Գրեց՝ Նշան Յովսէփեան
Մեծ էր ուրախութիւնս, երբ Ասպարէզի, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերի թիւին մէջ տեսայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Արամ Ա.ի ստորագրութեամբ՝ «Համահայկական Ու Համաժողովրդային Դիմադրութիւն Ատրպէյճանի Բարբարոսութիւններուն Դէմ» վերնագիրը կրող գրութիւնը: Միտքէս ըսի՝ վերջ ի վերջոյ, մեր կաթողիկոսներէն մէկը կը յիշէ մեր հայրենիքը, կը յիշէ մեր ժողովուրդը: Պիտի ուզէի նման վերնագրի մը տակ, նախ Ս. Էջմիածնէն ստորագրութիւն մը տեսնել , սակայն ի զուր:
Գրութիւնը կարդալէ ետք շփոթ մը արթնցաւ մէջս. ոճը Արամ Ա.ի ոճէն տարբեր է: Անդէմ, անդիմագիծ, անհասցէ գրութիւն մըն է, եւ այդ իսկ պատճառաւ ո՛չ կոչ է եւ ոչ ալ առաջարկ: Որո՞ւն ուղղուած են «Անհրաժեշտ է»ով սկսող «բարեկամ եւ ո՛չ բարեկամ երկիրներուն դուռը թակելու » եւ «հայոց բանակի կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութեան զանգը հնչեցնել»ու խօսքերը: Ո՞վ պիտի ըլլայ, սիրելի Վեհափառ, այս մտածումներուն անյապաղ կեանք տուողը: Պարզ մարդը, պարզ քաղաքացին լսող չ›ըլլար: Բարձր դիրքի վրայ գտնուողն է, որ պիտի ճամբայ բանայ պարզ քաղաքացիին առջեւ, առաջնորդ է զայն դէպի տուուեալ նպատակը:
Այս պարագային, երբ Հայրենիքը վտանգի տակ է, երբ Պետութեան գոյութիւնը վտանգուած է, երբ հայրենաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները թշնամիին ամէնօրեայ սպառնալիքներուն ենթակայ են եւ արդէն անմեղներու արիւնը սկսած է հոսիլ , երբ մեր քաղաքական ղեկավարները փոխանակ երկրի ապահովութեամբ զբաղելու , զիրար քարկոծելով , իրարու միս ուտելով, երկիրը կողոպտելով ու իրենց սեփական գրպանները յղփացնելով զբաղած են, կը մնայ Հայց. Եկեղեցւոյ յարգուած ու տակաւին իր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող Քա-հանայապետը, Իր հայրապետական ԱՍԱ-ն ձեռք առնէ եւ ուղղութիւն տայ իր հօտին, ինչպէս օրինակ՝ կոչ, համա՛յն հայութեան, բոլո՛ր հայ գաղութներուն, մոռնալ տեղական բոլոր տարանջատումները, անհամաձայնութիւնները, անհատական աղտոտ հաշիւները, քիչ մըն ալ իրենց գրպաններու հաշւոյն Հայրենիքը մեր դարաւոր թշնամիներէն փրկելու համար գումարտակներ կազմելու, զինելու, տուեալ երկրին բանակին մէջ մարզուած հրամանատարիմը հսկողութեամբ Հայրենիք ուղարկելու:
Չմոռնանք այդ կոչը ուղղուած պիտի ըլլայ նաեւ մեր եկեղեցականներուն, որոնց մէջ քիչ չեն անոնք, բարձրագոյն աստիճանի հասած կամ պարզ քահանաներ, որոնք եկեղեցական եղած են իրենց գրպաններուն համար միայն, մոռնալով Ս. Խորանին առջեւ իրենց տուած աղքատութեան խոստումը:
Իսկ ով որ կ›ըսէ, թէ թուրքին հետ կարելի է բարեկամանալ եւ խաղաղութեամբ
ապրիլ, կը կարծեմ ուրիշ հաշիւներ կը հետապնդէ, որովհետեւ իր պատմութեան ծանօթ հայը չի՛ կրնար մտածել իսկ այդ մասին: Նոյնն է ռուսին պարագան: Ո՛չ երէկ եւ ո՛չ այսօր ռուսը հայուն չէ օգնած, այլ միայն իր շահին համար շահագործած է զայն:
Թուրքին նպատակը հայաջնջումն է, ռուսինը՝ հայը շահագործելն է, իր քաղաքական նպատակներուն համար: Հայաստանի իշխանութիւնը թողլա›ւ սերտէ Հայոց Պատմութիւնը, լուծուած հռչակէ աննպատակ բոլո›ր կուսակցութիւնները եւ ներսի, Արցախի ու Սփիւռքի ոյժերով զօրացած, մեր հողերէն, Արցախի գրաւուած շրջաններէն, դո›ւրս շպրտէ թուրքը, ատրպէյճանցին ու ռուսը իր զինուորական խարիսխով: ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԱՐԱԳ ՇԱՐԺԻԼ :
Յ.Գ. Յօդուածս արդէն պատրաստ էր, երբ Ասպարէզի Շաբաթ, 17 Սեպտ.ի թիւը եկաւ, ուր ծանուցագիրով մը կը խօսուի Համասփիւռքեան Կառոյցներու Ներկայացուցչական հանդիպումի մը մասին, որ տեղի ունեցած է Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 14 Սեպտեմբերի գիշերը: Խորհրդակցական նիստ մը, որուն մասնակցած են «համասփիւռքեան-համահայկական եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները»: Ոչ մէկ անուն: Ուրկէ՞, ո՞ր միութենէն եւ ո՞վ: Համասփիւռքեանը օրեր, եթէ ոչ՝
շաբաթներ կը տեւէ մասնակցողները ճշդել, հրաւիրել եւ սպասել անոնց գալուստին աշխարհի մօտիկ ու հեռաւոր ծայրերէն:
Արդիւ՞նք խորհրդակցութեան. միշտ կրկնուող խօսքեր, որ միշտ մնացեր են խօսք: Կը յուսամ այս անգամ արդիւնք տեսնել եւ յաջող արդիւնքի պարագային, պատասխանատուները փառաւորել:
Ն. Յ.