Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Երեւանի 171-րդ հիմնական դպրոցը անուանակոչուեցաւ համաշխարհային օլիմփիատի ախոյեան Կարէն Ասրեանի անունով:
Կարէն Ասրեան ծնած է 24 ապրիլ 1980-ին:
Ան 1998-ին դարձած է կրանտմասթըր:
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին հետ ան 2006-ին տիրացած է համաշխարհային օլիմփիատի ախոյեանի կոչման:
Իր մարզական ակնառու յաջողութիւններուն համար ան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» եւ բազմաթիւ այլ մետալներով:
Ան իր ամէնէն բարձր վարկանիշին հասած է 2006-ին (2646 կէտ):
Կարէն Ասրեան իր կեանքին վերջին ամիսներուն կը կատարէր Իրանի ճատրակի ազգային հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը:
9 յունիս 2008-ին ան յանկարծամահ եղաւ ուղեղի կաթուածի պատճառով:
