«Տուպայ-Օփըն»-ի ճատրակի 22-րդ միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Արամ Յակոբեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն հաւասարութիւն արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ:
Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ, այժմ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Վլատիմիր Յակոբեան, իր կարգին այս
հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ, մինչ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 171 ճատրակ խաղացողներ:
