ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի տպագիր հրատարակութիւններու

USA Armenian Life ելեկտրոնային  հրատարակութեան

USA Armenian Life FACEBOOK էջի

www.armenianlife.com կայքէջի

Հաղորդավար, USA Armenian Life TV-ի

Յունլիսի 19-ին, Թեհրանի մէջ հանդիպելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտօղանի հետ, Իրանի Գերագոյն Առաջնորդ Այաթօլլա Ալի Խամէնէյն նախազգուշացուցած է իր երկրի հետ Հայաստանի սահմանը «շրջափակելու» փորձերէն։

Խամէնէյն կոպտօրէն ըսաւ Էրտօղանին. «Եթէ ջանքեր գործադրուին փակելու Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը, Իսլամական Հանրապետութիւնը կը հակառակի անոր, քանի որ այս սահմանը հազարաւոր տարիներ հաղորդակցութեան ճանապարհ եղած է»:

Իրանի ղեկավարի սկզբունքային դիրքորոշումը դրական մեծ անդրադարձ ունեցած է հայութեան լայն շրջանակներու մէջ։ Ամերիկահայերու, ֆրանսահայերու, այլ Սփիւռքի եւ հայրենի հայերու հետ բազմաթիւ հեռախօսային, էլեկտրոնային փոստի եւ անձնական զրոյցներու ընթացքին, շատերն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Իրանի Գերագոյն Առաջնորդ Խամէնէյին։

Թէեւ Պայտընի վարչակազմն արժանի է գնահատանքի՝ 1915-1923-ի Թուրքիոյ ձեռամբ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար, ան պէտք է քննադատուի ցեղասպան Ատրպէյճանին լրացուցիչ զէնքեր տրամադրելու համար, որոնք, ի վերջոյ, կրնան օգտագործուիլ Արցախի մէջ հայերու դէմ նոր ցեղասպանութիւն գործադրելու համար:

Հակառակ այն փաստին, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող եւ չդադարող նախայարձակումներուն, նախագահ Ճօ Պայտըն կրկին անտեսեց 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները՝ Ատրպէյճանին տրամադրուող ԱՄՆ ռազմական օգնութեան վերաբերեալ՝ ճանապարհ բանալով ԱՄՆ-ի շարունակական օգնութեան համար, բռնատիրական, նեխածՙ կոռումպացուած՚, հայատեաց եւ ցեղասպանամէտ Ալիեւի ռեժիմին: Այս երկակի մօտեցումը պէտք է արագ կասեցուի: Որպէս հարկատուներ, համաձա՞յն են արդէօք ամերիկացի մեր հայրենակիցները, որ ԱՄՆ դաշնային կառավարութիւնը գիտակցաբար կամ ակամա թոյլ տայ թրքական Ատրպէյճանին ոչնչացնել բնիկ քրիստոնեայ հայերուն, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

Նոյն կերպ, արդէօք Ռուսաստանի նախագահ Փութինը հանգիստ կը զգա՞յ Պաքուի հետ «Զէնք-նաւթի դիմաց» գործարքի իրականացման հարցին մէջ: Քրիստոնեայ ռուսները համաձա՞յն են, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կամա թէ ակամա թոյլ տայ թրքական Ատրպէյճանին ոչնչացնել բնիկ քրիստոնեայ հայերուն, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարը, որ կասեցուց պատերազմը Արցախի մէջ, «Հայաստանին կը պարտաւորեցնէ բանալ երկաթուղային եւ ճանապարհային կապեր Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ»: Ոչինչ աւելին: Ոչ մէկ հողային զիջում կամ միջանցք: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ անիրատեսօրէն կը պնդէ Ատրպէյճանին «յանձնել ցամաքային միջանցք», որ Իրանի սահմանակից միակ հայկական նահանգ՝ Սիւնիքը կը տարանջատէ Իրանէն։

Թուրքիոյ ղեկավարները եւ յատկապէս՝ Էրտօղանը թութակի նման պարբերաբար կը կրկնեն «Զանգեզուրի միջանցքի» վերաբերեալ Ալիեւի պահանջները։

Հայաստանն իրաւացիօրէն մերժած է այդ ծիծաղելի «պահանջները»՝ ըսելով, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիները եւ բեռները չեն կրնար զերծ մնալ Հայաստանի սահմանային հսկողութենէն։

Այսօրուայ արցախեան հակամարտութեան արմատը կուգայ մօտ հարիւր տարի առաջուայ պատմաշրջանէն, երբ խորհրդային բոլշեւիկեան բռնազաւթիչ ռեժիմը կամայականօրէն պոկեց հայկական երկու տարածքները՝ Արցախն ու Նախիջեւանը եւ «նուիրեց» զանոնք այն ժամանակ՝ նոր խորհրդայնացուած Ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան։ Ատիկա հիմնականին մէջ Խորհրդային Ռուսաստանի հաճոյութիւնն էր թուրք Ատրպէյճանցիներին՝ բնիկ քրիստոնեայ հայերու հաշւին:

Աշխարհի հայերը հիասթափուած են, որ «քրիստոնէական» Արեւմուտքը եւ «քրիստոնէական» Ռուսաստանը խուլ եւ կոյր կը ձեւանան ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ, մինչդեռ իսլամական Իրանը ուշագրաւ յարգանք կը ցուցաբերէ քրիստոնեայ Հայաստանի նկատմամբ: Այժմ՝ ժամանակն է վերացնել արեւմտեան/ռուսական կեղծաւորութիւնը եւ ընել ճիշտը. յարգել բնիկ հայերու իրաւունքը՝ պահելու նախնիներու պատմական Հայաստանի վերջին մնացորդը՝ միջազգայնօրէն հաստատուած Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան եւ Պաշտպանութեան վահանի տակ:

Գոյութենական պայքար մղող հայ ժողովուրդը ենթարկուած է 1915-1923-ի՝ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան, ինչպէսեւ՝ Արցախի մէջ 2020 թուականի աշնան՝ «Երկրորդ եւ Վերջին» Ցեղասպանական Արշաւներուն: Եկած է ժամանակը, որ հայերը յիշեն, որ «օտարէն՝ ոչ մէկ օգուտ» եւ որ անոնք պէտք է ապաւինեն իրենց վրայ այնպէս, ինչպէս կատարեցին Զօրավար Նժդեհն ու անոր մարտունակ զինւորները, որոնք յաջողութեամբ պաշտպանեցին Սիւնիք/Զանգեզուրը 1920թ. Դեկտեմբերէն՝ 1921թ. Յուլիսի ժամանակահատուածի մէջ՝ արեւմուտքէն ներխուժած 150.000 քեմալական թուրքական բանակի եւ Պաքուէն եկող 120.000 խորհրդային կարմիր բանակի դէմ: 1921 թուականի Յուլիսին, Խորհրդային Կրեմլը վերջնականապէս տեղի տուաւ եւ ենթարկուեցաւ Զօրավար Նժդեհի պահանջներուն՝ Սիւնիք/Զանգեզուրը պահելով նոր՝ բռնի խորհրդայնացուած Հայաստանի կազմին մէջ։ Նախիջեւանն ու Արցախը նոյնքան բախտաւոր չեղան:

Ահա աշխարհի հայերու հիմնական փաստարկը՝ յօգուտ Արցախի եւ Նախիջեւանի հայկական կարգավիճակի. 1918-1920 թուականներու անկախ Հայաստանի Առաջին Դէմոկրատական Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանաչցուած էր Ազգերու Լիկայի կողմէ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որ կը ներառէր Նախիջեւանն ու Արցախը։ Սակայն ապօրինի բռնազաւթուած են խորհրդային կարգերու կողմէ։ Հետեւաբար, Քեմալական Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ ցանկացած «համաձայնութիւն՝» Հայկական Առաջին Հանրապետութեան հողերը բռնի անջատելու եւ զանոնք Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ «նուիրելու» վերաբերեալ, պէտք է անվաւեր ճանչցուի, եւ այդ տարածքները պէտք է վերադարձուին իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի, Հայաստանի Սիւնիք/Զանգեզուրովայսպէս կոչուած «Ատրպէյճանական միջանցքին», ապա փաստացիօրէ՝ այդ հարցի մէջ, Թեհրանը կանգնած է Երեւանի կողքին՝ բազմիցս յայտնելով իր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան` Հայաստանով անցնող տարանցիկ ճանապարհներու նկատմամբ: Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Բարձրագոյն Խորհրդի Քարտուղար Ալի Շամխանին Յունլիսի 7-ին Հայաստանի մայրաքաղաք կատարած այցի ժամանակ վերահաստատած է այս դիրքորոշումը։

Անցեալ Հոկտեմբերին, իրանցի ազդեցիկ հոգեւորական մը Ալիեւին մեղադրեց «Իրանի մուտքը Հայաստան՝ կտրելու» փորձին մէջ։

Թեհրանի մէջ գտնուելով, Էրտօղան առանձին բանակցութիւններ վարած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Փութինի հետ։ Վերջինս բանակցութիւններու բացման խօսքին մէջ նշեց «արցախեան խնդրի կարգաւորումը»։

Ռուսաստանը, 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ եւ ատորմէ յետոյ, Սիւնիքի մէջ զինւորներ եւ սահմանապահներ ուղարկած է՝ օգնելու հայ զինւորականներուն պաշտպանելու համար մարզը ատրպէյճանական հնարաւոր յարձակումներէն։

Անցեալ ամիս այցելելով Երեւան՝ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարար Սերգեյ Լավրովը պնդած է, որ Հայաստանը վերահսկելու է նախատեսուող ճանապարհն ու երկաթուղին, որ Նախիջեւանը կը միացնէ Ատրպէյճանի մնացած տարածքներուն։ Լավրովն ըսած է, որ հայկական կողմը միայն կը պարզեցնէ սահմանի հատման ընթացակարգերը։

2020 թուականի աշնան, Ատրպէյճան-Թուրքիա- Իսլամական պետութեան ահաբեկիչները անիրաւացի ահաբեկչական նախայարձակումներ իրականացուցած են Արցախի Հանրապետութեան հայերուն դէմ։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա շահարկեցին 2020 թուականի Covid-19 համաճարակը եւ ԱՄՆ-ի գերզբաղուածութիւնը Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններով՝ իրականացնելու հայերու Երկրորդ եւ Վերջնական Ցեղասպանութիւնը։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ Թուրքիան օգտագործեց Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը որպէս ծածկոյթ՝ իրականացնելու Առաջին Ցեղասպանութիւնը (1915-1923) եւ Զանգուածային Հայրենազրկումը:

Ազգայնական ուժերը թէ՛ հայկական սփիւռքի, թէ՛ զոյգ հայկական հանրապետութիւններու մէջ, պէտք է իրենց մկանները լարեն՝ Հայաստանի ներկայ եւ գալիք կառավարութիւններուն ուժ տալու համար՝ չտրուելու Անգարայէն եւ Պաքուէն եկող անիրատեսական համաթուրանական պահանջներուն եւ քմահաճոյքին:

«Ցեղասպան Երկւորեակներ». Էրտօղանը եւ Ալիեւը չարաչար կը սխալին, որ 2020 թուականի աշնանային հակահայկական ահաբեկչական լայնածաւալ յարձակումներուն/«ագրեսիայի» հետեւանքով Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ-ի կողմէ, կրնան իրենց կամքը պարտադրել Հայաստան-Արցախի վրայ: Համաթուրանական ծաւալապաշտներ՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պէտք է ստանան զգուշացում՝ որ Հայ ԱզգըՀայրենիքի եւ Սփիւռքի հայերն ունին ծնեալ իրաւունքը ամեն կերպ հզօրացնելու Հայաստանի եւ Արցախի Ինքնիշխանութիւնը, Անկախութիւնը Եւ Պաշտպանութիւնը:

Անոնց պէտք է նաեւ յիշեցնել տալ, որ Հայաստանն ու Արցախը իրենց ճակատագրին լքուած չեն եւ չեն ալ լքուելու։ Այլ ընդհակառակը ՝ այժմ, առաւել քան երբեւէ, Հայ Ազգը վճռական է իրականացնելու իր Ինքնորոշման Ազգային Իրաւունքը իր պապենական հայրենիքին վերջին մնացորդաց՝ հայկական պետականութենէն ներս: Եւ ատիկա ոչ մէկ տեսակի բանակցութիւններու ենթակայ չէ։

Մինչ Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը կը մրցակցին Ուկրաինայի մէջ ազդեցութեան համար, անոնք կրնար համագործակցել Հարաւային Կովկասի մէջ։ Եթէ Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսաստանը կրնան տարանջատել իրենց յարաբերութիւններն ու հակամարտութիւնները այլ վայրերու մէջ, որպէսզի համագործակցին Միջազգային Տիեզերակայանի մէջ, ապա անոնք, անկասկած, կրնան համագործակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ միջազգային օրէնքն ու կարգը ստեղծելու եւ պահպանելու համար:

Միջազգային հանրութեան կազմակերպութիւնները եւ անդամներ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ), Եւրամիութիւնը (ԵՄ), ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խոշոր տէրութիւններ, ինչպիսիք են ԱՄՆ-ը, Ֆրանսան, Ռուսաստանը, Չինաստանը, Ճափոնիան, Հնդկաստանը եւ Իրանը, ունին հաւատարմագրային պարտականութիւն՝ պարտադրելու Միջազգային Օրէնքի Եւ Կարգի գերակայութիւնը եւ
ա) Աջակցելով Հայաստանին՝ պահպանելու եւ ուժեղացնելու սեփական ինքնիշխանութիւնը իրեն պատկանող բոլոր տարածքներու նկատմամբ, ներառեալ հարաւային Սիւնիք/Զանգեզուրը,
բ) Աջակցելով Արցախի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչցուելու որպէս ինքնիշխան եւ անկախ պետութիւն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *