ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դատապարտող բանաձեւ մը ներկայացուց նահանգային խորհրդարանին, նոյն ատեն կոչ ընելով նախագահ Ճօ Պայտընին, որ շօշափելի պատժական քայլերու դիմէ Պաքուի դէմ։
AJR 1 բանաձեւը կը շեշտէ Բերձորի միջանցքին վերաբացումը ապահովելու կարեւորութիւնը, որպէսզի վերջ դրուի ձմեռնային ցուրտ պայմաններուն մէջ Արցախի 120,000 բնակիչներուն դիմագրաւած ճգնաժամին։
Հոլտըն շեշտեց, թէ իբրեւ մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ կը ցաւի հետեւելով Արցախի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հոլտընի այս նախաձեռնութեան համար, յոյժ կարեւոր նկատելով Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու եւ ճգնաժամ դիմագրաւող Արցախի ժողովուրդին աջակցութիւն ապահովելու բոլոր ջանքերը։ Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ բանաձեւը արագօրէն կը վաւերացուի եւ դրուատեց նահանգապետին, փոխնահանգապետին եւ Լոս Անճելըս գաւառի պաշտօնատարներուն զօրակցական կոչերը։
Յիշեցնենք, թէ անցեալ ամիս Հոլտըն եւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդրական հայկական համախմբումի միւս անդամները նամակով մը դիմած էին նախագահ Պայտընին՝ պահանջելով անկէ, որ Բերձորի միջանցքին վերաբացումը ապա-հովելու քայլերու դիմէ։
