Եւրոպայի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Գ. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը երբ Բ. խմբակին մէջ արձանագրեց 81-64 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մըՃիպրալթարի դէմ:
Հայաստանէն 17-ական կէտ նշանակեցին Գոռ Սիմոնեան եւ Արայիկ Գէորգեան:
Հայրենի կազմը իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ վաղը
երեքշաբթի, 26 յուլիսին, Մոլտովայի դէմ:
