Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական Վելեսի ֆութպոլիստ Արթուր Գալոյեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Նշուեցաւ, որ ան Երեւան եկաւ, ստանալու համար հայկական անձնագիր, որմէ ետք կը կարծուի, որ ան մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ան երէկ ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, ինչ որ անոր առիթ տուաւ միանալու հաւաքականին: 22 տարեկան Գալոյեան, որ Թորփետօ Մոսկուայի սան է, 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ Վելես Մոսկուայի: Ան ծնած է 25 յունիս 1999-ին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29 մրցումի, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ։