Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)(Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դիտարկումի գծով) չորս համազեկուցողները միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած վիճակին
արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը ազատ տեղաշարժի ընդհատման փաստին վերաբերեալ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կ՛ըսուի չորս համազեկուցողներու համատեղ ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
«Միջանցքի երկայնքին պէտք է արագ վերականգնուի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղ ղենք 9 նոյեմբեր 2022 եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ», կը նշուի Եան Լիտել-Կրէյնճըրի (Բրիտանիա), Լիզ Քրիսթոֆերսենի (Նորվեկիա), Քիմմօ Քիլեունենի (Ֆինլանտիա, SOC) եւ Պորիանա Ապերկի (Շուէտ) ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար` ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը չորեքշաբթի օր քննարկուած են ԵԽԽՎ դիտարկումի յանձնախումբին կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական աջակցութիւնը, ներառեալ շրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով», կ՛եզրակացնեն համազեկուցողները:
