22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն մասին նոյն օրն իսկ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
Նիկոլ Փաշինեանի, Շարլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում մըՓաշինեանի եւ Միշելի միջեւ: Հայաս-տանի վարչապետի աշխատակազմէն հաղորդեցին, որ զրուցակիցները անդրադարձան նոյն օրն իսկ նախատեսուած եռակողմանի հանդիպումին
կարեւոր նկատելով երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրներն ու ընդգծեց անոնց լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Ն. Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին նախորդ տարուան 14 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալյոյս յայտնելով, որ եռակողմանի բանակցութիւնները կ՛ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան ու խնդիրներու համապարփակ լուծման:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս
Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրարի իրականացման ընթացքը:
