Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ի հարկէ, պէտք է, եւ մենք կ՛աջակցինք խաղաղ լուծման: Այս մասին 27 հոկտեմբերին «Վալտայ» ակումբի ժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրեն, թէ ո՛ր տարբերակը իրենց պէտք է, սակայն, որեւէ տարբերակ, որ պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան, ընդունելի պիտի ըլլայ Մոսկուայի համար:
«Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բան պարտադրելու, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայաստանին որեւէ բան թելադրել. եթէ հայ ժողովուրդն ու այսօրուան ղեկավարութիւնը որոշեն, որ պէտք է որոշ տարբերակ ընտրել, ինչքան գիտեմուաշինկթընեանը, որ կը նախատեսէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումը, ապա խնդրեմ», ըսած է Փութին նշելով, որ Ռուսիան պիտի զօրակցի հայ ժողովուրդի որեւէ ընտրութեան:
Փութին նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանն ու ներկայ իշխանութիւնը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը ունի իր առանձնայատկութիւնները, զորս պէտք է հաշուի առնել եւ ներառել համաձայնագիրին մէջ, ատիկա նոյնպէս կարելի է քննարկել:
«Ասիկա շատ դժուար ու ծանր հարց է, Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցն է, եւ մենք, նկատի առնելով Ազրպէյճանի շահերը, պէտք է կեդրոնանանք այն հարցերուն վրայ, որոնք Հայաստանը պիտի առաջարկէ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը երէկ ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիան անվը-տանգութեան ապահովման հարցին մէջ միշտ աջակցած է Հայաստանին:
«Ռուսիան կարելին կ՛ընէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբե-րութիւններու համապարփակ կարգաւորման համար», նշած է Փութին:
Անոր համաձայն, Մոսկուա ահռելի քանակութեամբ կապեր ունի թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ, եւ ատիկա հաշուի չառնելը անկարելի է: «Անկաս-կած մենք բոլորս բաւական բարդ կացութեան մէջ ենք», շեշտած է Ռուսիոյ նախագահը:
Ան ընդգծած է, որ ռուսական կողմը չի կրնար կողքէն հետեւիլ իր համար մօտիկ եղող երկիրներու միջեւ խնդիրներուն եւ հակասութիւններուն, ու պատրաստ է աջակցիլ անոնց խաղաղ լուծման: «Ընդհանուր առմամբ, մենք, անկասկած, հետաքըրքրուած ենք, որ Հարաւային Կովկասը ըլլայ խաղաղ եւ կայուն զարգացող շրջան:
Անկասկած դէպի խաղաղութիւն տանող միակ կարելի եւ իրատեսական ճամբան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու յայտնի միացեալ յայտարարութիւններու բոլոր կէտերուն աներկբայ իրագործումն է: Հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցերուն մէջ այդ համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման շնորհիւ կարելի է հասնիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման», եզրափակած է Ռուսիոյ նախագահ:
Քըրպի. «Կայ Միայն Մէկ Փութին, Ան Որոշած Է Առանց Որեւէ Պատճառի Ներխուժել Դրացի Պետութիւն» Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համակարգող Ճոն Քըրպի, արձագանգելով Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդական ջանքերուն, յայտարարած է. «Կայ միայն մէկ Փութին, ան որոշած է առանց որեւէ պատճառի ներխուժել դրացի պետութիւն»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Այն Փութինն է, որ անմեղ ուքրանացիներու, երեխաներու նկատմամբ վայրագութիւններ գործող, քաղաքային ենթակառոյցներ ոչնչացնող զինուո-րներու ղեկավարն է: Այն Փութինն է, որ կը ստէ իր զօրքին ու իր ժողովուրդին», աւելցուցած է Քըրպի:
Սպիտակ տան պաշտօնատարը պատասխանած է ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան լրագրողի հարցումին, թէ ո՞ր Փութինն է իրականը` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղարա՞րը, թէ՞ Ուքրանիոյ մէջ խառնակիչը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *