Առակ

Իմ անունը է նախանձ,
Մէջս կ՝ապրի երկու անձ,
Մին բարի է ,միւսը չար,
Բայց ո՝չ իրար հաւասար։
Բարին երբեք ուժ չ՝ունի,
Լոկ զէնք մ՚է չքմեղանքի,
Զոր ցոյց կու տամ միմիայն,
Երբ թակարդի մէջ իյնամ։
Իսկ չարը ունի արմատ,
Զաւակս է հարազատ,
Որ կը ծծէ յարատեւ ,
Իմ թունախառն կաթը սեւ։
Ծալքերուն մէջ իմ մարմնին,
Մաղձասէր ու չարածին,
Որդ մը ունիմ ես յատուկ,
Որ ակռաներով կտրուկ ,
Բացած իր լայն ախորժակ,
Կը կրծէ զիս շարունակ…
Ա՜խ չեմ կրնար դիմանալ,
Ո՛չ ալ հանգիստ քնանալ,
Երբ ծանօթի մը տղան,
Աշխատանքով տքնաջան,
Կը դառնայ հանրաճանաչ՝
Բժիշկ մը կամ փաստաբան,
Գրագէտ կամ գիտնական,
Երգիչ մը կամ դերասան,
Կուսակցական ղեկավար,
Կամ ալ յայտնի գործարար։
Ուղղակի կը խենթանամ,
Երբոր յանկարծ իմանամ,
Թէ ընկեր մը վաղեմի,
Փայլուն աստղովը բախտի,
Ժառանգեր է հօրեղբօր
Ունեցածները բոլոր։
Ո՛հ,չեմ կրնար ես տոկալ
Ու ջիղերուս տէր դառնալ,
Երբ իմ ծանօթներէն մին,
Որպէս ծառայող ազգին,
Կամ հայկական դպրոցի
Ուսուցիչ մը հայ լեզուի,
Հանդիսութեամբ պանծալի,
Կ՝արժանանայ մետալի։
Նստած վրան կրակի,
Խորովածի պէս կ՝այրիմ,
Երբ գործի նոր պաշտօնեան
Խելամիտ ու ժրաջան,
Ընդմէջ կարճ ժամանակի,
Յաջողութեան կը հասնի,
Բարձր պաշտօն կը ստանայ
Ու մեծաւորս կը դառնայ։
Ահա այսպէս թունածոր,
Հոգսեր ունիմ ամէն օր,
Որոնք մաղձով մոլեգին,
Կը ծակծկեն իմ հոգին։
Թէ կ՝ուզէք գալ անպայման,
Իմ անձին դէմ յանդիման,
Կը գտնէք զիս անվարան,
Ձեր շուրջը ամէն վայրկեան,
-Վարմունքով վանողական
-Նայուածքով խստադաժան
-Մտածմունքով ժխտական
-խօսքերով անդուրեկան
-Եւ ժպիտով քծնական՝
Մարդոց դէմքերուն վրան։

Եզնիկ Բալիկ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *