Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային 44-րդ օլիմփիատին արծաթէ մետալի տիրացած Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականին 5 անդամները, գլխաւոր մարզիչն ու խումբին պատասխանատուն պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան 6 հոկտեմբերին կայացած նիստին ընթացքին հաւանութիւն տրուեցաւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը պարգեւատրելու որոշման նախագիծին:
Հետեւաբար, հաւաքականին 5 մարզիկները պիտի ստանան 5-ական միլիոն դրամ, իսկ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն ու խումբին պատասխանատուն` 3-ական միլիոն դրամ:
Նշենք, որ հաւաքականին հետ փոխախոյեան հանդիսացած էին կրանտմասթըրներ Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Հրանդ Մելքումեան:
