտութեամբ կը դիտենք Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ տողանցող մեր բանակը, ցուցահանդէսի դրուած մեր զինամթերքը, քանի՞ ձայնով կը խոնարհինք Երկնաւորին առջեւ եւ փառք կուտանք Իրեն.
Փառք՝ ո՛չ թէ նախագահին,
Փառք՝ ո՛չ բանակին,
Փառք՝ ո՛չ թէ հոգատար Ռուսաստանին, այլ՝
Փառք Աստուծոյ:
Եւ Աստուած մեզ հաշուի կը կանչէ Իր տուած նուէրին գործածութեան նկատմամբ:
Աստուածաշունչին մէջ գեղեցիկ առակ մը կայ, Յիսուսի կողմէ արտասանուած, երբ հարուստ մարդ մը իր ծառաները կը կանչէ եւ անոնց գումարներ կուտայ շահագործելու համար: Անոր որ 5 կուտայ, յաւելեալ 5-ով մը իր տիրոջ կը ներկայանայ, անոր որ 2, 2 ալ կը շահի, իսկ մէկ ստացողը իր ստացածը չի շահագործեր, այլ եղածին պէս իր տիրոջ կը վերադարձնէ: Տէրը կը վարձատրէ առաջին երկուքը, իսկ կը պատժէ երրորդը:
Աստուած մեզի անկախութիւն տուաւ, որպէսզի անոր բարիքները վայելենք:
Կը ցաւինք ըսելու, որ Հայաստանի բնակչութեան միայն 10 առ հարիւրը անկախութեան բարիքները կը վայելէ:
Մնացածը աղքատութեան եւ անօթութեան զոհերն են, որոնց մեծ մասը աշխատանքի համար իրենց ընտանիքները ձգած օտար երկիրներ կը չուեն, կիներ՝ իրենց մարմինները օտարներու կը ծախեն հաց մը ուտելու համար:
Անկախութեան օրը՝ երբ բեմին վրայ պետական աւագանին կը դիտենք, մեր միտքը կ՚երթայ բոլոր անոնց՝ որոնք յուսալքուած են եւ արտասահմանի իրենց ազգականներու նպաստին կը սպասեն:
Մենք ազգական չունինք Հայաստանի մէջ, սակայն ամէն ամիս դրամատուն կ՚երթանք՝ գումար մը փոխանցելու մեր «ազգականներուն», բոլոր անոնց՝ որոնք հացի պայքարը կը մղեն՝ առանց իրենց անօթութիւնը յագեցնելու:
Հայաստանի ամենէն մեծ մղձավանջը սակայն՝ արտագաղթն է:
Հայաստանը իր բնակիչներէն պարպելու ահաւոր տագնապը, որ մեր թշնամիներուն տարիներու երազն է, առանց որ այդ մէկը գլուխ հանելու համար քուն փախցնեն:
Արտագաղթի համաճարակը Հայաստանը կը պարպէ իր գիտնականներէն, մտաւորականներէն եւ բանուոր դասակարգէն:
Հայաստանի ժողովուրդը կը խորհի թէ անկախութիւնը իրեն չարիք բերաւ քան թէ բարիք:
Մէկ բարիք որ մեզ երջանկացուց անկախութեան առաջին տարիներուն՝ հայ ժողովուրդի սովամահ հոգին կշտանալն էր հոգեւոր սնունդով, երբ հազարաւոր Աստուածաշունչեր ընտանիքներէն ներս մուտք գործեցին եւ հաւատքի պլպլացող ջահը անգամ մըն ալ Քրիստոսի լոյսով բոցավառեցաւ:
Մտահոգութիւն է անշուշտ աղանդներու արշաւը դէպի անօթի հոգիները եւ սակայն ժամանակի ընթացքին կը հաւատանք որ ճշմարտութիւնը պիտի տիրապետէ եւ Հայաստանի ժողովուրդը պիտի վերագտնէ իր հայրերուն անարատ հաւատքը, ո՛չ թէ մակերեսային հաւատքը,այլ հոգիներ ապրեցնող եւ Աստուծոյ միացնող հաւատքը:
Անկախութեան երազի իրականացումը մեզ կը մղէ սպասելու ուրի՛շ երազի մը իրականացման:
Ունենալ անշահախնդիր ղեկավարներ, որոնք իրենց ժողովուրդին բարօրութիւնը եւ երջանկութիւնը հետապնդեն, արդարութիւն եւ ապահովութիւն տիրէ երկրին մէջ, որպէսզի աշխարհացրիւ հայու բեկորները տուն վերադառնան, իրենց պապենական հողերը մշակելու, հայրենիքը գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի մը վերածելու, եւ աշխարհի ցոյց տալու զԱստուած պաշտող եւ Անոր վստահողներու փայլուն ապագան:
Որպէս գիտակից հաւատացեալ, եւ որպէս մէկը որ մտահոգ է իր ազգին առողջութեամբը, պարտական կը զգանք համեստօրէն յայտարարելու որ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին հոգեւոր վերազարթնումի մը պէտք ունի:
Անկախութեան օրուան մէջ Հրապարակին վրայ ծածանող դրօշները, շքանշանակիր զինուորականները, հրասայլերն ու հրթիռները մեզ այնչափ չեն խանդավառեր որչա՜փ որ կը մտահոգէ մեզ մեր ժողովուրդին Աստուծմէ հեռու ապրող վիճակը:
Երբ կը գողնանք, կը ստենք, կաշառք կը ստանանք, արդարութիւնը կ՚ոտնա-կոխենք, կարօտեալին եւ վշտացեալին կռնակ կը դարձնենք, մեր հաւատքը միայն տօնական օրերուն վերապահած ենք, անձնասէր, հաճոյամոլ, ամբարտաւան կեանք կ՚ապրինք, երբ մեր նոր սերունդը օտարին երգը, պարը կը կապկէ, գիշերային վայելքներով կը գինովնայ, բանտերու խցիկները կը խճողէ, երբ մեր դպրոցներու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մակերեսային է եւ անգործնական, ինչպէ՞ս ակնկալենք որ Աստուած օրհնէ մեր երկիրը, եւ մեր ժողովուրդին երջանկութիւն պարգեւէ:
Աստուածաշունչին մէջ սքանչելի հատուած մը կայ, որ ահազանգ է մեր վիրաւոր ժողովուրդին համար:
«Իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն, ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, Ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, ու անոնց մեղքը ներեմ, ու անոնց երկիրը բժշկեմ» (Բ Մնաց, 7:13,14):
Անուրանալի ճշմարտութիւն է որ հայ ժողովուրդը Քրիստոսի անունը կը կրէ 1700 տարիներէ ի վեր:
Այսօր կը խոստովանինք որ մեր ճամբաները այնչափ ալ բարի չեն, եւ կ՚անդրա-դառնանք որ բան մը կայ ընելիք մեր վիճակը բարելաւելու համար, Հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի մէջ:
Վերի հատուածին մէջ Աստուած մեզ խոնարհութեան եւ աղօթքի կը հրաւիրէ: Կը հրաւիրէ որ Իր երեսը խնդրենք եւ մեր ճամբաները փոխենք:
Որուն որպէս հետեւանք Ան կը խոստնայ մեր մեղքերը ներել եւ մեր երկիրը բժշկել:
Ականջ ունի՞նք Աստուծոյ այս հրաւէրը լսելու, եւ յօժա՞ր ենք Աստուծոյ հրաւէրին դրական պատասխան տալու:
Ֆիզիքական անկախութիւնը՝ լաւ է եւ սակայն, ըստ մեր Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք ու ան ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ, 8:32):
«Ես եմ ճշմարտութիւնը» կը յայտարարէ Յիսուս:
«Ուր Տէրոջը հոգին կայ, հո՛ն ազատութիւն կայ» (Բ Կորնթ, 3:17):
Թող ա՛յս ազատութիւնը ըլլայ մեր ազգային եւ անհատական կեանքի նշանաբանը:
Միւսները բոլորն ալ ժամանակաւոր են եւ խաբուսիկ:
Հանրապետութեան Հրապարակին վրայի արձանը փոխարինուէր ուրի՛շ արձանով մը՝ Յիսուսի արձանով, որ Իր թեւերը բացած օրհնէ նոր, անկախ Հայաստանը եւ թոյլ չտար որ չարը մուտք գործէր մեր պետութեան ժողովուրդի բոլոր բնագավառներէուն մէջ, որպէսզի մենք մեր քրտինքին եւ մտքին բարիքները վայելէինք եւ որպէս տիպար հանրապետութիւն օրինակ ըլլայինք աշխարհի բազմագոյն եւ բազմալեզու ժողովուրդներուն:
Այսօր մենք մեր անցեալով կը հպարտանանք: Կը հպարտանանք որ մենք առաջին ազգն ենք որ Քրիստոնէութիւնը ընդունած ենք, շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ իր հետեւորդներուն: Կը հպարտանանք Տիգրան աշխարհակալով, Վարդան Մամիկոնեանով, Նարեկացիով ու Շնորհալիով, կը հպարտանանք Մեսրոպ Մաշտոցով եւ մեր ոսկեղնիկ հայերէն լեզուով, առանց անդրադառնալու որ այս բոլորը բացակայ են այսօր, մինչ ներկան մերկացած է մեր սրբակենցաղ հոգեւորականներէն, մեր սրբազան գրականութենէն եւ մեր հիանալի լեզուէն: Մենք միայն մեր մականուններուն կցուած «եան» ին կը կրթնինք մեր հայ ըլլալը փաստելու համար, երբ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր ժողովուրդը իւրացուցած է ու կը գործածէ տեղական լեզուն, նոյնիսկ ոմանք իրենց մականուններու «եան»ն ալ կտրած նետած են եւ տեղական մշակոյթի զոհ տուած ենք մեր նոր սերունդը:
Ո՞ւր են եւ ինչո՞վ կը զբաղին մեր կրօնական եւ ազգային առաջնորդները, անոնք որոնց սուրբ պարտականութիւնն է օրինակ ըլլալ իրենց ազգակիցներուն, նկարագիրով եւ ծառայութեամբ:
Այսօր կոչ մը կայ վերադառնալու մեզի անկախութիւն շնորհող Աստուծոյն, խոնարհելու Անոր առջեւ, հնազանդելու Իր սրբազան խօսքին եւ վայելելու Անոր շնորհած բարիքները:
«Երանի այն ազգին որուն Աստուածը Տէրն է», կը յայտարարենք մենք Սաղմոսերգուին հետ:
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ