ԳՐԵՑ` ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Այս շաբաթուայ թերթը մամուլին յանձնելու պահի դրութեամբ ուկրաինական ճգնաժամը թեւակոխած էր իր երկրորդ շաբաթը եւ նուազման որեւէ նշան ցոյց չէր տար: Ոչ ոք յստակ չի գիտեր, թէ ինչպէս կ’աւարտուի ճգնաժամը։ Բայց արդէօ՞ք ան շուտով կ’աւարտուի: Անկախ անկէ, թէ այն կը սահմանափակու՞ի, թէ` կ’երկարաձգուի, ան անպայման պիտի ազդէ Սեւ եւ Կասպից ծովերու աւազաններու երկիրներու վրայ:
Արդէօ՞ք ան կրնայ շահագործուիլ Պաքուի կողմէ՝ իրականացնելու հայերու դէմ երկրորդ եւ վերջին ցեղասպանութիւնը գործադրելու Հարաւային Կովկասի` Հայաստան/Արցախի մէջ:

2020 թուականի աշնան Ատրպէյճանն օգտագործեց համաշխարհային Covid-19 համաճարակը եւ 2020 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնները որպէս քօղ՝ Արցախի Հանրապետութեան հայերու դէմ զանգուածային ահաբեկչական <ագրեսիա> յարձակում իրականացնելու համար։
Արդէօ՞ք 2022 թուականի գարնան Ատրպէյճան կ’օգտագործէ ուկրաինական ճգնաժամը որպէս ծածկոյթ՝ կրկին յարձակելու Արցախի եւ Հայաստանի հայերու վրայ:
Արցախի Հանրապետութեան մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի աշնանային 44-օրեայ հակահայ յարձակման ժամանակ միջազգային հանրութիւնը հիմնականին մէջ լռած էր եւ այլ կողմ կը նայէր։ Այդ յարձակման ընթացքին Ատրպէյճան Հարաւային Կովկասի պատմութեան մեջ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց ԴԱԻՇ-ի հազարաւոր ահաբեկիչներու՝ Սուրիայէն եւ Փաքիստանէն ներածուած։
Օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան ձեւաւորել արդիւնաւետ եւ գործնական արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութիւն, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ, USA Armenian Life Magazine-ը եւ armenianlife.com-ը կը ցանկան հրաւիրել համաշխարհային հայ համայնքի մաս կազմող իրենց ընթերցողներուն՝ ներկայացնելու ստորեւ նշուած երեք հարցումներէն իւրաքանչիւրի պատասխանը:
Հարցում 1. Համաշխարհային հայերը եւ Հայաստանի/Արցախի բարեկամները պէ՞տք է ահազանգեն Արցախ/Հայաստան Ատրպէյճանական հնարաւոր երկրորդ ահաբեկչական եւ ցեղասպանական ներխուժման մասին:
Հարցում 2. Արդէօ՞ք Ատրպէյճան կրնայ օգտագործել ուկրաինական ճգնաժամը որպէս ծածկոյթ՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կրկին յարձակելու հայերու վրայ:
Հարցում 3. Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի այդ ներխուժումը եւ ի՞նչ պէտք է ընեն համաշխարհային հայութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը:
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի, USA Armenian Life Magazine-ի եւ armenianlife.com-ի խմբագրական կազմը կը սպասէ ձեր պատասխաններուն: