Սպանական Սիթժես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի 3 ներկայացուցիչներէն ամէնէն լաւ արդիւնքը արձանագրեց Մանուէլ Պետրոսեան, որ առաւելագոյն 10 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Պետրոսեան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեանարձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն: Նշուեցաւ, որ հայրենի կրանտմասթըրը, որ ստացաւ 700 եւրօ պարգեւավճար, մէկ կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ռուս Քիրիլ Ալեքսեյենքոյէն, որ արժանացաւ երեք հազար եւրօ պարգեւավճարի: Կարէն Գրիգորեան 326 մասնակիցներուն մէջ 6,5 կէտով գրաւեց 27-րդ դիրքը, իսկ Սուսաննա Գաբոյեան 5 կէտով 154-րդ դիրքը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *