ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան է: Այսօրուայ իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս եւ հետազոտող լրագրող Պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին, Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Իսլամական Պետութեան Տէրրորիստական-ահաբեկչական կազմակերպութիւնը 44 օրեայ լայնամաշտաբ յարձակում գործեցին հայութեան դէմ ի Արցախ եւ յետոյ՝ Հայաստան: Ուրեմն 44 օրեայի երկրորդ տարելիցին առթիւ՝ Երկուշաբթի 27 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լոս Անճելոսի հայեր համախմբուեցան եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:44-ին բողոքի ցոյց իրականացուցին Լոս Անճելոսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը ու ապա ժամը 6:44-ին Մոմավառութիւն իրականացուցին: Մոմավառութեան ժամանակ Տէր Պետրոս Բաղրամեան աղօթք կատարեց բոլոր նահատակներուն՝ մեր քաջարի զինուորներուն եւ քաջարի քաղաքացիներուն համար, որոնք նահատակուեցան 44 օրեայի եւ Սեպտեմբեր 13-15, 2022ի երրօրեայի եւ 2020-2022 այլ յարձակումներու ընթացքին, եւ անշուշտ ի պատիւ մեր նահատակ եւ վիրաւորուած, մարմնական վնասուածք ստացած զինուորներուն եւ ողջ առողջ սահմանէն վերադարձած զինուորներու պատիւին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չկրցան իրենց գերագոյն նպատակին հասնիլ։ Սեպտեմբերի 27-ի 2020-ի լայնամաշտաբ յարձակումի գլխաւոր նպատակն էր, ինչպէս որ Նախագահ Էրտողանը եւ Ալիեւը իրենց պոռոտախօսութիւնը հրապարակեցին ըսելով, որ «Մենք 3 օրէն Արցախը պիտի հայաթափենք, եւս 4 օր՝ ամբողջ Հայաստանը պիտի հայաթափենք, գործադրելով երկրորդ եւ վերջնական ցեղասպանութիւն»:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Սակայն քաջարի մեր զինուորներուն ի պատիւ, այդ ծրագիրը խոշոր չափով ձախողուեցաւ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Սիրելիներ, այս ցոյցին եւ Մոմավառութեան նպատակը անկասկած խորհրդանշական է, որովհետեւ կ՛ուզենք որ մեր նոր սերունդը արթուն մնայ իր պահանջատիրութեան մէջ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Մենք ժամանակի ընթացքին պիտի երթանք այս աշխարհէն, բայց այդ ջահը անպայման պէտք է յանձնենք երիտասարդութեան։ Հետեւաբար՝ մեր այս ցոյցերը, Մոմավառութիւնները արթնութեան կոչեր են եւ ուրախ ենք, որ երիտասարդութիւնը պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ ամեն անգամ երբ ցոյց կամ Մոմավառութիւն կը կազմակերպենք:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ-Արթնութեան կոչը պէտք է սփռուի ամէուրեք։ Համավարակ հիւանդութեան նման պէտք է մուտք գործէ ամէն հայու տունէն ներս, որովհետեւ եթէ մենք չըլլանք պահանջատէր, Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ-Հետեւաբար մենք՝ աւագ սերունդս, մեր բաժինը պիտի ընենք եւ առնուազն պիտի ապահովենք Հայոց պահանջատիրութեանը նոր ջահակիրներ։ Ի վերջոյ մեր դատը չէ վերջացած, ինչպէս Պարոն Չափարեանը ըսաւ, «Թշնամին իր նպատակին չհասաւ»:
Հետեւաբար արթնութեան կոչը պիտի աւելիով կրկնապատկենք եւ ցոյց տանք գործնականապէս մեր սէրը հայրենիքի նկատմամբ եւ նոյն ատեն՝ մեր բողոքի ձայնը հասցնենք բոլոր այն գերպետութիւններուն, որոնք մինչեւ այսօր շրթունքի ծառայութիւն տուած են մեզի։
Ժամանակը հասած է, որ պահանջենք եւ անցնինք գործնականին։ Մենք հոգնած ենք Ուիլսընեան օրերէն մինչեւ այսօր լսել խոստումներ գերպետութիւններու կողմէն։ Բայց մենք այլեւս հոգնած ենք, կ՛ուզենք գործնականը իրականացնել այսուհետեւ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մինակ մէկ բան, սիրելի հայրենակիցներ, տեսէք ինչ պատահեցաւ, մի քիչ ետքը այդ նիւթի մասին ալ պիտի խօսինք։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բռնազաւթած Գարեգին բ-ըըըը չկաթողիկոսը 3 դաւաճան նահագահներու հետ դռնփակ ժողով իրականազուց։ Այդ մասին պիտի վերադառնանք։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ Սակայն տեսէք կապը ինչպէս կը հասնի մինչեւ Լոս Անճելոս։ Երբ որ Pan-Armenian National Emergency Committee-ն, Համահայկական Արտակարգ Իրավիճակներու ԿՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆիտէն, որ ոչ-կուսակցական է այլ՝ համահայկական է բառին իսկական եւ ամբողջական իմաստով, արդեն բազմաթիւ օրեր առաջ, աւելի քան 10 օրեր առաջ, յայտարարելու եւ տարածելու սկսած էր այն թռուցիկը, որով կը նշուէր Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք բողոքի ցոյցը ժամը 3:44 եւ Մոմավառութիւնը՝ 6:44-ին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հիմա տեսէք Գարեգին բըըը-ի եւ երեք վարկազրկուած նահագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան որոնք իբրեւ թէ Հայաստանը փրկելու ելած են, բայց իրենք հեռու են բարոյական իրաւունքէն՝ Հայաստանի փրկութեան մասին խօսելու: Բայց այդ մասին՝ յետոյ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Գանք, հասնինք մինչեւ Լոս Անճելոս։ Իրենց կցորդը՝ Լոս Անճելոսի Արեւմտեան Թեմի չառաջնորդ, չարքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան։ Չարքեպիսկոպոս կը նշանակէ չարիք եւ արքեպիսկոպոս՝ չարիքի ղեկավար։ Մի տասներորդ ժամին, հապճեպ իր դրածոններու միջոցով սկսաւ վերջին 48 ժամ հազիւ մնացած էր, սկսաւ սոցցանցերու վրայ տարածել որ նոյն օրը, նոյն ժամին, իսկական ճակատէն՝ Լոս Անճելոսի Ատրպէյճանի հիւպատոսութենէն հեռու՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս պիտի իրականացնեն Մոմավառութիւն եւ իր կատարածոները սկսան հոս-հոն հեռաձայնել մարդկանց շփոթութեան մատնելու համար որ « Մոմավառութիւնը թեմական առաջնորդարանէն ներս է եւ ոչ թէ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը»: Ամօթ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ասիկա առաջին անգամ չէ, որ Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը այդպիսի քայլի կը դիմէ։ Եթէ ուշադիր Լոս Անճելոսի մեր հայրենակիցները հետադարձ ակնարկ մը նետեն անցնող մի քանի տարիներու իր գործունեութեան վրայ, պիտի տեսնեն որ Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը նոյն ձեւի գործունէութիւն առաջ կը տանի։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Երբ որ քոյր եկեղեցի մը, օրինակի համար, ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ, յաջորդ օրը ինքն ալ թռուցիկ մը կը հրատարակէ քոյր եկեղեցիին ձեռնարկի նոյն օրը, նոյն ժամը նախաձեռնութիւն կը կազմակերպէ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ուրեմն ինքը խաչաձեւելու վարպետորդի է, բայց միեւնոյն ժամանակ քիչ մը ճիշտ է որ մէկ կողմէն քմծիծաղ կը յառաջացնէ այս իր տմարդի կեցուածքը, որ ոչ հայավայել եւ ոչ ալ մարդավայել կեցուածք է, բայց իրականութեան մէջը ինքը ձեռնարկներ խաչաձեւելու թագաւոր է, եւ այդպէս՝ իրականութեան մէջ, իր սեփական ժողովուրդին խաչը կը հանէ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Շատերը որ ի պատիւ իրենց չլսելով իր Յովնան Տէրտէրեանի դրածոներուն յորդորներուն, որ չերթան Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը, թէ իբրեւ թէ՝ «Ինչ կայ այնտեղ ընելու, եկէք Արեւմտեան Թեմ»։
Ատրպէյճանի Հիւպատոսութեան դիմացը բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն բազմաթիւ հայրենակիցներ, ի պատիւ իրենց, չլսեցին Յովնան Տէրտէրեանի եւ բոլորին հասարակաց յայտարարը այն էր, որ «Մենք Ինչու՞ պիտի երթանք Արեւմտեան Թեմի կամ Արեւելեան Թեմի կամ որեւէ հայկական եկեղեցւոյ սրահը, երբ որ մենք պարտաւոր ենք մեր պատգամը հասցնելու միջազգային հանրութեանը»։

Ինչու՞ պէտք չէ երթանք Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը եւ այնտեղ՝ ցոյց եւ Մոմավառութիւն չիրականացնենք։ Պէ՛տք է այնտեղ ընենք, որովհետեւ մենք պէտք է մեր պատգամը հասցնենք միջազգային հանրութեան։ Իրոք ի պատիւ Լոս Անճելոսի հայերուն, որոնք անտեսեցին Յովնան Տէրտէրեանին հրաւէրը եւ ժամանեցին ու մասնակցեցան Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը ե՛ւ բողոքի ցոյցին ե՛ւ Մոմավառութեան։ Ի պատիւ Լոս Անճելոսի հայերու ակտիւիզմին 3 ամերիկեան հզօր լրատուամիջոցներ եւ 3 հայկական լրատուամիջոցներ արձագանքեցին՝ եկան եւ տփռեցին պատգամը թէ ինչու հայերը Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը հաւաքուած են։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Եւ իրենց պատգամը, որ «Դէմ են թրքական միջանցքին Հայաստանի միջով», «Դէմ են Ատրպէյճանի ագրեսսիային Հայաստանի հանդէպ», «Կը պահանջեն հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը առանց նախապայմանի», նոյնպէս եւ «Կը պահանջեն, որ Ատրպէյճանը պատժուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ, ռազմական օգնութիւնը կասեցնելով Section 907 ենթաբաժին 907 յօդուածի հիման վրայ»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ատոր փոխարէնը Հայաստանը որ կարիք ունի զարգացնելու իր միջազգային զինակցութիւնները եւ չսահմանապակուելու միայն մէկ պետութեամբ, ընդհակառակը պէտք է Հայաստանին զօրակցին եւ Հայաստանի բանակին օժանդակեն զայն օժտելով ամենաարդիական զէնքերով։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պէտք է այստեղ յուշել, որ մեր կատարած միասնական փորձը, յաջողութեան հասաւ, որովհետեւ, ինչպէս Պարոն Չափարեանը ըսաւ, օտարներ եկան CBS, ABC եկան նկարահանեցին։ Մեր նպատակը այդ է սիրելիներ։ Կայ՞ անձ մը որ չի գիտեր, թէ մենք հոն ինչու՞ կեցեր ենք: Մենք կ՛ուզենք, որ Ամերիկեան ժողովուրդը իմանայ որ մեր բողոքը որու դէմ է եւ իրենք, ինչպէս պէտք է մասնակցին հայութեան օգնելու համար։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Միասին դիտենք այդ տեսանիւթը, որ Ամերիկայի Ձայնի Voice of America, H1-ը եւ US Armenia-ի կողմէ՝ Արմինէ Ամիրեանն ու Լիլիտ Սեդրակեանը եկան եւ իրականացուցին։
Ամերիկայի Ձայնի Voice of America, H1-ը եւ US Armenia-ի հաղորդումին մէջ, Աբօ Չափարեան կ՛ընդգծէ ցուցարարներուն պահանջքը. «՛՛Անմիջական կասեցում Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նախայարձակ ըլլալուն/ագրեսսիային՛՛ եւ նաեւ միւս պահանջը այն է, որ ՛՛մենք կտրականապէս հակառակ ենք թրքական միջանցքին Հայաստանի միջով՛՛։ ՛՛Ճանապարհները որ կ՛ուզեն օգտագործել, թող օգտագործեն Հայկական ինքնիշխանութեան եւ Հայկական վերահսկողութեան ներքոյ եւ ոչ թէ միջանցքի չակերտեալ նուիրատուութիւն ակնկալեն հայութենէն՛՛։ Ընդհակառակը, աշխարհի հայութիւնը իր ծնեալ իրաւունքն ունի պաշտպանելու հայկական զոյգ հանրապետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը»։
Հայ ցուցարարներէն՝ Անի Չօլաքեան պնդեց. «Մենք ուզում ենք խաղաղութիւն, որ մեր սահմանները պաշտպանուած լինեն ու մեր ժողովուրդը Հայաստանի հանգիստ ապրեն։
Pan-Armenian National Emergency Committee-ն/ Համահայկական Արտակարգ Իրավիճակներու Կոմիտէի անդամներէն՝ Տօքթ. Սարգիս Մեսրոպեան հաստատեց. «Ժամանակն է որ համայն աշխարհին ուշադրութեան հրաւիրենք, այն բարբարոսութիւնը, որ ամերիկահայութիւնը ոչ միայն չպիտի հանդուրժէ, այլ նաեւ պիտի պահանջէ, որ դուրս գան մեր հայրենիքէն եւ մենք միասնութիւն պէտք է քաջալերենք ազգովին՝ Սփիւռքի մէջ, Արցախի մէջ եւ մեր Հայրենիքի մէջ»։
Հայ ցուցարարներէն՝ Արաքս Յակոբեան պնդեց. «Իմ պահանջն է Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն՝ վերադարձնել մեր զինւորներին ողջ եւ առողջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր զինուոր կարող է տասնապատկել իմ հայ ազգը։ ԿԱՆՔ, ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ, ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ»։
Աղօթք եւ Մոմավառութիւն.
Մոմավառութեան ժամանակ Տէր Պետրոս Բաղրամեան աղօթք կատարեց բոլոր նահատակներուն՝ մեր քաջարի զինւորներուն եւ քաջարի քաղաքացիներուն որոնք նահատակուեցան 44 օրեայի եւ Սեպտեմբեր 13-15, 2022ի երրօրեայի եւ 2020-2022 այլ յարձակումներու
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մի քանի օր առաջ տխրահրչակ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը վարկազրկուած Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, վարկազրկուած Երկրորդ Նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ նոյնպէս վարկազրկուած Երրորդ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ու Արցախի նախկին նահագաներու հետ դռնփակ նիստ գումարեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վեհարանէն ներս։
Դիտենք յաջորդ տեսանիւթյը։
(ՏԵՍԱՆԻՒԹ, 1in.am)
1in.AM TV «Առաջին լրատուական»-ի հետ հեռուստային զրոյցի ընթացքին, Քրիստոնեայ-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան փոխնախագահ Հայկ Սուքիասեան ըսաւ. «Մեր խնդիրը նայէք ոնց է, էս մահուան երթը պէտք է կանգնեցուի: Մեր գլխաւոր խնդիրը ներքին է եւ էս 5երորդ շարասիւնն է։ Եւ էս իշխանութիւնը էստեղ պիտի զգոյշ լինի եւ ես պահանջում եմ իշխանութենէն աջալուրջ լինի սրանց նկատմամբ։ Վեհարանում պարզւում է Էջմիածնի ախոդկան էր էլի, 3 նախագահներ հաւաքվել են եւ պարզւում է ինչքան սրանք հաւաքւում են, ասուլիս են տալիս, Հայաստանում սպանդ է լինում:»
Ան շարունակեց. «Դրանից յետոյ Ատրպէյճանը յարձակւում է, դրանից յետոյ պրոբլեմ է։ Օրինակ էս կաթողիկոսը, տեսէք, մեր եկեղեցին օրէնքով քաղաքականութեամբ զբաղւելու իրաւունք չունի։ Ինչու՞ էս անընդհատ այդ վեղարը հագած մտնում քաղաքականութեան մէջ։ Ես կ՛ուզէի մի բան յիշեցնել մեր կաթողիկոսին, մեր եկեղեցու խնդիրը, մշակութային կեանքն է, մեր ժողովրդի բարոյական կեանքը, հոգեւոր կեանքը քննելն է»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Լսեսինք մեր աշխատակցի ակնարկը, թէ ամեն անգամ, որ այս հին ռեժիմի գողապետները՝ Գարեգին Բըըըն, Ռոբերտ Քոչարյանը, Լեւոն Տէր Պետրոսյանը, Սերժ Սարգսյան կը համախմբուին եւ հասարակաց յայտարարի կուգան, Ատրպէյճանը յարձակում կը գործէ։ Ինչ հետաքրքրական է…։ Շատերը սկսան հարցնել, արդէօ՞ք այս Մոմավառութիւնը խաչաձեւող Յովնան Տէրտէրեանը նոյնպէս Պաքուէ՞ն հեռախօսաձայն ստացած է Գարեգին Բըըը-ի միջոցով, որպէսզի խաչաձեւէ Ատրպէյճանի դէմ Մոմավառութեան այդ արշաւը։ Հարցում. Ինչու՞: Այս հարցումը արդար է:
Միասին դիտենք Գարեգին Բըըը-ի թրքական տերրորիստական կազմակերպութիւն Գորշ Գայլերու ղեկավարին հետ լուսանկարը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Տեսէք այս լուսանկարին մէջ Գարեգին Բ-ն Հասան Օքթայի հետ, որ թրքական արիւնարբու Գորշ Գայլերու տերրորիստական ղեկավարին հետ նկարուած է։
Յաջորդ լուսանկարի մէջը կը տեսնենք նոյն այդ Թրքական Գորշ Գայլերու Turkish Grey Wolves-ի Հասան Օքթայը Երեւանի հրապարակի վրայ լուսանկարուած՝ իր ընկերոջ հետ Գորշ Գայլերու ձեռքի նշաններով եւ ասիկա ոչ թէ վերջերս կատարուած է, ասիկա կատարուած է Սերժ Սարգսեանի օրով։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Յաջորդ լուսանկարի մէջ կը տեսնենք Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի լուսանկարը Թրքական Գորշ Գայլերու ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ մօտիկ կապեր զարգացուցած Կոստանդնուպոլսոյ նախկին Պատրիարքին հետ։ Տեսէք կապերը ինչպէս եւ ուրտեղներ կը հասնին: Ուրեմն ինչ լաւ է որ մենք արթուն ժողովուրդ ենք եւ եղելութիւնները իրար կողք-կողքի դնելով համայնապատկեր կը կազմենք եւ աջալուրջ կերպով կը հետեւինք մեր ներքին տզրուկներու գործընթացին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ի միջի այլոց, վերջերս իմացայ, որ Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի վիճակը այնքան վատթարացած է, որ ուղղակի Էջմիածին քաղաքէն իրեն թիկնապահներ խնդրած է, որ այստեղ ժամանեն եւ այդ թիկնապահներն ալ պաշտպան փաստաբանի դերն սկսած են խաղալ։ Այդ պաշտպան պաստաբաններն ալ սկսած են իրենց պոռոտախօսութեամբ փորձել վախեցնել հավատացեալներուն, որոնք կը խօսին ճշմարտութեան մասին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես այդ պոռոտախօսներուն պիտի ըսէի, որ հրամեցէք ամերիկեան դատարան, թող ամերիկեան դատարանը որոշէ ով ճիշտ է եւ ով սխալ է։ Փաստերը լիքն են Յովնան Տէրտէրեանի մասին, Գարեգին բըըը-ի մասին, Մոսկուայի Եզրասի մասին։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Այս հանդիպումը մեզի անհանգիտ պիտի չընէր եթէ մեր ժողովուրդը իմանար, որ այս հանդիպման նպատակը սուրբ է, արդար է, հանուն՝ հայրենիքի։ Բայց որովհետեւ Գարեգին Կաթողիկոս այն օրէն, որ այդ աթոռին բազմեցաւ երբեք կարեկցող հոգեւոր հայր մը չդարձաւ իր ժողովուրդին համար։ Ընդհակառակը՝ այս վերջին իշխանութենէն նոյնիսկ պահանջեց, որ հեռանան եւ նախկինները վերադառնան։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Հիմա ինչն էր որ հաւաքեց նախկին իշխանաւորները, նահագահնհրը եւ այս բոլորը ինչու՞ ծածուկ: Սիրելիներ՝ եթէ իրենց մօտեցումը արդար է եւ հանուն հայրենիքի՝ թող յայտարարեն, որ լուրջ ծրագիր ունին հայրենիքը փրկելու։ Այնքան ատեն որ դուք ծածուկ կը գործէք, ինչպէս որ գործեցիք անցեալին, ժողովուրդը իրաւունք ունի ձեզի ըսելու, որ դուք հայրենիքի հանդեպ դաւաճանական կեցուածք ունիք։ Շատ պարզ է։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Որեւէ նորմալ մարդ կրնար հասկնալ, որ այս երկրագունդի վրայ, Հայաստան աշխարհէն ներս, Լեւոն Տէր Պետրոսյանը, Ռոբերտ Քոչարյանը, Սերժ Սարգսյանը ամենավերջին մարդիկը պէտք է ըլլան, որոնք փոշիի չափ նոյնիսկ բարոյական իրաւունք ունենային խօսելու համար Հայաստանի փրկութեան մասին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Քմծիծաղ կը յառաջացնէ: Լեւոն Տէր Պետրոսյանի օրոք Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ արդիւնաբերութիւնը ամբողջական փլուզման ենթարկուեցաւ։ Թալանի կլանային համակարգը Լեւոն Տէր Պետրոսյանի ժամանակ սկսաւ։ Թող Պարոն Տէր Պետրոսյանը հեռանայ Հայաստանեն, թող երթայ օտարերկրեայ ակումբներուն ծոցը, որոնց օրակարգը կը փորձէ իրականացնել Հայաստանէն ներս։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Չի կրնար: Հայ ազգը զարթօնք կապրի: Կը ներէք, Պարոն Տէր Պետրոսյան, թողէք հեռացէք Հայաստանէն։ Ուրեմն պարոնայք Քոչարյան եւ Սարգսյան նաեւ ձեր իշխանութեան ժամանակ էր, որ Հայաստանը թալանի ենթարկուեցաւ։ Հայաստանի ռազմական պիւտճէն թալանուեցաւ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բացի որ դուք եւ ձեր դրածոները հարիւրաւոր միլլիոնաւոր տոլարներ կողոպտեցիք հայ ազգէն, ափիւռքէն եւ հայրենի ժողովուրդէն։ Հիմա դուք ելեր էք կը խօսիք Հայաստանի փրկութեա՞ն մասին: Ամօ՞թ չէ ձեզի: Դուք հայ ժողովուրդին ապուշի տեղ կը դնէ՞ք։ Դուք ալ յանձնեցէք ձեր թալանածը եւ հեռացէք:
Այսօրուայ Փաշինեանի կառավարութիւնը պարտաւոր է Ապօրինի Իւրացումներու մասին օրէնքը գործադրելու, այլապէս Փաշինեանի կառավարութիւնն ալ պատասխանատուութեան ծանր լուծի տակ կը դրուի Հայաստանը թալանողներուն ազատ եւ անպատիժ թողելու համար։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Իսկ եթէ յանկարծ կան այնպիսի մութ ուժեր, որոնք տարածաշրջանի գերպետութիւններ են եւ անոնք ճնշում կը բանեցնեն Փաշինեանի կառավարութեան վրայ, որ ներքին հինգերորդ շարասիւնը չպատժուի եւ այսպէս անպատիժ մնայ, ուրեմն թող Պարոն Փաշինեանը ներկայանայ սրտբացօրէն, Անկեղծօրէն՝ հայ ազգին, ամբողջ աշխարհի հայութեան, ոչ թէ միայն հայրենի հայութեան, այլ նաեւ՝ սփիւռքի հայութեան սրտբաց թող յայտնէ դժուարութիւնները, որ իր ձեռքերը-ոտքերը կապող կայ, կապողներ կան, ազատ չեն թողնում, որ հիմիկուայ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները իրականացնէ։ Հայ ժողովուրդը հայ ազգը ծնեալ իրաւունք ունի տեղեակ դառնալու։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այնպէս որ ներքին կարմիր գիծեր կան, որ չենք կրնար անցնիլ, մենք չենք կրնար թոյլատրել։ Ներքին կարմիր գիծն այն է, որ 5-երորդ շարասիւնը եւ ապօրինի իւրացում կատարողները շարունակեն անպատիժ մնալ, միւս կարմիր գիծը՝ յանկարծ չպատահի, որ տարածաշրջանի, օրինակի համար ցեղասպանական պետութիւնները, ցեղասպան երկուորեակները Ատրպէյճանն ու Թուրքիան գաղտնի ճնշում բանեցնեն եւ Պարոն Փաշինեանի կառավարութենէն կորզեն այնպիսի մահացու զիջումներ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Քանի բոլորս վճռած ենք տեղի չտալ որեւէ մէկ ճնշումի, եւս մէկ անգամ կոչ կ՛ընենք՝ միանալու։ Մեր զօրութիւնը միասնութեան մէջ պիտի ըլլայ, մեր տարակարծութիւնները մէկդի պիտի դնենք եւ միաբանուինք՝ բռունցք մը դառնալու համար։ Երբ որ միաբանուինք, մեր թշնամին, մեր բարեկամը մեզ հետ յանգանքով կը վարուի։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Այս սկզբունքէն պէտք չէ հեռանալ։ Ժամանակն է, որ միախմբուինք, միասին ըլլանք, միայն այդ ատեն կրնանք յաղթահարել մեր առջեւ դրուած բոլոր խոչնդոտները։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մի քանի օր առաջ Los Angeles Times եւ CBS News Television-ը խոշոր բացայայտում մը կատարեցին New York Life եւ AXA Insurance Ապահովագրական ընկերութիւններու հետ հայոց ցեղասպանութեան արեան գինի կեանքի ապահովագրութիւններու settlement- ի– հատուցման համար, որ միլլիոնաւոր տոլարներ իրենք տրամադրած էին, որպէսզի զոհերու ժառանգորդներուն փոխանցուին այդ գումարները:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ըստ երեւոյթին, ինչպէս որ մենք անցեալին անդրադարձած էինք, նոյնպէս եւ Los Angeles Times-ը լայնօրէն անդրադարձած էր այդ մասին։ Տասնեակ միլլիոնաւոր տոլարներ ապօրինի իւրացուեցան եւ այս գործարքի մէջը Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի մօտիկ գործակիցներ գլխաւոր դերակատարութիւն իրականացուցին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մէկը, օրինակի համար, Բարսեղ Քարթալեան է, միւսը Պերճ Պօյաճեան փաստաբանը որ իր փաստաբանական արտօնագիրը (լայսնզ)ը կորսնցուց, Բարսեղ Քարթալեանն ալ, որ իբրեւ թէ վնասուց հատուցում պահանջողներուն դիմումնագիրները պիտի արդար կերպով արժեւորէր, սակայն բանէն դուրս եկաւ, որ տասնեակ միլլիոնաւոր տոլարներ ապօրինի իւրացուեցան երրորդ դերակատարին կողմէ, որ ան ալ Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի աջ բազուկներէն է։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Աւօ Աւետիս Մարգարեանը, որ դրամատան պաշտոնեայ էր, պատկերացուցէք, որ իր պաշտօնէութեան ժամանակ այնպիսի չեքեր, կեղծ չեքեր գանձած է Պարոն Պօյաճեանի համար, Բարսեղ Քարթալեանի համար եւ այդ գումարները շոքիացած են, ապօրինի իւրացուած են։ Կերած են: Եւ այս բոլորը կատարուած է ըստ երեւոյթին՝ երեք գլխաւոր փաստաբաններու քթին տակը:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մէկը հանգուցեալ եղած է: Վարդգես Եղիայեանն է: Իսկ միւսը երկուքը Մարք Կիրակոս եւ Պրայըն Քապաթեքն են։ Ի միջի այլոց Պրայն Քապաթեքը շատ սերտ կապեր կը շարունակէ պահպանել Յովնան Չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ։ Ինպէս որ լուսանկարի մէջ կը տեսնէք Յովնան Չարքեպիսկոպոսը կարծես թէ գլխաւոր համակարգողն է այս խոշոր ապօրինի իւրացումին։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այս Նկարի մէջը կը տեսնենք իր սերտ կապերը Մարք Կիրակոսի հետը, Պրայըն Քապաթեքի հետը, Բարսեղ Քարթալեան, Պերճ Պօյաճեան եւ Աւօ Աւետիս Մարքարեանի հետ:
Յաջորդիւ լայնօրէն կ՛անդրադարնանք այս մասին։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *