Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ուզպեքիստանի Սամարքանտ քաղաքին մէջ ընթացող Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:
«Կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգու-թեան հաստատումը շատ կարեւոր է Իրանի համար: Մենք մշտապէս շեշտած ենք, որ անհրաժեշտ է յարգել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային գերիշխանութիւնը եւ մերժել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Կողմերը պէտք է տարակարծութիւնները լուծեն երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ճամբովմիջազգային օրէնքին հիմամբ», ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, նշած է նախագահ Ռայիսի: Ան յայտարարած է, որ Իրան, պաշտպանելով իր ազգային շահերն ու անվտանգութիւնը, իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ օգնելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին լուծելու իրենց տարակարծութիւնները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *