ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Յունիսին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի նախագահութեամբ Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ ՀԱՊԿի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կո-
միտէի հերթական նիստը:
Քննարկումի առարկայ դարձան ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու ապահովական մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները չէզոքացնելու միջոցառումները, ՀԱՊԿ-
ի տարածաշրջանին մէջ համատեղ հակաահաբեկչական գործողու-թիւններու վերաբերեալ առաջնահերթութիւն ներկայացնող հարցեր:
Գրիգորեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ապահովական միջավայրին՝ նշելով, որ անիկա լեցուն է մարհահրա-ւէրներով, ինչ որ պայմանաւորուած է հայ-ատրպէյճանական չկարգաւորուած յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնահարցին հետ: Ան անընդունելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի պահպանման դրութեան խախտումը, որ նաեւ
զոհերու պատճառ կը դառնայ։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշըրջափակմանԳրիգորեան նշեց, որ Ատրպէյճան ժամանակ առ ժամանակ կը բարձրացնէ այսպէս կոչուած Հայաստանի տարածքով «հաղորդակցութեան մի- ջանցք» բանալու հարցը. ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ «Հայաստանի Հանրա- պետութեան տարածքում միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ տրանս-պորտային ուղի գոյութիւն ունենալ չի կարող»՝ շեշտելով, որ ըստ Հայաստան, Ռու- սիոյ եւ Ատրպէյճանի եռակողմ բոլոր յայտարարութիւններուն, չկայ որեւէ յիշա-տակում միջանցքներու մասին: Խօսելով Արցախի տագնապին մասին՝ Գրիգորեան նշեց, որ հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ եւ հիմնահարցի համապարփակ լուծումը պէտք է տրուի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Նիստին մասնակցողները եւ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս այցելեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ դարձեալ մտահոգութիւն յայտնեց տարածաշրջանի իրավիճակին եւ յատկապէս Արցախի տագնապին վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ կազմակերպութիւնը համապատասխան չ՛արձագանգեր Ատրպէյճանի բռնութիւններուն, թէեւ այդ մէկը ընելու լիազօրու-թիւն եւ պարտաւորութիւն ունի։ Նշելով, որ նախորդ տարուան 12 Մայիսին, ատրպէյճանական զինուժը ներ- խուժեց Հայաստանի տարածքը, որմէ ետք Հայաստան դիմեց ՀԱՊԿին
Փաշինեան ընդգծեց. «Տեսնում ենք, որ Ադրբեջանի կողմից ագրեսիւ (արձակողապաշտ) յայտարարութիւնները շարունակւում են, եւ մենք այս հարցը պէտք է քննարկենքյատկապէս հաշուի առնելով, որ Հայաստանը դիմել է ՀԱՊԿին, քանի որ դա ե՛ւ մեզ, ե՛ւ կազմակերպութեան համար շատ սկզբունքային հարց է: Ես ցանկանում եմ նշել նաեւ հետեւեալը. մեր տարածք ադրբեջանական զօրքերի ներխուժումից յետոյ որոշ մեկնաբանութիւններ եղան առ այն, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ չկայ սահմանագծուած եւ սահմանազատուած սահման: Անկեղծ ասած, սա բաւական վտանգաւոր ձեւակերպում է, քանի որ ահա մենք ասում ենք
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտի:
Եթէ մենք ասում ենք, որ պէտք է հաշուի առնուեն այն սահմանները, որոնցով իրականացուել են դեմարկացիայի (սահ-մանագծման) եւ դելիմիտացիայի (սահմանազատման) գործընթացները, դա կարող է լղոզել ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտի հասկացութիւնը, քանի որ հարց է ծագումիսկ որտե՞ղ է սկսւում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին, եւ որտե՞ղ է աւարտւում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին: Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունի կոնկրետ (յստակ) սահման, քանի որ 1991 թուականին, երբ ստեղծուել է Ան-կախ պետութիւնների համագործակցութիւնը, ստորագրուել է միջպետական համաձայնագիր, որում յստակ գրուած է, սահմանուած է, որ երկրները փոխադարձաբար ճա-նաչում են միմեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները: Այստեղ նկա-տի են առնւում Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վարչական սահմանները, եւ ես կարծում եմ, որ մենք պէտք է այս ելակէտն ունենանք»: Այս իրավիճակին հակառակ մեկնաբանութիւնը, ըստ Փաշինեանի, պիտի նուազեցնէ ՀԱՊԿի արդիւնաւէտութիւնը: «Յոյսով եմ, որ այս հանդիպման եւ ձեր նիստի ընթացքում նշուած նիւանսները (նրբերանգները) նոյնպէս կը քննարկուեն: Վերջերս Մոսկուայում, երբ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը, ես բարձրացրել եմ այս հարցը: Մենք քննարկում ենք սկսել, եւ ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ, որպէս նախագահող, յանձնարարել ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին
մեր կանոնա-դրական փաստաթղթերին համապատասխան կազմակերպել այս հարցը, քանի որ հիմա իրավիճակը մեր տարածաշրջանում, կարելի է ասել, կայուն լարուած է:
Բայց այն յայտարարութիւնները, որոնք հնչում են Ադրբեջանի պաշտօնատար անձանց կողմից, պէտք է նախազգուշացնող լինեն, եւ կարծում եմ, որ այս հարցը պէտք է քննարկենք ՀԱՊԿ ձեւաչափում», ըսաւ Փաշինեան:
