Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Քննարկման առարկայ դարձած են, մասնաւորաբար, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման, շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, գերիներու վերադարձին, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի պարզաբանման վերաբերող հարցեր:
Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը յայտնած է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող աջակցելու նշեալ բոլոր հարցերու լուծումներուն:
Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրուածութիւնը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի հանրութիւնը կ՛աջակցի այդ ուղեգիծին:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւն-ներուն մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները: Արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի վարչապետի եւ Թուրքիոյ նախագահի 11 յուլիսին ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը արտայայտած աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններուն առիթով եւ համաձայնած շարունակել երկխօսութիւնը:
Պլինքըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ լաւ քննարկում ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ«շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատմական կարելիութեան մասին»: Ան ողջունած է Երեւանի «դրական քայլերը» Անգարայի եւ Պաքուի ընդառաջ: Ըստ անոր, շրջանային երկիրներուն միջեւ քննարկումները առանցքային են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար: Պլինքըն նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու մասին զրուցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ կոչ կ՛ուղղէ
զարգացնելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ հետագայ յառաջընթացը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի հաղորդագրութեան համաձայն, Պլինքըն Փաշինեանի հետ քննարկած է «շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատմական կարելիութիւնը» եւ առաջարկած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը շրջանային փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման առումով:
Պլինքըն խրախուսած է կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ ողջունած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:
Ըստ ամերիկեան կողմի հաղորդագրութեան, Պլինքըն նաեւ վերահաստատած է աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթացող քննարկումներուն եւ ընդգծած, որ 1994-էն ի վեր ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ«Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են մասնակից դառնալու թէ՛ երկկողմանի կերպով, թէ՛ ալ համախոհ գործընկերներու հետ
օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին գտնելու երկարատեւ համապարփակ խաղաղութիւն»:
«Պլինքըն նաեւ ողջունած է Փաշինեանը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ դրական տեղաշարժի եւ ձեռք բերուած որոշակի համաձայնութիւններու վերաբերեալ», նշուած է Փրայսի հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահին հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի հաղորդագրութեան մէջ բացի վերոնշեալէն ըսուած է, որ Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է ազատ արձակելու «բոլոր մնացեալ հայ ձերբակալուածները»:
Դիւանագիտական աղբիւրներ ազըրպէյճանական «Հաքքին» կայքին յայտնած են, թէ Ալիեւի եւ Պլինքընի զրոյցի ընթացքին Մինսքի խմբակի մասին որեւէ յիշատակում չէ կատարուած, ինչի վերաբերեալ այդ աղբիւրները անկեղծ տարակուսանք յայտնած են այդպիսի «ակնյայտ ապատեղեկատուութեան» փաստի առնչութեամբ` զայն «ծայրայեղ
անտեղի եւ նոյնիսկ անպատասխանատու» կոչելով:
«Անատակ եւ ճիշդ չէ քննարկել մոռցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի վերա-կենդանացման գաղափարը», կը գրէ «Հաքքին»:
