«ՎԻ-ՊԵԹ» Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ մրցումին, Երեւան-Պասքեթ 84-82 արդիւնքով յաղթելով Հատիսին, հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան: Գիւմրի հանդիսացաւ երրորդ: Նկատի ունենալով, որ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, երրորդ մրցումին յաղթականը պիտի հռչակուէր ախոյեան: Նշենք, որ այս երրորդ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հատիսէն Փէյթըն Թէյլոր (50 կէտ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: