Թրքական Էրզրում քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Համեստ Աֆրիկեան 42 քկ դասակարգին մէջ փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Սամա Մուսթաֆայեւայի դէմ:
Հայրենի մարզիկը, երկու անգամ նաք աութի ենթարկելով իր մրցակիցը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն 15 տղաք եւ 5 աղջիկներ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *