Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան նախորդ շաբաթավերջին ապահովեց 2024-ի Փարիզի ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
Նշենք, որ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ 15-25 հոկտեմբերին կը կատարուին աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութեան մրցումները:
Զտումի այս մրցումներուն (ատրճանակ), Կարապետեան 109 մասնակցողներուն մէջ 582 կէտ ապահովելով եւ գրաւելով 7-րդ դիրքը, ապահովեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Աւարտականին ան բարելաւելով իր դիրքը 200,9 կէտով հանդիսացաւ 5-րդ եւ ապահովեց ողիմպիականի իր տոմսը:
