Նիտերլանտներ կատարած այ-ցելութեան ծիրին մէջ, Լահէյի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Նիտերլանտներու վարչապետ Մարք Ռութէի հանդիպումը:
Հայաստանի կառավարութեան լրատուականին փոխանցմամբ
Ռութէն կարեւորած է ՀՀ վար-չապետին պաշ տօնական այցը
Նիտերլանտներ եւ երկու երկիր-
ներուն միջեւ փոխգործակցու-թեան զարգացումը բոլոր ոլորտ-ներու մէջ:
Զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւն-ներու զարգացումն ու ընդլայ-նումը, գործարար կապերու ընդ-
լայնման ուղղութեամբ համապա-տասխան միջոցառումներու իրականացումը, անդրադարձած են ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գոր-ծընթացներուն:
Այնուհետեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:
Մարք Ռութէն մասնաւորապէս նշած է. «Վարչապետ Փաշինեանի այցը շատ ճիշդ պահին տեղի կ’ունենայ, քանի որ Հայաստանի կառավարութիւնը անցեալ տարուայ ընտրութիւններէն յետոյ, շատ մեծ ծրագրեր ունի. շատ թեմաներ ունինք խօսելու, շատ մեծ ծրագրեր կան»:
«Հայաստանը մեծ ներդրումներ կատարած է եւ կ’երթայ ժողովրդավարութեան ճանապարհով, չնայած երբեմն կ’ըլլան բարդ իրավիճակներ եւ պայմաններ: Վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ շատ մեծ փոփոխութիւններ իրականացուած են, փտածութեան եւ շատ այլ խնդիրներու դէմ պայքար իրականացուած է: Ես մեծապէս համոզուած եմ, որ բարեփոխումները պիտի ըլլան շատ արդիւնաւէտ, եւ բոլոր հայերը անկէ օգուտ պիտի ստանան: Ես մեծ գնահատական կու տամ պարոն Փաշինեանին, շատ կը գնահատեմ իր կառավարութեան գործունէութիւնը եւ իրեն խոստացած եմ, որ պիտի օժանդակենք ամէն կերպ», հայկական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն
յայտարարած է Նիտերլանտներու վարչապետը:
«Չնայած շատ դրական ձեռքբերումներ կան, ցաւօք, Ուքրանիոյ մէջ աղէտալի պատերազմը բոլորը կը վշտացնէ: Ի հարկէ, այդ մասին մենք այսօր խօսած ենք: Մեր դիրքորոշումը շատ պարզ էայդ ահաւոր պատերազմը պէտք է դադրի, եւ բոլոր կողմերը պէտք է սեղանի շուրջ նստին եւ բանակցութիւններ սկսին անոր վերաբերեալ: Միայն այդ կրնայ յանգեցնել մշտական խաղաղութեան: Ցաւօք, Հայաստանը շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ինչ կը նշանակէ պատերազմը, եւ այդ իսկ պատճառով ալ այդքան կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը վերջերս սկսած են բանակցութիւններ վարել, որպէսզի շուտով իրականանայ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութիւնը: Մենք կը շեշտենք անոր կարեւորութիւնը եւ Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն կ’օժանդակենք», ըսած է Մարք Ռութէն:
Նիկոլ Փաշինեանը արձանագրած է, որ սա Հայաստանի ղեկավարի առաջին պաշտօնական այցն է Նիտերլանտներ, ապա շարունա-կած է. «Ես այսօր մի քանի անգամ առիթ ունեցել եմ ասելու, որ փաստը, որ այս ժամանակում տեղի է ունենում այս պաշտօնական այցը, ես գնահատում եմ ոչ միայն մեր հարուստ պատմական յարաբերութիւնների եւ առեւտրա-տնտեսական բաւական զարգա-ցած յարաբերութիւնների արտա-
յայտութիւն, այլեւ Նիտերլանտ-ների եւ անձամբ Ձեր, պարոն
վարչապետ, աջակցութիւնը հայ-
կական ժողովրդավարութեանը, մեր կառավարութեան որդե-գրած ժողովրդավարական բարե-փոխումների օրակարգին»:
«Պիտի արտայայտեմ նաեւ իմ շնորհակալութիւնը Ձեզ, պա-րոն վարչապետ, Ձեր արտայայտած դիրքորոշումների վերաբերեալ
կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ այն բանի համար, որ Դուք յստակ աջակցում էք ՀՀ կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգին: Պէտք է ասեմ, որ այո՛, մենք խաղաղութեան օրակարգ որդեգրելու եւ իրականացնելու մանտաթ ենք ստացել մեր ժողովրդից նախորդ տարի տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններում, որը պէտք է ուրախութեամբ արձանագրեմ, որ միջազգային հանրութեան կողմից միանշանակ գնահատուել է որպէս ազատ եւ ժողովրդավարական չափանիշներին համապատասխան», յայտնած է Հայաստանի վարչապետը:
«Ժողովրդավարական բարեփոխումների աջակցման գործում մեծ է Նիտերլանտների Թագաւորութեան եւ Ձեր կառավարութեան դերը: Ի հարկէ, մեր հիմնական համագործակցութեան գործընկերը Եւրոմիութիւնն է այս հարցում, եւ ի հարկէ, Եւրոմիութեան անդամ երկրների աջակցութիւնը կարեւոր է: Պիտի արձանագրեմ, որ 2021 թուականին ուժի մէջ մտաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որը, ըստ էութեան, հէնց ժողովրդավարական բարեփոխումների համատեղ օրակարգն է: Եւ մենք վճռական ենք այդ օրակարգը լիարժէք իրականացնելու, վճռական ենք մեր երկրի եւ մեր տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու առումով», ըսած է Փաշինեան:
«Մենք քննարկեցինք նաեւ այն հոլովոյթները, որ տեղի են ունենում Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններում, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններում: Եւ պէտք է ուրախութեամբ նշեմ, որ ըստ էութեան, արձանագրում ենք, որ մենք ընդհանուր պատկերացումներ ունենք այդ հոլովոյթների վերաբերեալ եւ ընդհանուր պատկերացում ունենք, որ խաղաղութեան օրակարգն իսկապէս պէտք է իրագործուի: Բայց նաեւ, մենք բոլորս գիտենք, որ առանց միջազգային հանրութեան աջակցութեան դա հնարաւոր չէ, եւ ուրախ ենք, որ միջազգային մեր գործընկերների շրջանում այդ օրակարգն ըմբռնում է գտնում», նշած է Հայաստանի վարչապետը:
Փաշինեանը եւ Ռութէն պատասխանած են լրագրողներու հար-ցումներուն:
Հայաստանի վարչապետին այցը Նիտերլանտներ աւարտած է:
