Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կառուցման: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ծառայութենէն յայտնած են` պատասխանելով «Լուրերու» այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները յանձնառո՞ւ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան առաքելութեան համահունչ` Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ լուծման հոլովոյթին: «Լուրերը» յիշեցուցած է, որ մէկ օր առաջ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր. «Մեր, այսպէս կոչուած, ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները, ռուսատեաց մոլագարութեան մէջ ձգտելով ջնջել Ռուսիոյ առնչուած ամէն բան, ջնջած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, որ չեն ուզեր այդ ձեւաչափով մեզի հետ հաղորդակցիլ»: «Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը յորդորենք աշխուժացնել իրենց դիւանագիտական հաղորդակցութիւնը եւ շարունակել օգտուիլ ուղղակի հաղորդակցութեան համար գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներէն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող կամ վերջինիս պատճառով յառաջացած խնդիրներու համար համապարփակ լուծումներ գտնելու նպատակով եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի հասնելու եղանակով», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան նամակին մէջ: «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն պատրաստ ըլլալ այս նախաձեռնութիւններուն մէջ աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մեր կարողութիւններու ծիրին մէջ», յայտնած են նախարարութենէն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *