Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան, բաւական պայքարելէ եւ զտումի երեք մրցումներու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, յաջողեցաւ ապահովել Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան«ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի իր տոմսը: Ան զտումի մրցումներուն յաղթեց պրազիլցի Լաուրա Փիկոսիին, լեհ Մայա Խվալինսքային եւ ճափոնցի Մոյուքա Ուճիմային: 19 տարեկան Աւանեսեան, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 138-րդ դիրքը, Ա. հանգրուանի մրցումներուն վաղը երեքշաբթի, 30 օգոստոսին պիտի մրցի սերպ Ալեքսանտրա Քրունիչի դէմ, որ դասուած է 97-րդ:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ը տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 11 սեպտեմբեր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *