Ալիեւ Դժգոհ Է Ատրպէյճանի Դէմ Եւրոպական Խորհրդարանի Որդեգրած Բանաձեւերէն

Posted on July. 29. 2022

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Ճէյմզ ՄըքԱլիսթըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ալիեւ դժգոհութիւն յայտնեց խորհրդարանին «հակաատրպէյճանական դիրքորոշում»էն, ակնարկելով եւրոպական կարգ մը սկզբունքները անտեսելու՝ Պաքուի կեցուածքը քննադատող բանաձեւներու որդեգրումին։
«Մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2018ին: Անկեղծօրէն ես նոյնիսկ քիչ մը զարմացայ, երբ իմացայ, որ դուք ծրագրած էք այցելել Ատրպէյճան։ Կը յիշեմ հանդիպումի մը ընթացքին մենք խօսեցանք համագործակցութեան զարգացման մասին։ Բայց, դժբախտաբար, այդ մէկը տեղի չունեցաւ։
Պատճառը ո՛չ թէ մեր, այլ Եւրոպական խորհրդարանի որոշ երեսփոխաններու դիրքորոշումն էր։ Նման կեցուածք մենք բացարձակապէս անհիմն կը նկատենք», ըսաւ Ալիեւ։
«Յատկապէս Հայրենական պատերազմէն ետք ընդունուած բանաձեւը մտահոգիչ է, որովհետեւ հոն կը խօսուէր Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին։
Այդ մէկը ճիշդ չէ։ Այդ բանաձեւը ընդունուած է ընթացիկ տարուան Մարտին, այսինքն՝ պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք», աւելցուց իր ոճիրները քարիւղով եւ կազով ծածկել փորձող ղեկավարը՝ ազդարարելով. «Գիտեմ, որ ձեր պատուիրակութեան անդամներէն շատեր թեր քուէարկած են այդ բանաձեւին, որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանը ենթակայ է հայկական քարոզչական խումբերու ազդեցութեան»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *