Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբար-ձութեան ախոյեանութեան առաջին օրը, Հայաստան ունեցաւ իր առաջին ախո-յեանը:
81 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի երիտասարդներու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Ռաֆայէլ Յարութիւնեան, արձանա-գրելով 354 քկ արդիւնք մը (160+194), տիրացաւ ոսկի մետալին:
Նոյն այս դասակարգին մէջ, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչըԿարէն Մարգարեան, գրաւեց չորրորդ դիրքը (337 քկ): Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալէ ետք Յարութիւնեան ըսաւ, որ բաւական շատ սպասեց այս օրուան դառնալու համար տիտղոսակիր:
Ան յայտնեց նաեւ, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ իր ընտանիքին եւ ամբողջ հայ ազգին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *