Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Մենենտեզ շեշտեց, որ աններելի եւ բարոյապէս անընդունելի է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ազրպէյճանին:
«Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Մենենտեզ այս մասին յայտարարած է յանձնախումբին մէջ կատարուած քննարկումներուն ընթացքինելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդականին առջեւ: Ան ընդգծած է, որ շրջանը աշխարհաքաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցող հնագոյն խաչմերուկ է
իբրեւ կամուրջ Արեւմուտքի եւ Ասիոյ սրտին միջեւ: Սակայն շատ յաճախ կայսերական նկրտումներ ունեցող բռնապետները Հարաւային Կովկասի մէջ ապրողները զոհ կը դարձնենիբրեւ օրինակ նշելով Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող ազրպէյճանական յարձակումը հայերուն վրայ: Ան յիշեցուցած է, որ 2020 թուականին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը մօտ հարիւր հազար հայեր ստիպած է լքել Արցախի իրենց տուները: Ծերակուտականը նաեւ խօսած է ցեղային զտումներու սպառնալիքներու մասին: Ըստ Մենենտեզի, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական արձագանգը բաւարար չէ եղած, այդ պատճառով ալ ինք յատկապէս յառաջ կը տանի մարդասիրական օգնութեան հարցը
օգնելու տուժածներուն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ:
«Բայց անհաւատալիօրէն մենք տակաւին ապահովական աջակցութիւն կ՛ուղարկենք Ազրպէյճանին: Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՞ս կրնայ հիմնաւորել Պաքուի վարչակարգին որեւէ տեսակի աջակցութիւնապահովական կամ այլ: Ասիկա աններելի է: Անձամբ կը կարծեմ, թէ ատիկա բարոյապէս անընդունելի է», շեշտած է ան
եղածը անարգանք նկատելով Ազատութեան աջակցութեան բա-նաձեւին:
Այդ բանաձեւի 907-րդ բաժինը կոչուած է արգիլելու աջակցութիւնը Ազրպէյ-ճանի ապահովական ոլորտին, այնքան ատեն որ Պաքուն ակնյայտ քայլերու չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ամէն տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի վերացման ուղղութեամբ: Եւ, այնուամենայնիւ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին ու կրկին հրաժարած է 907-րդ բաժինի կասեցումէն: Ան տեղեկացուցած է, որ անիկա 600.000 տոլար խնդրած է 2022 ֆինանսական տարուան համարԱզրպէյճանը միջազգային ռազմական կրթութեամբ եւ ուսուցումով ապահովելու համար: «Ես կտրականապէս դէմ եմ, որ որեւէ օգնութիւն տրամադրուի այն ուժերուն, որոնք յայտնի են պատերազմական յանցագործութիւններով եւ յարձակումով
դրացի պետութեան վրայ», շեշտած է Մենենտեզ:
Ան յիշեցուցած է տակաւին ամիսներ առաջ տարածուած տեսանիւթերուն մասին, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանական ուժերը սառնասրտօրէն կը սպաննեն անզէն հայ զինուորներընաեւ յիշեցնելով ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ հայ կին զինուորի նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւնները եւ մատները, ոտքերը կտրելը: Ան դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը ազդած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ: «Ուստի կ՛ուզեմ, որ դուք մեզի փոխանցէք Քոնկրեսին պահանջած բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի մենք կարենանք գնահատել որեւէ օգնութիւն, որ Միացեալ Նահանգներ կը տրամադրեն Պաքուին: Ես դեռ յոյսեր ունիմ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գծով», յայտնեց ծերակուտականը
յոյս յայտնելով ներկաներէն լսել, թէ ի՛նչ կրնան ընել Կովկասի մէջ խաղաղութեան համար, յատկապէս Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումէն ետք:
Մենենտեզ շեշտած է, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ մարդիկ չեն
ուզեր ապրիլ բռնութեան սպառնալիքի տակ, չեն ուզեր մենատիրական կառավարում, որ իրենց կը պարտադրուի զէնքով:
«Անոնք արժանի են խաղաղ ապրելու: Անոնք արժանի են ազատութեան եւ ապահովութեան: Իսկ ատիկա կը նշանակէ երաշխաւորել, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չյանգեցնէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումներու: Ատիկա կը նշանակէ լուծել այնտեղի մարդասիրական ճգնաժամի իբրեւ արդիւնք յառաջացած կարիքները: Ատիկա կը նշանակէ պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք կը պատուիրեն եւ կ՛իրականացնեն այն բռնութիւնները, զորս մենք տեսած ենք շրջանին մէջ», դիտել տուած է Մենենտեզ:
