Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոն Կելեկըր «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ իր երկիրը չէ արգելափակած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի` մամլոյ համար յայտարարութիւնը, զոր պէտք է ընդունուէր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելու վերաբերեալ քննարկումէն ետք:
Ան դիտել տուաւ, որ իրենք բարեխղճօրէն աշխատած են բանակցութիւններու քանի մը փուլերուն՝ համաձայնեցուած բովանդակութիւն մշակելու նպատակով, սակայն, դժբախտաբար, կարելի չէ եղած մշակել այնպիսի յայտարարութիւն մը, որ ընդունելի պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն համար:
«Արմէնփրէս»ի նշեալ զրոյցին առանցքը եղան վերջերս շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Բրիտանիա, այլ երկիրներու կողքին, խոչընդոտեց յայտարարութեան ընդունումը, իսկ Ատրպէյճան շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Ալպանիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն՝ յայտարարութեան որդեգրման ձախողութեան համար։
Կելեկըր հաստատեց, որ իր երկիրը չէ արգելափակած Լաչինի միջանցքի վերաբացման ի նպաստ որեւէ յայտարարութեան որդեգրումը՝ շեշտելով, որ ինք մասնակցած է քննարկումներուն, որոնց նպատակն էր նման յայտարարութիւն որդեգրել, սակայն ինք իր քայլերը չի համակարգեր վերոյիշեալ երկիրներուն հետ։ «Մենք չափազանց անհանգստացած ենք ճամբուն փակման մարդասիրական հետեւանքներէն եւ բազմաթիւ անգամներ կոչ ուղղած ենք վերաբացման», ըսաւ Կելեկըր՝ աւելցնելով, որ իրենք աշխատանք տարած են, սակայն չեն յաջողած մշակել այնպիսի յայտարարութիւն մը, որ ընդունելի ըլլայ բոլորին կողմէ։
