Աշխարհի վրայ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններով: Ակնյայտ է, որ առանց մարտի դաշտի մէջ ուժեղ ըլլալու, դժուար է բանակցային սեղանի վրայ ձեռքբերումներ ունենալ: Թրքական «Փոսթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` աւելցնելով, թէ միջազգային ընտանիքը էական քայլ չէ կատարած Հայաստանի շուրջ 30 տարի տեւած «բռնագրաւումի» քաղաքականութեան դէմ:
Էրտողանի համաձայն, 44-օրեայ պատերազմին մէջ Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք «բռնագրաւումը» աւարտած է:
«Մենք քրտնաջան կ՛աշխատինք, որպէսզի պատմական կարելիութիւնը չկորսնցնենք: Մենք զգալի յառաջընթաց արձանագրած ենք Կովկասի մէջ «կայուն խաղաղութեան» ուղղութեամբ: Մենք շատ կառուցողական զրոյց ունեցած ենք Փաշինեանի հետ: Ես կը հաւատամ, որ մեր շրջանը կարճ ժամանակի մէջ պիտի կայունանայ, եթէ Հայաստանը արձագանգէ կոչերուն», ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Էրտողանի հետ: Անոնք ընդգծած էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, շնորհաւորած էին զիրար Ատհայի եւ Վար-դավառի տօներուն առիթով:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ դեսպաններու 13-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նոյն խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց հանդիպումները:
«Մենք ատիկա առանձին չենք ներկայացներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող հոլովոյթներէն եւ շրջանին մէջ կարգաւորման ու համագործակցութեան ջանքերէն, ինչ որ մեր հիմնական նպատակն է: Շրջանին մէջ վերջին օրերուն նկատուած լարուածութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն փխրուն է գործող զինադադարի դրութիւնը: Այս ընթացքին պիտի ամրապնդուի Ազրպէյճանի հետ մեր համերաշխութիւնը», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ան յայտարարած է. «Թուրքիան եղած է եւ կը մնայ ճիշդի կողմը, հանդէս կու գայ արդարութեան օգտին: Այդպէս էր Ղարաբաղի հարցին մէջ: Մենք տասնամեակներ շարունակ կը յայտարարէինք ազրպէյճանական հողերու բռնագրաւման անթոյլատրելիութեան մասին»:
Անոր համաձայն, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Անգարան կը շարունակէ ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու, համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ:
«Մենք դարձեալ կը զգուշացնենք Հայաստանը հետագայ սադրանքներու անթոյլատրելիութեան մասին», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Մեր երկիրը ոչ մէկ երկրի թշնամի է. բոլոր անոնք, որոնք հակառակը կը պնդեն, կողմնակալ են», շեշտած է Չաւուշօղլու:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *