Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը Յունիս 2-ին իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած էլ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզո-յեանին:
Նախարար Միրզոյեան շնորհաւորվծ է Նորա Արիսեանը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան իր դիւանագիտական գործունէութիւնը կը ծառայեցնէ հայ-սուրիական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու փոխշահա-ւէտ համագործակցութեան ընդլայնման:
Զրուցակիցները մեծապէս արժեւորած են փոխադարձ համակրանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական, բարե-կամական կապերը: Այս առումով ընդգծուած է սուրիահայ համայնքին ունեցած դերը:
Ընդգծելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ դի-ւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը` կողմերը ան-դրադարձ կատարած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *