Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առնուազն 62 քոնկրեսականներ իրենց ձայնը միացուցած են Քերըլայն Մըլոնի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ներկայացուած այն բանաձեւին (H.R.7555), որ Քոնկրեսի գրադարանի հովանիին տակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար 10 միլիոն տոլարի աջակցութիւն կը պահանջէ:
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վա-
յելող առաջարկը կու գայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Ներ-կայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան լոյսին տակ եւ կը հանդիսանայ անոնց տրամաբանական յաջորդ քայլը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց մեծ թիւով քոնկրեսականներու ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ յայտնե-լով, թէ յոյս ունի, որ կարելի կ՛ըլլայ բանաձեւը արագօրէն վաւերացնել։ Ան Ցեղասպանութեան դասաւանդումը յոյժ կարեւոր նկատեց յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ջանան շարունակել 1915ին սկսած ցեղասպանութեան փորձը:
Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպա-նութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին քոնկրեսական Մըլոնի խօսքը ունկնդրելու եւ բանաձեւին զօրակցող քոնկրե-
սականներու ամբողջական ցանկը տեսնելու համար այցե-լել կայքէջը:
Այս առաջարկին զօրակցելու նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել կայքէջը:
