Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տղոց եւ աղջկանց 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի 18 տարեկանէն վար գործող ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը52-րդ շարժումին պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը
Լիա Քուրմանկալիեւան (Ղազախստան):
Ան 5-րդ հանգրուանին 64-րդ շարժումին սեւ քարերով պարտութեան մատնեց իր մոնկոլ մրցակիցըՊատ-Էրտենէ Մունկուլզուն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Մկրտչեան 6 կէտով առանձինն կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը
կէս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցինսպանացի Մարիա Էյզակերիի վրայ: Նոյն տարիքին, սակայն տղոց մրցումներուն, Մամիկոն Ղարիբեան 5 կէտով կը բաժնէ առաջին դիրքը
ղազախ Կազիբեկ Նոպերբեկի հետ:
Իսկ տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Էմին Օհանեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, իր կարգին կը բաժնէ առաջին դիրքըՖրանսան ներկայացնող Թիմոթէ Ռազաֆինտրացիմայի հետ: Այսօր
երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենան 7-րդ հանգրուանի ճակատումները:
