Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաշտեցման նպաստելու միջազգային ջանքերուն: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Վետանթ Փաթել:
«Մենք ցնցուած ենք տասնամեակներ շարունակուող այս տագնապին ըն-թացքին արձանագրուած մարդկային կորուստներէն եւ մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Այս տագնապին ընթացքին շատ ընտանիքներ վնասուած են եւ կորսնցուցած իրենց հարազատները, եւ մինչ մենք կը փորձենք մեր ներգրաւուածութեամբ դէպի այլ ապագայ շարժիլ, այդ ընտանիքները պատասխանատուութեան արժանի են: Մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին. խաղաղութեան հասնելու, վերականգնելու համար պատասխանատուութիւն պէտք է:
«Եւ մենք կը շարունակենք աջակցիլ ճշմարտութեան ու հաշտեցման նպաս-տելու միջազգային ջանքերուն եւ կը կարծենք, որ այդ հոլովոյթները կրնան ընթանալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղ հոլովոյթին զուգահեռ», ըսած է ան:
