ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԶՐՈՅՑԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑԸ ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՑԱԴՈՒԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԲԺ. ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՓԻԼՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Posted on September. 1. 2022

Բժիշկ Վաղարշակ Փիլոսեան հացադուլ յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի կողմէ իրականացուող հակահայկական էթնիկ զտումների ոճիրին:

Երեքշաբթի՝ Օգոստոսի 23-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, բժիշկ Փիլոսեանը հացադուլ սկսաւ՝ ի նշան բողոքի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող հակահայ էթնիկ զտումներու դէմ։ Հացադուլը շարունակուեցաւ մինչեւ Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10։

Այս ցայտուն բողոքի արարքը նպատակ ունէր բարձրացնելու ամերիկաբնակ հայրենակիցներու իրազեկութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հայերու ծանր վիճակի մասին եւ հաւաքելու ամերիկահայ ակտիւիստներուն եւ խրախուսելու որ Կիրակի օրը Սեպտեմբերի 18-ին, Լոս Անճելոսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմաց կայանալիք բողոքի ցոյցին առաւելագոյն հնարաւոր մասնակցութիւն ցուցաբերեն:

Ստորեւ՝ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի զրոյցը բժ. Փիլոսեանի եւ կազմակերպիչ՝ PAN-ARMENIAN EMERGENCY NATIONAL COMMITTEEՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԱՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷԻ անդամներ՝ Ոսկան Մխիթարեանի եւ Դոկտոր Սարգիս Մեսրոպեանի հետ: ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի կողմէ զրոյցը վարեց Աբօ Չափարեան:

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ. Բժ. Փիլոսեան, կրնա՞ք մեր հայրենակիցներուն ներկայացնել, թէ ինչու այսօր այս հացադուլը։

ԲԺԻՇԿ ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՓԻԼՈՍԵԱՆ. Կեանքի նպատակը ուշադրութիւն կոնտրոլ անելու մէջ է։  Կը կարողանա՞ս արդեօք ուշադրութիւնդ այնտեղ դնել, որտեղ հարցը լուծուելու է։ Ազգը մեծ դժուարութիւնների մէջ է, շրջափակուած է, տարբեր ձեւի պարտադրանքների մէջ է ընկած եւ վայրենի ցեղերի մէջտեղում է։

Ամեն հայ իր շնորհքը պիտի բացի։ Եթէ այսօր սոված մնալու օր է, հացադուլ յայտարարելու օր է, եթէ Վուտրօ Ուիլսոնի վճռից խօսելու օր է, եթէ ԼենինԱթաթուրք պայմանագրի խայտառակութիւնը բացայայտելու օր է, 907 Բանաձեւի ընդունման եւ նրա չկատարելու մասին է՝ մենք հայերս յստակ գործ ունենք անելու։ Ուղղակի սա մի ձեւ է ուշադրութիւն հրաւիրել աշխարհի հզօր երկրի, ԱՄՆի այն ճշմարտութեան վրայ որ մենք ասում ենք ՙՀայկական հարց՚ ՙՀայկական ցաւՙ, հայկական չլուծուող եւ երկար չլուծուող հարցեր Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի կողմից Ամերիկայի որոշումները արհամարհելու փաստի ընկալումը։

Առ այժմ մենք այսպէս ենք մօտեցել։ Ինչու՞ է Հայաստանը խօսում Ռուսաստանի ղեկավարութեան հետ, եթէ Լենին-Աթաթուրք պայմանագրի անիրաւական սխալ յայտարարագրելու մասին չի խօսում։

Ինչու՞ է Ամերիկան հանդուրժում, որ 907րդ բանաձեւը որ Հայաստանը պէտք է շրջափակեն, պարզւում է, որ իրենք պարտադրում են, որ միջանցք տանք իրենց։ Ամերիկան չի յարգում այդ որոշումը։

Յարգելի ժողովուրդ, այս երկիրը տուել է խօսքի ազատութիւն։ Ինպէս կարող ես՝ Ամերիկայէն խնդրես, պարտադրես, աղաչես, համոզես։ Իրաւունքդ պաշտպանես, որ Ամերիկա, յարգի՛ր որոշումներդ։ Այս երկիրը ունի այդ կարողութիւնը գազանին սանձելու։

Առ այժմ գազանը սանձուած չի։ Սա մի ձեւ է Ամերիկայի ուշադրութիւնը գրաւելու։ Շնորհակալութիւն՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԱՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷԻՆ, որ կազմակերպեց այս հացադուլը։

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ.  Իսկապէս որ շատ բարձր գնահատելի են այդ բոլոր ընկերընկերուհիները, որոնք PAN-ARMENIAN EMERGENCY NATIONAL COMMITTEE, այսինքն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԱՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷԻ աշխատանքներու մասնակցեցան։ Այստեղ պէտք է աւելցնենք, սիրելի հայրենակիցներ, որ ժամը հնչած է: Կոչ կ՛ուղղեմ, սրտագին կոչ կ՛ուղղեմ, որ միանաք Բժ. Վաղարշակ Փիլոսեանին եւ իր նմաններուն, որոնք իրենց գիտակցական ամբողջ ուժով, ամբողջ հոգիով, կոչ կ՛ուղղեն իրենց հայրենակիցներուն, ազգակիցներուն, աշխարհով մէկ, եւ յատկապէս սփիւռքի տառածքին, որ մեր ժողովուրդը մահաքունի մէջ չմտնէ, comatose վիճակ չունենայ հանկարծ: Որովհետեւ եթէ հազարամեակներու ճանապարհորդութիւն իրականացուցաց մեր ժողովուրդը, հայ ազգը, եթէ հանկարծ մահաքունի մէջ մտնէ, մենք ամեն ինչ տանուլ կուտանք։

Մեր դարաւոր թշնամիները շատ լաւ կը գիտակցին, որ այն պահին որ հայը զարթօնք կ՛ապրի, վայ եկեր է թշնամիներուն։ Այնպէս որ, սիրելիներ, իրար հետ ձեռք-ձեռքի պէտք է տանք եւ համախմբուինք։

Որովհետեւ այս ընթացքով ներկայ Հայաստանի վիճակը, որ տագնապալի վիճակի մէջ է, եւ չենք կրնար վստահիլ ոչ գողապետականներուն, ոչ ալ սոռոսականներուն. այլ միայն՝ ազգայնականներուն։ Հետեւաբար բոլորին կոչ կ՛ուղղենք, որ բոլոր ազգայանականները համախմբուին։

Ձեռք ձեռքի տանք եւ միասնական« ԵՍը մէկ կողմ դնենք, որպէսզի մենք վերականգնենք մեր ազգի դարաւոր երազանգը՝ ունենալու տնտեսապէս բարգաւաճ, քաղաքականապէս առողջ եւ նաեւ սոցիալապէս արդար եւ ամենակարեւորը՝ ռազմականապէս հզօր Հայաստան։ Մենք արժանի ենք, սիրելիներ: Պահը եկած է որ ազգովին, հաւաքաբար հաւատանք, որ ասիկա մեր ծնեալ իրաւունքն է: Ոչ մէկը չի կրնար այդ իրաւունքը մեզմէ խլել։

Այնպէս որ սիրելիներ, մէկս միւսին ոյժ տանք, ձեռք ձեռքի տանք որպէս սրտակից հայրենակիցներ։ Որովհետեւ այսօրուայ օրով Հայաստանը, որ առանձին մնացած է, իր ամենաուժեղ զինակիցը Սփիւռքն է։ Այո, 10 միլիոն հաշուող Սփիւռքը: Եթէ Սփիւռքը շարժուի վայ եկեր է մեր դարաւոր թշնամիներուն։

ԲԺԻՇԿ ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՓԻԼՈՍԵԱՆ. Մի մեռնի քանի ապրում ես։ Անելիքներ կան, որ դրսից չեն երեւում, պարզապէս պիտի ուշադրութիւն վրայ դնես։ Այսօր մեր նպատակն է աշխարհի ամենահզօր երկրին, որտեղ մենք ապրում ենք, ԱՄՆի ուշադրութիւնը բերել հայկական հարցի վրայ։ Վուտրօ Ուիլսոն, ԼենինԱթաթուրք Պայմանագիրը, 907 Բանաձեւը։  Միաժամանակ պահանջենք Հայաստանի կառավարութիւնից մի քիչ աւելի բարձր մակարդակի գործելաոճ։

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ. Դուք ալ միաց՛էք այս պայքարին, եւ միահամուր աշխարհին աղաղակենք թէ՝ Հայ ազգը նպատակ չունի անհետանալու այս աշխարհի երեսէն։  Պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ այն պահը, որ այլեւս թշնամին իմանայ, որ հայ ազգը հզօրացած է եւ հզօր ազգի հետ է, որ պիտի նստի բանակցութեան սեղան։ Որեւէ մէկը չի նստիր բանակցութեան սեղան եթէ պառակտուած ենք, եթէ ներքին ճակատի վրայ մեր դաւաճանները կը վխտան:

Այնպէս որ, ներքին դաւաճանները եւ արտաքին դաւադիրները թող իմանան որ իրենց ժամանակը հասած է իր աւարտին։ Հայ ազգը ձեռնածալ չպիտի նստի։ Այնպէս որ, սիրելիներ, եկէք միաց՛էք, խորհրդակցաբար միասին մշակենք փայլուն ապագայ։

ԲԺԻՇԿ ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՓԻԼՈՍԵԱՆ. Միաժամանակ ուշադիր եղէք թերթերին, հեռուստատեսութիւններին մասնակցելու նախագծուած, ծրագրուած միջոցառումներին։ Եւս մէկ անգամ՝ Սեպտեմբերի 18 համագաղութային հանրահաւաքին Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմաց։ Ցոյց  տուր, որ դու կաս, մի մեռնի քանի ապրում ես։ Ազգը կարիքդ ունի։ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութիւնը հայ զինւորի եւ սփիւրքի ձեռքումն է:

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ. Ուրեմն, սիրելիներ, պիտի շարունակենք պայքարը նախ եւ առաջ մենք մեզի պիտի փաստենք, որ մենք անհետանալու ոչ մէկ նպատակ ունինք։ Հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք։ Ուրեմն սիրելիներ, այս է, ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ: Մենք հիմա՝ ազգովին, իսկական Լաոն պիտի արթնացնենք ոչ թէ այդ սուտ Լաոները, այլ իսկական Լաոները։

Լաո արթնացիր ԱՅՈ։ Ամբողջ ազգը, բոլոր ազգասէր մարդիկն են իսկական Լաոները որ առանց կուսակցականութեան, առանց հատուածականութեան կը գործեն։ Իսկական Լաոն համազգային Լաոն է, որ պէտք է արթննայ։

Լաւ եղէք, ուժեղ մնաց՛էք, երբէք, երբէք մի թողէք որ մեր ներքին դաւաճանները, արտաքին թշնամիները ապատեղեկատուութեան ճանապարհով ձեզի բարոյազրկեն։ Մի թողէք: Որովհետեւ այս պատերազմը կը շարունակուի։ Ան որ կը կարծէ, որ 44-օրեայ պատերազմը դադրած է չարաչար կը սխալի։

44-օրեայ պատերազմը տակաւին կը շարունակուի նաեւ information war, այսինքն՝ տեղեկատուական պատերազմով որպէսզի մեր ժողովրդին բարոյազրկեն, demoralise անեն: Եթէ մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիները յաջողին մեր բարոյականութիւնը քար ու քանդ ընել, հոգեպէս քանդեն, այն ժամանակ է որ մենք կը պարտուինք։ Բարեբախտաբար, տես՛էք, Բժ. Փիլոսեանի նման եւ բազմաթիւ ընկերընկերուհիներ, որոնք հեռաձայներով, թեքստով նաեւ անձամբ օրուայ ժամանակ եկան մասնակցեցան եւ հիմա ալ արդեն մեր հետ կան:

Մեր ընկերներէն մէկը այստեղ է, մեր հետ՝ Պարոն Ոսկան Մխիթարեանը, պիտի խնդրեմ, որ, ձեր խօսքը ըսէք Պարոն Մխիթարեան։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Ազգ իմ սիրելի ժողովուրդ Հայոց, պահը եկած է խօսքէն գործի անցնելու։ Բոլորս կը կանգնինք այն կացութեան առջեւ, որ լրջօրէն պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ քայլը, որպէսզի մեր թշնամին, մեր հավերժական թշմանին մեզի հետ յարգանքով նստի եւ խօսի։ Ձեռք երկարեց՛էք այս շարժման եւ մասնակցեցէք Սեպտեմբերի 18-ի բողոքի ցոյցին։ Անգամ մը եւս ցոյց  տանք համայն աշխարհին, որ հայ ժողովուրդը միասնական է եւ իր արդար պահանջն ունի եւ պիտի ունենայ մինչեւ արդար հատուցում։

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան։ Ուրեմն սիրելի հայրենակիցներ, սիրելի ազգակիցներ, պայքարի նոր փուլն է, որ պիտի սկսի։ Քանի որ այսպէս պատմական առիթ չէ ներկայացած: Հիմա ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը, մեր ազգակիցները այս պատմական առիթի արժէքը իմանան։

Երբեք պէտք չէ յուսահատիլ։ Մենք պէտք է միշտ յիշենք, որ մեր ժողովուրդը շատ աւելի ծանր օրեր տեսած է։ Յիշենք 1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ մեր ժողովուրդը 1,5 միլոնէ աւելի զոհեր տուաւ եւ մասսայական հայրենազրկման ենթարկուեցաւ։ Սակայն բարեբախտաբար 44-օրեային այս շէնքի մէջը իրենց հիւպատոսութիւնը բանեցնող ադրբեջանցիները եւ իրենց զինակից թուրքերը մտադրած էին ընդամէնը 3 օրէն Արցախը հայաթափել եւ 4 օր ետքը՝ ամբողջ Հայաստանը հայաթափել եւ գործադրել Երկրորդ Վերջնական Ցեղասպանութիւնը։  Ձախողեցան շնորհիւ մեր զինւորներուն։ Ապրին մեր զինւորները, ապրի Հայոց Բանակը։ Հայոց բանակը պիտի վերականգնի ամէն գնով։  Հիմա վերականգման ընթացքի մէջ է։ Մեր ժողովուրդը պէտք է ինքզինք ռազմականացնէ ամբողջ աշխարհով մէկ։

Մեր գործակից ընկերներէն՝ Դոկտոր Սարգիս Մեսրոպեանին կ՛առաջարկենք որ իր խօսքը ըսէ։

ԴՈԿՏՈՐ ՍԱՐԳԻՍ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ. Աիրելի հայրենակիցներ, համայն հայութեան համար ճակատագրական պահեր կ՛ապրինք։ Յատկապէս մեր հայրենիքի մէջ, Արցախի մէջ եւ համայն Սփիւռքի մէջ։ Այսօր՝ մեր շատ սիրելի Դոկտոր Վաղարշակ Փիլոսեանը հացադուլի միջոցով կ՛արտայայտէ համայն հայութեան ընդվզումը, մեր սրտի իսկական ցաւը եւ ճիչը։

Մենք հոս եկած ենք աջակցելու, սատարելու, քաջարելելու որ աշխարհի հայութիւնը գիտնայ եւս բողոքի տարբեր միջոցներով։ Պիտի նեցուկ հանդիսանանք նման հայորդիներուն ալ որպէսզի միասին ոտքի հանենք ամբողջ հայութիւնը, Սփիւռքի մէջ, Արցախի մէջ, Հայաստանի մէջ, որովհետեւ միայն համահայկական զարթօնքի միջոցով է, որ մենք պիտի կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները:

Թող այս պահը մղիչ ուժ հանդիսանայ, ոչ միայն մեր սիրելի բժ. Փիլոսեանի վերջնական արտայայտութեան այլ յատկապէս մեր ժողովուրդի անսասանութեան, վճռականութեան եւ փառաւոր գալիք յաղթանակի համար։

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ. Շնորհակալութիւն, Դոկտոր։

Սիրելիներ, տեսէք, բժ. Փիլոսեանը կրնար շատ լաւ ալ հանգիստ իր տունը մնալ, սակայն բժ. Փիլոսեանը նախնտրեց խղճի հանգստութիւնը։ Սիրելիներ, երբ տունը couch potato կ՛ըլլաք եւ բան մը չէք ըներ՝ ձեր խիղճը ձեզի կը տանջէ։ Որպէսզի այդ տանջանքէն ձերբազատուիք՝ դուք ալ ակտիւաց՛էք։  … Տես՛էք Դոկտորին բնակավայրը այս երեկոյ։ Տես՛էք, ասիկա Դոկտորին բնակաց վայրն է այս երեկոյ։ Ան կը գերադասէ…իր տունը թողած, եկած է այստեղ, Լոս ԱՆՃԵԼՈՍի փողոցները որպէսզի ամբողջ աշխարհին պատգամէ, որպէսզի ամբողջ աշխարհին ցոյց  տայ, թէ մենք կորած չենք։ Եթէ նոյնիսկ մէկ հայ կը պայքարի, ես այդ հայ մարդուն կը զօրակցիմ ամբողջ հոգիով։

Բոլորին առաջադրանքը պէտք է ըլլայ, որ Կիրակի Սեպտեմբեր 18-ին կեսօրէ ետք ժամը 3-էն սկսեալ Wilshire Boulevard-ը պէտք է փակենք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *