ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Յունիս 2-ին հրապարակած է «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021-ի զեկոյցը»:
Զեկոյցի «Ատրպէյճան» բաժնին մէջ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը կը յիշատակէ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնըկապուած Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային վերաբերեալ:
Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կառա-վարութիւնը հայ ուխտաւորներուն բազ-
միցս մերժած է մուտք գործել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանք: Ատրպէյճանցիները, իրենց հերթին, չեն կրցած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:
Պետական Քարտուղարութիւնը յիշեցուցած է, որ ԵԽԽՎ բանաձեւը մտա-հոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակի վրայ զար-գացող այն վարկածին առնչութեամբ, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկա-սեան ալպանական» ժառանգութեամբ:
Կ’ընդգծուի, որ տարուայ ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած է հայկական մշակութային եւ կրօ-նական կառոյցներուն նկատմամբ վան-
տալիզմի, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարու-թեան դիտաւորեալ իրականացուող գործողութիւններուն մասին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *