Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին միջնորդութեամբ Արցախէն երկու հիւանդներ Յունուար 4-ին տեղափոխուած են Հայաստանի տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը:
«Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմից արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնում երկու հիւանդներ օրեր շարունակ գտնւում էին բժիշկների հսկողութեան տակ:
Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ երկու հիւանդներն այսօր տեղափոխուել են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
