Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրենտա Լորընս խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին երկայնքով Արցախի դէմ զինուորական ճնշումի կիրարկումը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումովքոնկրեսականը այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Ես արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յորդորեմ կիրարկելու դիւանագիտական որեւէ գործիք կանխարգիլելու համար նման յարձակումը», նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ 3 օգոստոսի ժամը 9:00-էն սկսեալ ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները կոպտօրէն խախտելով զինադադարը, թիրախաւորած էին Արցախի պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկուն մշտական տեղակայման վայրը` բացի տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէն կիրարկելով նաեւ ականանետեր, նռնականետեր եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, այդ պատճառով ալ երկու հայ զինուորներ նահատակուած են եւ 19 ուրիշներ տարբեր աստիճանի վիրաւորումներ ստացած:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *