Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու վեցերորդ օրը մրցումները դադար առին, եւ օրը յատկացուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ այցելութեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, երեքշաբթի, 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մարզախաղերուն մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդ հասնելովՀՄԸՄ-ի մարզիկները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ կեդրոնական յուշակոթող եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին շուրջ: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան զետեղեց յիշատակի ծաղ-կեպսակ մը: Յուշակոթողին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, որ «այսօր Ապրիլ 24 չէ, այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի աւանդական օրը չէ, բայց արդեօք 24 Ապրի՞լ պէտք է ըլլայ, որպէսզի յարգանքի մեր տուրքը տանք մեր նահատակներուն, որոնք հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան անքակտելի մէկ մասնիկը կը կազմեն»: Շարունակելով Թալին Օրտողլեան հաստատեց, որ Ծիծեռնակաբերդը ազ-գային պահանջատիրութեան խորհրդանիշն է: Ծիծեռնակաբերդը մնայուն հանգրուանն ու կայանն է իւրաքանչիւր հայուՀայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս սփիւռքի տարբեր ափերու: Ծիծեռնակաբերդը այն փարոսն է, որ տուն կը հրաւիրէ բոլորսո՛ւր ալ գտնուինք, ու կարելի չէ երեւակայել, որ Հայաստան այցելող ոեւէ հայ կրնայ չայցելել Ծիծեռնակաբերդ յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք սուրբերու շարքին անցան: Թալին Օրտողլեան նաեւ նկատել տուաւ. «Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համար յաւելեալ նշանակութիւն ալ ունի այս վայրընկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի ստեղծման միտքը յղացող ու անոր ծնունդը կերտող Շաւարշ Քրիսեան դարձաւ Ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն: Ու զարմանալի չէ անշուշտ, որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ՀամաՀՄԸՄ-ական ամէն ծրագիրի մնայուն մէկ բաժինն է Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը»: Ապա, Օրտողլեան յիշեցուց, որ ՀամաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն ջահը բոցավառեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողէն, հետեւաբար, ան շեշտեց. «Այդ ջահը սակայն միայն խաղերը սկսելու ազդանշան չէ, անիկա իր մէջ կը պարփակէ ամբողջ ժողովուրդի մը պահանջատիրութեան բոցը, որ սերունդէսերունդ կը փոխանցուի: Հոգի, մարմին ու միտք կոփող ու հայ առաքինի մարդ կերտող ՀՄԸՄ-ը իր կամաւոր ամբողջ բանակը ի սպաս կը դնէ Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին: ՀՄԸՄ-ական մարզիկն ու սկաուտը իրենց խոստումով ու երդումով եւ իրենց ջամբուած դաս- տիարակութեամբ կը միտին դառնալ այն պահանջատէր հայը, որ չի մոռնար իր դատը եւ ամէն ինչ ի գործ կը դնէ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման: ՀՄԸՄ-ական մարզիկը չորս տարին անգամ մը Հայաստան գալով եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով կը վերանորոգէ ազգին ծառայելու ու անոր դատը հետապնդելու իր նուի-րական ուխտը: Այսօր դարձեալ այդ ուխտը վերանորոգելու պահն է այս անմար ու յաւերժական կրակին դիմաց: 11-րդ մարզախաղերու ջահը վառեցաւ այս վայրէն ու պիտի շարունակէ վառիլ ու բոցավառիլ չորս տարին անգամ մը, ու այնքան ատեն որ այդ ջահը կը շարունակէ իր անխափան երթը փոխանցուելով սերունդէ-սերունդպահանջատիրութեան երթն ալ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ հասնինք հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման»: Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ ներկաները երգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը: Ապա, խումբ առ խումբ անոնք այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան: Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու յաջորդ կանգառը Սարդարապատն էր: Սակայն, նախքան Սարդարապատ մեկնումը, անոնք կէսօրին այցելեցին «Մեկերեան» աւանդական գորգի թանգարան-գործարան, ապա ճաշեցին թանգարանին յատուկ ճաշարանին մէջ: Սարդարապատի Մէջ Յետմիջօրէին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատ եւ այս անգամ ծանօթացան 1918-ի պատմական սխրանքը անմահացուցած յուշարձանհամալիրին իր նշանաւոր պատով, զանգակատունով եւ հոյակերտ արծիւներով: Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, ուր մօտէն ծանօթացան հայոց հին եւ մօտիկ անցեալի պատմութեան ցուցանմուշներուն:
Թանգարանին պատասխանատուները աշխարհի 20 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն լայն բացատրութիւններ տուին Սարդարապատի հերոսամարտի պայմաններուն, հերոսներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան մասին:
Աւարտին, մարզիկ-մարզիկուհիները Սարդարապատին հրաժեշտ տուին յիշատակի նկարով մը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *