ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
2021-ի, Յունիսի 21-ի Հայաստանի Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններէն՝ մէկ տարի անցած է: Նախընտրական պայքարի ժամանակ, վերընտրութեան թեկնածու Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խոստացան վերընտրուելու պարագային գարծադրելու պողպատէ մանդատ: ՔՊ եւ Փաշինեան ստանացան այդ մանդատը: Սակայն մինչ օրս՝ մէկ տարի ետք, տակաւին արմատական ոչ մէկ բարեփոխում իրականացուեցաւ: Բազմաթիւ սրտացաւ հայեր ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի կը շարունակեն անձլութեամբ սպասել այն պահին երբ ոչ միայն հին եւ նոր գողապետականները այլ նաեւ կեղծ եկեղեցականները օրէնքի ՙդիկտատորայի՚ ենթարկուին: Արդարօրէն բոլորն ալ կը հաւատան որ միայն օրէնքի գերհզօր կիրառմաբ է, որ Հայկական պետականութիւնն ու Հայ Եկեղեցին կրնաՆ պաշտպանել պատուաբեր եւ ազգանպաստ գոյութիւն: Ըստ բազմաթիւ զրուցակիցներու կարծիքին, հիմնական առաջադրանքները որոնք կը կարօտին անմինջական ուշադրութեան հետեւեալներն են. 1- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ կազմել բացայայտելու բոլոր դաւաճանները որոնք խափանեցին/սաբոտաժի ենթարկեցին հայ ազգին եւ Հայկական պետականութեան ռազմական գործունէութիւնը 2020-ի 44-օրեայ Ատրպէյճանա-Թուրքա-տաիշական ահաբեկչական յարձակման ժամանակ: Կապ չունի թէ այդ դաւաճանները ո՛ր ճամբարի ալ մաս կազմեն—գողապետակա՞ն թէ օտար ուժերու ենթակայ՝ սորոսական ճամբարին: Այս միտք բարձրացուած էր առաջին անգամ՝ 2020-ի Նոյեմբերին ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի մէջ: Որոշ տեղաշարժեր եղան սակայն դեռ եւս չէ լիովին գործադրուած: 2- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ կազմել նաեւ բացայատելու բոլոր ապօրինի իւրացումները սկսած Լեւոն Տէտ-Պետրոսեանի վարչաշրջանէն (1991-1998) մինչեւ Ռոբերտ Քոչարեան (1998-2008) մինչեւ Սերժ Սարգսեան (2008-2018) մինչեւ Նիկոլ Փաշինեան (2018- մինչեւ հիմա) եւ այդ ապօրինի իւրացումները բռնագանձել եւ վերադարձնել պետական գանձարան որ ամբողջ Հայ Ազգին կը պատկանի: 3- Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը միշտ ալ անբաժան մասնիկները եղած են Հայ Ազգին եւ որպէս այդպիսին քաջ վստահ եմ՝ աշխարհացրիւ Հայ Ազգի զաւակներուն ջախջախիչ, եթէ ոչ՝ բաձարցակ մեծամասնութիւնը, կողմ են որ հայկական զոյգ պետութիւններու ինքիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը առաւել հզօրացուի եւ Հաայստանն ու Արցախը կառավարուին ազգասէր, պետականասէր ուժերու կողմէ որոնք միայն ու միայն կ՛առաջնորդուին Հայկական Արեւելումով ուղղուածութեամբ:

4- Տղեկատուական դաշտի ամբողջական ապանեխում: Ներկայիս հին գողապետականները Հայ Ազգէն կողոպտած միլիարդաւոր տոլարները կ՛օգտագործեն Հայ Ազգի դէմ յանձինս՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռքի: Ազգային թիւ սպառնալիք հանդիսացող այս երեւոյթը հարկաւոր է արմատախիլ ընել: Շատ ՙանելիք՚ ունինք: Լիապէս համախոհ եմ Հայաստանի ռամահայրենասիրական կազմակերպութիւն ՙ Ողջ Մնալու Արվեստ –ՈՄԱ՚-ի հիմնադիր պր. Վովա Վարդանովի հետ որ ՙաշխատասիրութիւնը հիմնաքարն է յաջողութեան եւ իրագործումներու՚: Բոլորիս առաջադրանքն է որ Օրուան իշխանութիւնները ապօրինի իւրացումներու բռնագանձման օրէնքին ենթարկելու նախկիններուն եւ ներկայ իշխանութիւններուն օրոք կատարուած ապօրինի իւրացումները: Բազմաթիւ հայեր հարց կուտան ՙարդէօ՞ք ներկայ ինշխանութիւնները գաղտնի խոստում տուած են հին գողապետականներուն որոնք կը շարունակեն խոշոր չափով անպատիժ մնալ: Թէկուզ կան որոշ դատական գործեր որոնք հնարաւորութիւն տուած են պետութեան գանձարան վերադարձնել որոշ գումարներ: Յունիս 27-ի Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստը Քազացիական Պայմանգիր իշխող կուսակցութիւնը «դժուարութեամբ սկսեցաւ» արտահերթ նիստը: Որովհետեւ երկու անգամ ՙքվորում՚ նուազագոյն-պարզ մեծամասնութիւն չգոյացաւ Առաջին նիստին:
Ինչու՞ այս խայտառակութիւնը: Ներկայ կեղծ ընդդիմութիւնը որ մեծաւմասամբ կազմուած է հին գողապետական ռեժիմի կցորդներէն պոյքոթի ենթարկեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստը: Ինչու՞: Արդէօ՞ք զիջումներ ապահովելու համար Քազացիական Պայմանգիր իշխող կուսակցութենէն 1) Չդատուելու որեւէ հաւանական դաւաճանական ակտի համար 2) Իրենց թալանը – ապօրինի իւրացումները մշտապէս պահպանելու համար: Եւս մէկ հրատապ առաջադրանք կայ որ այսօրուան կեղծ ընդդիմութիւնը եւ բոլոր ընտրակաշառքով ապօրինի ընտրուած ազգային ժողովի անդամները օրէնքի տրամադրութիւններուն ենթարկուին եւ բռնազրկուին իրենց մանդատներէն որպէսզի ճանապարհը բացուի ազգայնասէր-պետականասէր ուժերու մասնակցութեան ազգային ժողովէն ներս:

Այս ընթացքով՝ քանի որ դեռ եւս հին բոլշեւիկեան գողապետականները կը շարունակեն խաթարել Հայոց պետականութիւնը իրենց հնամաշ սովետախառն կոռումպացուած մշակոյթով կը նշանակէ որ Հայկական պետականութիւնն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը մնան որոշ չափով սովետական մտածելակերպի ազդեցութեան ներքոյ: Սա իսկակա՞ն ազատ անկախ Հայաստան է թէ՞ տակաւին կիսասովետական ապազգային Հայաստան է: Եթէ այսպէս շարունակուի ազատ աշխարհի թեմերն ալ պիտի սովետականացուին: Ուրեմ այսպէս հերթաբար Արեւմտեան Թեմը պիտի վերանուանուի ՙՍովետական Արեւմտեան Թեմ՚ եւ որուն մէնատէրը՝ չար արքեպիսկոպոս, կրճատումը՝ ՙչարքեպիսկոպոս՚ Յովնան Տէրտէրեան: Նոյնպէս՝ 1999-ի չարաբաստիկ Հոկ. 27-ին Հայ Եկեղեցին բռնազաւթուեցաւ նախկին ԿԳԲ-էշնիկ եւ գող-աւազակ Գարեգին Բըըը-ի եւ իր կլանի կողմէ, մեսակցութեամբ՝ Սփիւռքի ՀԲԸՄ-ն բռնազաւթած Պերճ Սեդրակեանի կողմէ որի ապօրինի 20 միլիոն տոլարի ընտրակաշառքով Գարեգին Բըըը-ին ընտրուեցաւ: Հիմա արդեն փաստ է թէ Գարեգին Բըըը-ն ալ իր հերթին նախկին գողապետականներուն մեղսակից է: նախկին ԿԳԲ-էշնիկ եւ գող-աւազակ Գարեգին Բըըը-ի եւ իր կլանակից Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի օրոք՝ Հայ Եկեղեցին դարձած է սովետական կարոյց որտեղ Գարեգին Բըըը-ի եւ իր կլանակից Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի ու իրենց աշխարհական մեսակիցներու կողմէ եւ որոնց կարգին ՀԲԸՄ-ի Սինան Սինանեանի, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Էտմոն Ազատեանի թալանը եւ դրամի լուացումը մեծ հարուածի տակ դրած են Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Դպրոցը: Հին գողապետականները գլխաւորութեամբ Ռոբերտ Քոչարյանի Սերժ Սարգսյանի Գարեգին Բ-ի, Յովնան Տէրտէրեանի Եզրասի այնպէս մը կը ձեւացնեն որ իրենց թիկունքին կայ Ռուսաստանն ու Նախ. փութինը: Սորոսականներն ալ այնպէս մը կը ձեւացնեն որ իրենց թիկունքին կայ արեւմուտքը Այսօր խօսինք Ռուսաստանի ու նախ փութինի անունը չարաշահող ուժերու մասին: Ռուսաստանն ու Նախ. Փութինը արդէօ՞ք տեղեակ են որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Ռոբերտ Քոչարյանը Սերժ Սարգսյանը Գարեգին Բըըըն, Յովնան Տէրտէրեանը եւ Մոսկուայի Եզրասը կը չարաշահեն եւ իրենց չափազանց վարկազրկուած ըլլալով կը վարկաբեկեն Ռուսաստանին ու նախ փութինին: Վստահ եմ որ Ռուսաստանի խորապէս կը հետաքրքրէ աշխարհի հայութեան մօտ օրս ըստ օրէ ձեւաւորուող հասարակական կարծիքը Մոսկուայի եւ Ուշինկթընի հանդէպ: Ես ու իմ նմանները չենք խորհիր որ Մոսկուայի ղեկավարները այդքան հաշտ աչքով կը դիտեն իրենց գիրկը սնտած սակայն իրենց մորուքը քաշող Հին գողապետականները Ռոբերտ Քոչարյանի Սերժ Սարգսյանի Գարեգին Բըըը-ի, Յովնան Տէրտէրեանի ԵՒ Մոսկուայի Եզրասի չարաշահումները: Մոսկուայի ղեկավարները արդէօ՞ք տեղեակ են որ աշխարհի հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զօրաւոր հակակրանք ունի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Ռոբերտ Քոչարյանի, Սերժ Սարգսյանի, Գարեգին Բըըըըը-ի, Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի նկատմամբ: Ինչքան շուտ Մոսկուան դադրեցնէ իր համագործակցութիւնը այս թալանչիներուն հետ այնքան արագ կառավարելի կը դարձնէ Ռուսիոյ մասին զարգացող աշխարհի հայութեան մօտ ձեւաւորուող հանրային կարծիքը: Ինչպէս անգլերէն կ՞ըսեն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարյան Սերժ Սարգսյան, Գարեգին Բըը, Յովնան Տէրտէրեան եւ Մոսկուայի Եզրասը Դարձած են “Highly Toxic Assets”– այսինքն ՙԴունդ Թունաւոր Ունեցուածք՚: Օրինակի համար վերջերս Յովնան Տէրտէրեան սկսած է այնքան TOXIC – այսինքն Դունդ թունաւոր որ ամերիկացի քաղաքական ղեկավարները եւ օտարերկրեայ ներկայացուցիչները կը գերադասեն վերջինիս հետ: