Գրեց՝ Աբօ Չափարեան

Մեծ ուրախութեամբ Ձեզի կը փափաքիմ հրաւիրել ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ (AANSI — The American Armenian National Security Institute) Դեկտեմբերի 1-ի ընթրիքին որ պիտի կայանայ մրցանակակիր TAGLYAN COMPLEX-ի մէջ:

Վերջերս, ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ Հիմնադիր Նախագահ, ԱՄՆ Բանակի Գերագոյն Զօրավար (հանգստեան կոչուած) Մարք ՄաքՔարլին շատ կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ երբ ան յայտնեց AANSI-ի ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ (ԲՐԻԳԱԴԱՅԻ) ՋՈԿԱՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ: Հիմնական նպատակն է, որ Ազգային արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ` 96 ժամուայ ընթացքին կրնայ զօրաշարժի ենթարկուիլ Ամերիկայի եւ Սփիւռքի տարածքին՝ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու Հայաստան-Արցախ: Զօրաշարժ՝ մարդուժի եւ մատերիալի – ի հարկէ մարդասիրական նպատակներով:

AANSI Մարդասիրական Ջոկատի Կազմաւորումը եւ գործուղումը դէպի Հայաստան եւ Արցախ յոյժ կարեւոր զարգացում մըն է եւ որ ամբողջ աշխարհին կ՛աւետէ որ Հայաստանն ու Արցախը իրենց ճակատագրին լքուած չեն եւ երբէք չեն լինելու:

AANSI – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ հիմնական առաքելութիւնը՝

1. Զարգացնել ուժեղ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական դաշինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ: Նաեւ քաջալերել որ Հայաստան բազմազան դարձնէ իր արտաքին զինակցութիւնները որպէսզի չմնայ մէկ կողմի յոյսին:

2. Սատարել Հայաստանի եւ Արցախի Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան եւ Պաշտպանութեան հզօրացման:

3. Սատարել Հայաստանի Հանրապետութեան բազմազան դարձնելու իր արտաքին զինակցութիւնները: Թող Հայաստանի քաղաքացիները ազատօրէն ընտրեն իրենց արտաքին դաշնակիցները ի շարս բազմաթիւ պետութիւններու, օրինակ՝ Ռուսասատանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Յունսատանի, Կիպրոսի, Գերմանիայի, Գանատայի, Արժանթինայի եւ այլ զինակցութեան թեկնածու պետութիւններու:

Իր տեսակին մէջ առաջին ոչ-շահոյթաբեր կազմակերպութիւնը՝ AANSI- ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ [tax-exempt organization under section 501(c) (3) of the Internal Revenue Code] կեանքի կոչուած է 2020-ի Աշնան 44-Օրեայ հակահայ ահաբեկչական յարձակումէն անմինջապէս ետք: AANS-ն զարկ կուտայ աննախընթաց համագործակցութեան եւ գործընկերութեան ամերիկահայութեան եւ ամերիկեան ռազմական եւ արտաքին քաղաքական ղեկավարութեան միջեւ: Անցնող 100 տարիներուն, այսպիսի համագործակցութիւն չէ նախաձեռնուած կամ իրականացած:

Ուստի խիստ գովելի այս կազմակերպութեան աջակցութիւն կրնաք ցուցաբերել մասնակցելով Դեկտեմբերի 1-ի ընթրիքին: Երեկոյթէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի հետեւեալ անմինջական նպատակներուն.

Ա. ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ ՝ AANSI ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

Բ. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ հետեւեալ աշխատանքներուն.

1. Ուժեղացում՝ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական դաշինքի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ:

2. Սատարում՝ Հայաստանի եւ Արցախի Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան եւ Պաշտպանութեան հզօրացման:

Դիտեցէ՛ք.

U.S. Army Maj. Gen. (Ret.) Mark MacCarley talk about AANSI Journalistic Mission to Armenia; AANSI Humanitarian Brigade to Armenia on USA Armenian Life TV with Appo Jabarian

Եթէ չէք կարող անձամբ մասնակցիլ սակայն կը փափաքիք տուրքէ զերծ նուիրատութիւն կատարել Ձեր չէքը գրեցէք հետեւեալ անունին եւ ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին.

AANSI

330 N. Brand Boulevard, Suite 1250

Glendale, California 91203

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել՝ Ալին Պողարեանին 818.241.5800

Այցելեցէք AANSI-ի կայքէջը. www.aansi.org

Կարող էք նաեւ առցանց կատարել Ձեր նուիրատւութիւնը AANSI-ի կայքէջի միջոցով՝ հետեւեալ կապով.

https://www.paypal.com/donate?token=hb7EncN2OM2fR2gTLVgwy5lEFyWw 6xp1rr-SrUU1vUA6ALrPMP23rb9GJtyIBS9D8YTku44mzSNEt_tO&locale.x=EN_ US

կամ՝ AANSI-ի կայքէջի վրայ (www.aansi.org) վերեւի աջ անկիւնը սեղմեցէք (կարմիր գոյնի) “DONATE” կոճակի վրայ;

Անդամ դարձէք ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ AANSI ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻՆ: Դիմումնագիրը տեսնել էջ անգլերէն բաժնի էջ 6: Անգլերէնով դիմումնագրի լրացման օգնութիւն կարելի է ստանալ գրելով հետեւեալ ե-նամակի/email հասցէին. info@aansi.org կամ հեռաձայնեցէ՛ք Ալին Պողարեանին 818.241.5800:

Միասին՝ ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի ուժեղ եւ համակարգուած աշխատանք՝ յօգուտ ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՊԷՍ ՀԶՕՐ, ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ԲԱՐԳԱՒԱՃ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՆԱՊԷՍ ՈՒԺԵՂ ԵՒ ՍՈՑԻԱԼԱՊԷՍ ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽԻ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *