Հովանաւորութեամբ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ, մասնակցութեամբ Հայ Քոյրերու Վարժարանի, International Music School-ի եւ Glendale Youth Orchestra-ի աշակերտներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեան՝ ընդգծելով, որ «Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի նշումը տարուան ընթացքին պէտք է ըլլայ մեր կեանքի այն անկիւնադարձային թուականը, որ մեզ պիտի մղէ մտածելու Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած կեանքի պարգեւին մասին: Թէ ինչպէ՞ս մեր երկրաւոր կեանքը կ›ապրինք, որքանո՞վ կը հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, որքանո՞վ կը գործադրենք մեզի տրուած պատուիրանները, որքանո՞վ կ›արժեւորենք մեր փրկութեան համար աշխարհ եկած Աստուածորդիին պատգամները»: Տիկ. Պոյաճեան յորդորեց նմանիլ մեր Փրկիչին՝ «ըլլանք խոնարհ, համեստ, ներողամիտ, ողորմած եւ սիրալիր: Այս լուսաւոր օրը, երբ փառաբանութիւններով, շարականներով ու երգերով պիտի նշենք ճշմարիտ լոյսին, բարի հովիւին, մարդասէր Աստուածորդիին սուրբ ծնունդը, մաղթելով որ Յիսուս Քրիստոսը այսօր ծնի մեր բոլորին սրտերուն մէջ եւ իր ծնունդով բերէ յոյս մեր սրտին, լոյս՝ մեր մտքին, ուրախութիւն՝ մեր սրտին եւ խաղաղութիւն՝ մեր հոգիին»:
Ան իր խօսքի աւարտին մաղթեց յատուկ աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած, որ խաղաղ երկինք եւ անվտանգ օրեր շնորհէ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին:
Գեղարուեստական յայտագրին սկիզբը Հայ Քոյրերու վարժարանի պա-րախումբը՝ ղեկավարութեամբ Տիկ. Լուիզա Խաչատրեանի, ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը, որուն յաջորդեց «Joy to the World» եւ «Gloria in Excelsis» նուագները կատարողութեամբ Սթիվըն եւ Քրիսթոֆըր Այնթապլեաններու: Խումբ մը աշակերտներ՝ Քրիսթոֆըր Միքայէլեան, Կրէկորի Ետկարեան, Միլանա Շերեան, Շանթ Քոնանեան եւ Վերոնիքա Աւոյեան կատարեցին «O Holy Night» երգը, այնուհետեւ ԱրեւՄարիա Պոյաճեան ջութակի նուագով ներկայացուց «Ave Maria»-ն, իսկ Մարք Մըխսեան դաշնամուրով՝ «Arabesque»:
Վարժարանի պարախումը ներկայացուց եւս պար մը՝ «All I want for Christmas is You»: Նուագներու շարանով հանդէս եկան Ալեքսիա Թորոսեան դաշնամուրով՝ «Gill›s Boop Sha-Bop!», Տավիտ Միքայէլեան տուտուկով՝ «Քանի վուր ջանիմ», Կիսանէ Թադեւոսեան ջութակով՝ «Folk Songs» եւ Տիգրան Յարութիւնեան դաշնամուրով՝ «Prelude No.6, in c# minor»: Սիլվի Գասպարեան ներկայացուց հայկական պար մը՝ տուտուկի նուագակցութեամբ:
Յայտագրի վերջին բաժնով Հայ Քոյրերու Վարժարանի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Տիկ. Կարինէ Տէր Գէորգեանի, ներկայացուց «Խորհուրդ մեծ», «Գիշերն իջաւ», «Պատրաստել ենք մենք Նոր տարուան հանդէս», «Կենաց երգ» եւ «Joy to the World» երգերը, աւետելով Քրիստոսի Ս. Ծնունդը:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Այսօր մենք խաղաղութեան Իշխանին տօնն է որ կը տօնենք, երբ բոլորս ալ խաղաղութեան կարիքը ունինք մեր փոքրիկ ընտանիքներուն մէջ, մեր բարեկամներուն հետ, մեր երկիրներուն մէջ, մեր հայրենիքին մէջ: Թող Աստուած երկնքէն լսէ մեր այս հրեշտակներւն ձայնը, որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ մեր բոլորին մէջ»: Ան ըսաւ, որ այսօր եկեղեցին ուրախ է, որովհետեւ մենք տակաւին կ›ապրինք մեր քրիստոնէութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ առանց խաղաղութեան արքային ինչ որ կը ծրագրենք՝ ապարդիւն է: Գերյարգելի վարդապետը շնրոհակալութիւն յայտնեց գեղե-ցիկ երեկոյին գաղափարը յղացող Օրդ. Մարօ Գայայեանին, ինչպէս նաեւ հանդիսութիւնը կազմակերպող Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանին, զանոնք պարգե-ւատրելով Աստուածամօր պատկերով յուշանուէրով:
Տօնակատարութեան աւարտին ներկաները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ գեղարուեստական յայտագրին մասնակից աշակերտներուն բաժնեց նուէրներ: Կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութեան:
