Հայաստանի ներկայացուցիչ 22 տարեկան Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Ալմա Աթայի մէջ (Ղազախստան) աւարտած աշխարհի ճատրակի կայծակնային ախոյեանութեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր. ան առաւելագոյն 21 կէտէն ապահովեց 15 կէտ:
Անոր նման նոյնքան կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա:
6-րդ անգամ ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (16 կէտ):
Նշենք, որ ան տիրացած էր նաեւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին` չորրորդ անգամ ըլլալով:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներուն մէջ կայծակնային ախոյեանութեան ամէնէն բարձր արդիւնքը արձանագրեցին Զաւէն Անդրէասեան (32-րդ), Տիգրան Լ. Պետրոսեան (33-րդ) եւ Շանթ Սարգսեան (38-րդ), որոնք ապահովեցին 12,5-ական կէտ:
Աղջկանց ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը գրաւեց Էլինա Դանիէլեան, որ առաւելագոյն 17 կէտէն ապահովեց 10,5 կէտ:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ախոյեան հանդիսացաւ 18 տարեկան ղազախ Պիպիսարան Ասաուպայեւա (13 կէտ):